ՄԻՋ-ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎ՝ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 27 Փետրուար 2021-ի յետմիջօրէի ժամը 2-5.30 տեղի ունեցաւ միջ-վարչական առցանց ժողով։

Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 35 քոյրեր եւ եղբայրներ։ Ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մոսիկ Թոփուզեան, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Շրջանային մարզական յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, մասնաճիւղերու վարչական անդամներ՝ Լաւալ, Մոնթրէալ, Թորոնթօ, Գէմպրիճ, Սէնթ Գաթարինզ, Վանգուվըր եւ Շրջանային Վարչութեան անդամներ։

Ժողովը բացուեցաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ՝ յարգելու համար յիշատակը Արցախեան մերօրեայ պատերազմի բոլոր նահատակներու եւ ի մասնաւորի Հ.Մ.Ը.Մ.ական նահատակ եղբայրներու, ինչպէս նաեւ վերջերս մեզմէ յաւէտ բաժնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական վաստակաշատ բոլոր եղբայրներու։ Ապա, խօսք առաւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայր Մոսիկ Թոփուզեան։

Մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները ներկայացուցին մասնաճիւղերու գործունէութեան հակիրճ զեկոյց։ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդն ու մարզական յանձնախումբը ներկայացուցին իրենց կատարած աշխատանքներն ու ապագայ ծրագիրները։

Ժողովին վերջին օրակարգն էր դասախօսութիւն, նիւթ ունենալով՝ «Պատերազմին եւ համաճարակին ազդեցութիւնը մեր հոգեվիճակին վրայ. խորհուրդներ երիտասարդներուն»։ Դասախօսն էր տոքթ. Կարին Փափազեան-Զոհրապեան։

 

… ՆԱԵՒ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երեքշաբթի, 16 Փետրուար 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային մարզական յանձնախումբին հրաւէրով տեղի ունեցաւ մարզական առցանց հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները։

Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան շրջանին դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները եւ անոնց բարւոք լուծման հնարաւորութիւնները։ Քննարկուեցան նաեւ մարզական բնականոն կեանքի վերադարձի զանազան գաղափարներ։

 

Տարածենք