ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ Թ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, 28 Օգոստոսէն 1 Սեպտեմբեր 2024, Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ» ակումբին մէջ տեղի կ’ունենայ միութեան խմբապետական Թ. համագումարը՝ մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի 24 շրջաններէ 40 բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիներու, Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական կորիզի պատասխանատուներու եւ հիւր դասախօսներու։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական համագումարները ընթացք առած են 1982-ին։ Վերջին համագումարը տեղի ունեցած է 2016-ին, Երեւան։ 2020-ին, քորոնայի համաճարակին պատճառով, Թ. համագումարը փոխարինուեցաւ առցանց համագումարով մը, որ տեղի ունեցաւ 25 Յուլիս եւ 1 Օգոստոս 2020-ին։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական համագումարները.-
- Ամփոփ տեղեկագիրներ կը լսեն իւրաքանչիւր շրջանի սկաուտական գործունէութեան մասին։
- Տեղեկագիրներու լոյսին տակ կ’ուսումնասիրեն Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու սկաուտական մասնագիտական հարցեր եւ կը թելադրեն գործունէութեան ուղեգիծ։
- Կը զբաղին սկաուտական մասնագիտական հարցերով, ազգային-դաստիարակչական գիտելիքներով, գործնական աշխատանքներով, նաեւ՝ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներու ծրագրումով։
- Կը մշակեն սկաուտական ընդհանուր գործունէութեան ուղեգիծ։
- Կը բանաձեւեն սկաուտական ընդհանուր կանոնագիրին վերաբերեալ բարեփոխութեան առաջարկներ։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական Թ. համագումարը կ’ունենայ պաշտօնական բացում, զոր առցանց կը սփռուի ընկերային ցանցերով։ Եռօրեայ նիստերու առընթեր, համագումարին մասնակիցները առիթը կ’ունենան երկու օր ծանօթանալու Եգիպտոսի տեսարժան վայրերուն եւ եգիպտահայ ազգային-միութենական կառոյցներուն։

Համագումարին կը մասնակցին հետեւեալ շրջաններու բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիները.- Արցախ, Հայաստան, Թիֆլիս, Լիբանան, Երուսաղէմ, Գահիրէ, Պաղտատ, Քուէյթ, Յունաստան, Պուլկարիա, Լոնտոն, Փարիզ, Մարսէյ, Վալանս, Վիեննա, Միւնիխ, Սոտերթելիա, Ալմելօ, Առնհեմ, Գանատա, Աւստրալիա, Արեւելեան Մ. Նահանգներ, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ եւ Հարաւային Ամերիկա։

Համագումարի օրերուն Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»ը յատուկ հանդիսութեամբ կը նշէ Մեկուսի շրջանի հիմնադրութեան 110-ամեակը։

Տարածենք