ՍԿԱՈՒՏ. ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

 

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանի հինգ մասնաճիւղերու (Դամասկոս, Լաթաքիա, Գամիշլի, Քեսապ եւ Հալէպ) Սկաուտ. Խորհուրդներու ատենապետներուն եւ խմբապետներուն, 8 Յունուար 2021-ի երեկոյեան ժամը 7-ին տեղի ունեցաւ միջ-մասնաճիւղային խորհրդակցական առցանց առաջին հանդիպումը՝ հետեւեալ օրակարգով.-
- Բացում
- Մասնաճիւղերու ամփոփ տեղեկագիրներու ներկայացում
- Մասնաճիւղերու ընդհանուր իրավիճակի ներկայացում
- Մասնաճիւղերու մտահոգութիւններ եւ դժուարութիւններ
- Առաջարկներ
- Վկայեալ կարգ
- Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի թելադրանքներ
- Փակում


Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետ եղբ. Ծերուն Գահուէճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, մասնակիցներէն խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել յիշատակը Արցախի եւ հալէպահայ նահատակներուն ընդհանրապէս եւ վաստակաշատ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի մասնաւորապէս։ Ապա, ան խօսեցաւ Արցախի պատերազմին եւ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին մասին, մաղթելով բարենպաստ լուծում։


Յաջորդ օրակարգով եղբ. Գահուէճեան առիթ տուաւ մասնաճիւղերուն՝ ներկայացնելու իրենց տեղեկագիրները։


Մասնաճիւղերու Սկաուտ. Խորհուրդներու ատենապետերն ու խմբապետները յաջորդաբար հակիրճ զեկոյցներ ներկայացուցին կատարուած եւ ապագային նախատեսուած ծրագիրները։ Ապա, եղբայրը անդրադարձաւ ատենագրութիւն գրելու ճիշտ ձեւի մասին, որմէ ետք մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները խօսեցան իրենց ունեցած մտահոգութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։ Մտահոգութիւնները գրեթէ նոյնանման էին՝ նիւթականի անբաւարարութիւն, գործունէութեան մնայուն վայրի դժուարութիւն եւ մասնաճիւղերու օժանդակութեան անհրաժեշտութիւն։


Առաջարկներու պարագային, Քեսապի մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետը առաջարկեց կատարել աստիճանաւորական որակաւորման սեմինարներ։ Վկայեալ կարգի առնչութեամբ, Հալէպի մասնաճիւղին խմբապետը առաջարկեց քննութեան ժամկէտը երկարաձգել: Խօսուեցաւ նաեւ գործնական բաժինի իրագործման զանազան տարբերակներուն մասին։


Եղբ. Գահուէճեան գնահատեց Հալէպի մասնաճիւղին կատարած աշխատանքը՝ «Մոկլի» վոհմակի գործունէութեան վայրի՝ «Մոկլիի աշխարհ»ի ստեղծման գծով եւ թելադրեց, որ մնացեալ մասնաճիւղերն ալ որդեգրեն նոյն ձեւը: Աւելցնելով, ան ըսաւ, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմը գայլիկութիւնն է, ուր կը կերտուի ապագայ սկաուտին նկարագիրը։ Ան նաեւ թելադրեց դրական մօտեցում ցուցաբերել մեծ կարգի սկաուտներուն եւ արենոյշներուն նկատմամբ, փորձելով սիրաշահիլ զանոնք, եւ ամէնէն կարեւորը յարգանք սորվեցնել եւ յարգանք սերմանել գայլիկական շարքերուն մէջ, այնպէս մը որ կրտսեր գայլիկը յարգէ իրմէ մեծ սկաուտը եւ սկաուտը՝ իր պատասխանատուն, հասնելով ամէնէն բարձր պաշտօն ունեցող խմբապետին։ Ան հաստատեց, որ յարգանքը յարաբերութիւններու հիմն է։ Ան թելադրեց զարկ տալ սկաուտական գիտելիքներու ամրապնդման։


Ապա, եղբ. Գահուէճեան խօսք տուաւ Շրջանային խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամբալեանին եւ Շրջանային խմբապետուհի քոյր Թամար Աւետեան-Գատէհճեանին, որոնք իրենց կարգին գնահատեցին մասնակիցները եւ խօսեցան կանոնագրային կարգմը հարցերու մասին։


Աւարտին, եղբ. Գահուէճեան գնահատեց բոլոր մասնաճիւղերու ատենապետներն ու խմբապետները, խոստանալով առցանց նման ժողովներ կատարել հերթական դրութեամբ։
Բոլոր մասնակիցները գոհունակութեամբ ընդունեցին գաղափարը եւ եղբայրական բարեւներով հրաժեշտ տուին իրարու։


Հանդիպումը փակուեցաւ ժամը 9-ին։

 Թղթակից
ՀԱԼԷՊ

Տարածենք