ԳՈՅԺ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ նահատակութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի անդրանիկ վարչութեան անդամ՝

 ԵՂԲ. ԱՐՏԱԿ ԻՇԽԱՆԵԱՆԻ

որ հերոսաբար զոհուեցաւ Արցախի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն, Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2020-ին։

  Շար...
2020-11-01 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԿԱՄԱՒՈՐ ԲԱՆԱԿ»Ը Ի ՍՊԱՍ ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՌԻՒԻՆ

 

 

Արցախի ճակատներուն վրայ հայկական բանակին եւ կամաւորական ջոկատներուն կողմէ մղուող հերոսական կռիւներուն կողքին, 27 Սեպտեմբերէն ի վեր տեսակաւոր կռիւներ կը մղուին թիկունքը, հայկական «կամաւորական բանակ»-ի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Ցամաքամասէ-ցամաքամաս, երկիրէ-երկիր եւ քաղաքէ-քաղաք, հոն ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպական միաւորներ կան, այնտեղ քարոզչական-ցուցական, դաստիարակչական-տեղեկատուական կռիւներու կը մասնակցին բազմահազար կամաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, իրենց վարչական կազմերով, անդամներով,  Շար...

2020-11-01 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ՄԱՍԻՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ ԱՐՑԱԽԻ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԸ ՀԱՆԳԱՆԱԿԷ 220 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ

 

 

Սան Ֆեռնանտօ հովիտի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մասիս» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ, 1 Նոյեմբեր 2020-ին տեղի ունեցաւ յեղափոխական երգերու երեկոյ մը՝ մասնակցութեամբ Գառնիկ Սարգիսեանի, նպատակ ունենալով դրամահաւաք կատարել ի նպաստ Արցախի զինուորներուն օժանդակող ՀԵԴ-ի «Մեր զինուորներու կողքին» արշաւին։

Շնորհիւ մասնաճիւղի անդամներու, ծնողներու, մարզիչներու եւ բարեկամներու առատ նուիրատուութիւններուն, երեկոյին ընթացքին կարելի եղաւ հանգանակել 220 հազար տոլար։

  Շար...
2020-11-01 |

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Վերջին մէկ ամսուայ ընթացքում, դէպքերի զարգացմանը զուգահեռ, պատերազմի առաջին իսկ օրերից, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը իր անդամների, բարեկամների եւ քաղաքացիների օժանդակութեան եւ նուիրատուութիւնների շնորհիւ, լծուեց կարեւորագոյն աշխատանքի՝ Արցախից ժամանակաւոր եւ պարտադրուած Հ.Հ. տեղափոխուած ընտանիքներին սնունդով եւ անհրաժեշտ տնտեսական ապրանքներով ապահովելու գործին։

Այս ընթացքում Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Կենտրոնական վարչութիւնը իր միջոցներից յատկացնելով 5000 ԱՄՆ $, եւ ստանալով  Շար...

2020-10-27 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՆԻՒԹՈՎ

 

Շաբաթ, 24 Հոկտեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը առցանց հանդիպում մը կատարեց Արցախի նիւթով։

Հանդիպումին սկիզբը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան զեկուցեց Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբերին, Կեդրոնական Վարչութեան դիւանին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան հետ կատարած առցանց հանդիպումին մասին, նշելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը այս օրերուն լծուած է Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած 280 ընտանիքի օժանդակութեան գործին։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. կիրակնօրեայ  Շար...

2020-10-25 |

ԱՐՑԱԽԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի «Գրիգոր Յակոբեան» մասնաճիւղի գայլիկ-արծուիկ միաւորի «Կարմիր» վոհմակ-երամը Շաբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2020-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Շաւարշ Քրիսեան» սրահին մէջ կատարեց գիշերային գործունէութիւն, մասնակցութեամբ՝ 28 քոյրերու եւ եղբայրներու: Գործունէութիւնը նուիրուեցաւ Արցախի: Յայտագիրը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ։ Յաջորդաբար տեղի ունեցան Արցախի շրջաններուն մասին դասախօսութիւն, տեսերիզի  Շար...

2020-10-24 |

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. Կ’ՕԺԱՆԴԱԿԷ ԱՐՑԱԽԷՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԱԾ 280 ԸՆՏԱՆԻՔԻ

 

Հայութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմի այս օրերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը պատնէշի վրայ է իր ուժերու ամբողջ կարողութեամբ։

Զինուորագրեալ սկաուտներ պատերազմի առաջնագիծին պատուով կը կատարեն իրենց ազգային պարտականութիւնը եւ ի հարկին իրենց արեան նուիրաբերումով մասնակից կը դառնան հայոց պատմութեան նորօրեայ հերոսապատումին արձանագրութեան։

Երեւանի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կեդրոնը վերածուած է մրջնանոցի։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութիւնը, շնորհիւ նուիրատուներու, կ’ապահովէ պարէնային ապրանքներ  Շար...

2020-10-23 |

ԱՆՄԱՀԱՑԱՒ` ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԱՂԹԵԼՈՎ

 

Սգակիր Գալստեան ընտանիք,
Երեւան,

Մեր բոլորին սիրելի եղբ․ Էրիկն ալ անմահացաւ մահուան յաղթելով։ Հայրենիքի հանդէպ սէրը զինք առաջնորդեց պատերազմի դաշտ, ուր ան քաջաբար մարտնչեցաւ եւ հերոսաբար նահատակուեցաւ՝ Արցախի պաշտպանութեան, հայութեան իրաւունքներուն եւ արժանապատուութեան ի խնդիր։


Եղբ. Էրիկի երկրաւոր կեանքը եղաւ կարճ, բայց ան կարողացաւ այդ կարճ կեանքն անգամ արժեւորել ազգասիրութեամբ եւ  Շար...

