Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ 90-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Լաթաքիա)- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ազգ. Նահատակաց վարժարանի «Արարատ» սրահին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղին հիմնադրութեան 90-ամեակը, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Րա‎բբի Կէվօղլանեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեանի, Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբայրներ Արմէն Քէօշկէրեանի, Մինաս Պալեանի եւ պատասխանատու այլ եղբայրներու եւ քոյրերու։

90-ԱՄԵԱԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

90-ամեակի հանդիսութիւնը նախորդեց մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին կողմէ պատրաստուած գեղեցիկ ցուցահանդէսին բացումը։ Սկաուտական կապերով պատրաստուած կամարին տակէն անցնելով, ներկաները հաճոյքով ըմբոշխնեցին մասնաճիւղին 90-ամեայ գործունէութիւնը ներկայացնող պատկերները, վերանորոգեցին հինը նորին կամրջող իրենց յիշատակները, բարձր գնահատելով ներկայացուած աշխատանքը։

Ցուցահանդէսի աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբ. Արմէն Քէօշկէրեան գնահատեց բոլոր այն Հ.Մ.Ը.Մ.ականները, որոնց թափած քրտինքի կաթիլները իւղ դարձան Լուսաւորիչի ճառագայթող կանթեղին, յաւիտեան լուսաւորելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբան։

Ապա, Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան հաստատեց, որ 90 տարիներու ընթացքին սերունդները մկրտուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի աւազանին մէջ, հաղորդուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարաբանութեամբ եւ բարձր պահեցին միութեան դրօշը ու դրօշարշաւի նման փոխանցեցին իրենց յաջորդող սերունդներուն։

ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Ցուցահանդէսէն ետք տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութեան պաշտօնական բացումը՝ Սուրիոյ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներով։

Բացման խօսք արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ. Յարօ Տէիրմէնճեան։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան պատմութեան եւ հաստատեց, որ 90-ամեայ այս մասնաճիւղը երիտասարդի ոգիով զինուած՝ միշտ պիտի մնայ կայտառ ու յարատեւող։

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ տիկ. Սեւան Թիւթիւնճեան-Տէիրմէնճեան, որ դաշնամուրով ներկայացուց Կոմիտասի «Գարուն ա» ստեղծագործութիւնը։ Ապա, սկաուտական եռեակ մը յատկանշական ոճով ներկայացուց Պետրոս Հաճեանի «Ոտքի Հ.Մ.Ը.Մ.ը կ’անցնի» գրութիւնը։ Քոյր Ալին Հապոյեան-Սիրանոսեան հանդարտ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Մենք» քերթուածը, որմէ ետք Սօսի Պետուրեան մեներգեց «Գնա՜ կռունկ»ը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Սեւան Տէիրմէնճեանի։ Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին, խումբ մը քոյրեր, եղբ. Րաֆֆի Նազարեանի ցուցմունքներով, հեզաճկուն կերպով ներկայացուցին նազպար մը։

Օրուան բանախօսն էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան։ Ան նշեց, թէ 90-ամեակի տօնակատարութիւնը յարգանքի տուրքն է մասնաճիւղի շարքերուն մէջ ծառայած այն բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական ղեկավարներուն, մարզիչներուն եւ սկաուտ խմբապետներուն, որոնք յարատեւ ճիգերով սերունդներ դաստիարակեցին, ոգի ու շունչ դրին իրենց նուիրումին մէջ, անխաթար պահելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի սրբազան առաքելութիւնը։ Եղբ. Մկրտիչեան կարեւորութեամբ ընդգծեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի հիմնադիր սերունդին կատարած գնահատելի աշխատանքը, որուն շնորհիւ ծովեզերեայ այս շրջանին մէջ հիմը դրուեցաւ հայ մարմնակրթական շարժումին, համախմբելու համար մեր ժողովուրդի գաղթական զաւակները։ Ան յիշեց 90 տարիներու ընթացքին մասնաճիւղին ունեցած մարզական նուաճումները եւ շեշտեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 98-ամեակը եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղին հիմնադրութեան 90-ամեակը լաւագոյն առիթներն են յիշելու անցեալը, գնահատելու ներկան եւ խոհեմ կերպով ծրագրելու մեր ապագան։ Վերջապէս, ան հաստատեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջողութեան գաղտնիքներէն է իր բարոյական դրամագլուխը եւ տարիներու վարկը, որոնց տոկոսներն են, որ կու գան խտացնելու անոր շարքերը։

Իր խօսքին աւարտին, եղբ. Մկրտիչեան բեմ հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեանը, որպէսզի ստանձնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ Հալէպի շրջանէն եղբ. Զաւէն Տէրվիշեանին շնորհուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանը։ Եղբ. Զաւէն առողջական պատճառներով բացակայ էր հանդիսութենէն։ Այնուհետեւ, եղբայրը յոբելեար մասնաճիւղի ատենապետին փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան յուշանուէրը։

Հանդիսութեան փակման խօսքով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան բարձր գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղին 90-ամեայ գործունէութիւնը նշելով, որ ան իր հիմնադրութեան օրէն դարձաւ մարդակերտման մեծ դպրոց եւ, եկեղեցւոյ ու դպրոցի կողքին, հանդիսացաւ ազգային դարբնոց։

Ապա, նկատի ունենալով որ 2016 տարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած է «Ծառայութեան տարի», եղբ. Քէօշկէրեան Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կողմէ պատրաստուած ծառայութեան յուշանուէրներով պարգեւատրեց Լաթաքիոյ մասնաճիւղի շարքերուն մէջ առնուազն 25 տարի ծառայութիւն ունեցող 41 քոյր-եղբայրներ։ Շրջանային Վարչութիւնը նոյն յուշանուէրով պատուեց նաեւ Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանը, զայն հռչակելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի հոգեւոր հովիւ։

Հանդիսութեան աւարտին, քահանայ հօր գրաւոր խօսքը ընթերցեց քոյր Ռիթա Կաղեան-Տիկպիքեան։

Արժանապատիւ քահանայ հայրը իր եզրափակիչ խօսքով կը շեշտէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի ունեցած դերը՝ հայ մարդու քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան ջամբումին մէջ։

Տարածենք