«Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»Ի Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԱԾ ԳՈՒՄԱՐԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻ 91.562 ՏՈԼԱՐԻ
(Մինչեւ 28 Փետրուար 2024)
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովին (Ծաղկաձոր, 2-7 Հոկտ. 2023) որոշումով ստեղծուեցաւ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախ հիմնադրամ»ը, նպատակ ունենալով նիւթապէս օժանդակել Արցախէն Հայաստան բռնագաղթած արցախցի ընտանիքներու ընկերային կարիքներուն եւ արցախցի պատանիներու դաստիարակչական ծրագիրներուն։
Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին տրուած որոշումը տեղւոյն վրայ ունեցաւ իր գործնական արտայայտութիւնը Շար...