2020-10-20 |

ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐԸ ՓԱՌՔՈՎ ՈՒ ՊԱՏԻՒՈՎ ՊԻՏԻ ՅԻՇԵՆ ԵՂԲ. ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆԸ

 

Սգակիր Հաճեան ընտանիք՝
Սիրելի Ֆրիտա եւ Թաթուլ,
Երեւան,

Արցախի հերոսական պատերազմը անժամանակ կերպով բոլորէս խլեց հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական, գաղափարի եւ մշակոյթի անխոնջ ծառայ եղբ. Գէորգ Հաճեանը։
Եղբ. Գէորգ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայանուէր սկզբունքներուն հաւատաց ջերմօրէն եւ իր բովանդակ կեանքը՝ Լիբանանէն Քուէյթ, Հայաստանէն Արցախ եղաւ ամբողջական նուիրաբերում հայութեան եւ Հայաստանին։ Ան ապրեցաւ հերոս նախորդներու արժանավայել  Շար...

2020-10-10 |

ԳԱՀԻՐԷԻ Հ.Մ.Ը.Մ. «ԱՐԱՐԱՏ»Ի ՓՈՔՐ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

 

Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ փոքր տօնավաճառ, ուր վաճառուեցան հայկական ուտեստներ, հայկական թեմայով կպիչներ եւ ձեռային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ վիճակահանութիւն։ Տօնավաճառին հասոյթը ամբողջովին յատկացուեցաւ սահմանապահ հայ զինուորներուն։

Այս առիթով, յանուն Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ. «Արարատ»ի վարչութեան, Սկաուտական Խորհուրդին, խմբապետական կազմին եւ մարզական ու երիտասարդական  Շար...

2020-10-08 |

ԱՂՕԹՔ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

 

Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդն ու խմբապետութիւնը, «Անդրանիկ» եւ «Արարատ» մասնաճիւղերու քոյրերն ու եղբայրները ներկայացան Սիտնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցի:

Քոյրերն ու եղբայրները մոմ վառելով իրենց աղօթքները կատարեցին Արցախի մէջ պատերազմող քաջարի զինուորներուն համար, Աստուծոյ կամքով եւ հայու մարտունակ հարուածներով անպայման յաղթելու եւ թշնամիին խաղաղութիւն պարտադրելու համար։ 

  Շար...
2020-10-04 |

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

 

Սգակիր Ղազարեան ընտանիք,

Երեւան,

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը խոր վիշտով տեղեկացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Շաւարշ Քրիսեան» մասնաճիւղի «Աղթամար» սկաուտական խումբի անդամ եղբ. Գրիգոր Ղազարեանի նահատակութեան լուրը՝ Արցախի հերոսական պատերազմին։

Սկաուտական իր երդումին հաւատարիմ, եղբ. Գրիգոր իր ամէնէն թանկագինը՝ սեփական կեանքը ընծայաբերեց իր հայրենիքի բագինին եւ գնաց միանալու մեր անմահներու փաղանգին։

Եղբ. Գրիգոր չմեռաւ, այլ՝ անմահացաւ իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի  Շար...

2020-10-02 |

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ԶՐՈՅՑ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐՑԱԽԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

 

Ուրբաթ, 2 Հոկտեմբեր 2020-ին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն հայոց աշխարհի խաղաղութեան եւ Սուրբ հայրենեաց հողի սիրոյն զոհուած մեր հերոսներու հոգիներուն ի հանգիստ։ Հոգեհանգիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ. «Արարատ»ի սկաուտական կազմը։

Ներկաներուն բաժնուեցան ձողիկներու վրայ Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները՝ պատրաստուած սկաուտներու կողմէ։

 

ԶՐՈՅՑ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երկու  Շար...

2020-10-02 |

ԵՂԲ. ԳՐԻԳՈՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒ ՓԱՂԱՆԳԻՆ

 

30 Սեպտեմբեր 2020-ին, Արցախեան նորագոյն պատերազմի երրորդ օրը, Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Գրիգոր Ղազարեան միացաւ հայութեան անմահներու փաղանգին։

Եղբ. Ղազարեան 11 տարեկանին, Ապրիլ 2012-ին, անդամագրուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի սկաուտական շարքերուն։ Ան մաս կը կազմէր Երեւանի «Շաւարշ Քրիսեան» մասնաճիւղի «Աղթամար» խումբին։

Սկաուտական իր երդումին հաւատարիմ, եղբ. Գրիգոր Ղազարեան հերոսաբար ինկաւ Արցախի պաշտպանութեան կռիւներուն, իր նահատակութեամբ միանալով  Շար...

2020-10-01 |

ԵՂԲ. ԶՈՀՐԱՊ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

 

17 Սեպտեմբեր 2020-ին, կեանքին հրաժեշտ տուաւ հաւատաւոր միութենական, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանի Նաւասարդեան 17-րդ մարզախաղերու «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական» եղբ. Զոհրապ Անտոնեանը, որուն բովանդակ կեանքը՝ Հալէպէն Սան Ֆրանսիսքօ եղաւ ազգային-միութենական կեանքի նուիրաբերում։ Եղբ. Զոհրապ միութենական սկզբունքները անձնական կեանքէն վեր դասելով, անշահախնդրօրէն ծառայեց իր սիրելի միութեան, բարձրացաւ եւ իր հետ բարձրացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ական  Շար...

2020-09-28 |
Displaying 196 to 210 (of 390 news)

Տարածենք