ԼԵՒՈՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
![ԼԵՒՈՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԼԵՒՈՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ](https://www.Homenetmen.org/upload/faces/levon-hagopian.jpg)
ԼԵՒՈՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Եղբայրը Գրիգոր Յակոբեանի։ Անդամ «Տորք»ի։ Աշխատած է եղբօրը հետ ու ջերմօրէն փարած է հայ մարմնակրթական շարժումին։ Ինք եւս ո՛չ ժամանակ, ո՛չ եռանդ եւ ոչ ալ նիւթական խնայած է։ Անդամ էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի աթլեթիզմի կեդրոնական յանձնախումբին։ Լաւ լողորդ էր։ Եղած է ազգային վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչ։