Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ
Շաբաթ, 18 Յունուարին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, անդամներ Վիգէն Աւագեանի, Թալին Օրտողլեանի եւ Մանուկ Քէօշկերեանի, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ։ Այցելութեան ներկայ գտնուեցաւ Գէորգ Արք. Խազում։
Այցելութեան ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուց միութեան ԺԲ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին ընդհանուր տրամադրութիւնները Շար...