Թիւ 281 - ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔ

 

Հանրային կարծիքը առհասարակ տկար է մեր մօտ, մինչդեռ զօրաւոր է անձնակա՛ն կարծիքը։ Կարելի է նոյնիսկ հաստատել, որ հանրային կարծիքը ուղղակի ճնշումին տակն է անձնական կարծիքին։

Հանրային կարծիքը յաճախ կ’երկմտի ու կը տատամսի. անձնական կարծիքը ո՛չ կ’երկմտի, ո՛չ ալ կը տատամսի։ Առաջինը հպատակ է, երկրորդը՝ իշխան։

Հանրային կարծիքը երբեմն կը վախնայ արտայայտուելէ. անձնական կարծիքը այդ վախը չունի։ Տեղին եւ պարագային համեմատ, անձնական կարծիքն է, որ կը գործէ իբրեւ հանրային կարծիք եւ կը կատարէ անոր դերն ու պաշտօնը։

Հանրային կարծիքի լաւագոյն արտայայտութիւններէն մէկը ընտրութիւնն է։ Ընտրութիւն կը նշանակէ շատերուն մէջէն նախապատիւ նկատել մէկը կամ բան մը։ Ընտրութեամբ հանրային կարծիքն է, հանրութեան ձայնն է, որ կþարտայայտուի անձի մը, սկզբունքի կամ տեսակէտի մը շուրջ։

Հանրային կարծիքը այլասէր է, անձնական կարծիքը եսասէր է։ Ու բնականաբար, այլասէր ըլլալով՝ հանրային կարծիքը ներողամիտ է եւ քիչ մըն ալ վեհանձն։ Անձնական կարծիքը, ընդհակառակն, ներողամիտ չէ, վեհանձն չէ։

Հանրային կեանքի մէջ, սակայն, ներողամտութիւնը կրնայ թարգմանուիլ իբրեւ թուլութեան նշան, իսկ վեհանձնութիւնը՝ յետադիմութեան։ Հետեւաբար, հանրային կարծիքը պէտք է կարենայ պաշտպանել իր… կարծիքը, որովհետեւ մէկ կէտի մէջ պարտուիլ կը նշանակէ պարտուիլ ամէն կէտի մէջ։ Մէկ ճակատի վրայ տեղի տալ կը նշանակէ տեղի տալ ամէն ճակատի վրայ։

Չթուլնալ, այլ՝ միշտ պի՛րկ ըլլալ։ Զիջում չընել, այլ՝ տեւաբար անզիջող ըլլալ։ Երկու պարագային ալ,- թուլնալ եւ զիջիլ,- հանրային կարծիքը կը դադրի ուժ ներկայացնելէ եւ կը դառնայ տկարութիւն։ Կը դադրի մակընթացութիւն ըլլալէ եւ կը դառնայ տեղատուութիւն։

Հանրային կարծիքը չի՞ սխալիր կամ չի փոխուի՞ր։ Անշուշտ, որ կրնայ թէ՛ սխալիլ եւ թէ՛ փոխուիլ։ Մէկ տարբերութեամբ, որ այս պարագային սխալիլը, մեղանչելը կամ փոխուիլը կը ծառայէ հաւաքականութեան մը մէջ ստեղծելու այն փրկարար ուժը, որ կը կոչուի փորձառութիւն։

Փորձառութիւնը խտացած իմաստութիւն է։

Մարդ մը կրնայ շատ-շատ հարիւր տարի ապրիլ, հաւաքականութիւններ ու ժողովուրդներ դարերո՛վ կ’ապրին։ Իսկ դարերու փորձառութիւնը գերիվեր է տարիներու փորձառութենէն։

Հաւաքականութիւններ կրնան սխալիլ երբեմն, բայց չեն կրնար սխալիլ միշտ։

Նոյնը չէ պարագան մարդոց, որոնք իբրեւ անձնական կարծիք, հարիւրամեայ են լոկ, մինչդեռ հանրային կարծիքը տասնեակ դարերու կուտակուած իմաստութիւն մը ունի իր մէջ։

Հանրային կարծիքը մենք մըն է, անձնական կարծիքը ես մըն է։

Մենքը յառաջդիմութիւն է, եսը՝ յետադիմութիւն։

Երբ հաւաքականութիւն մը կը դադրի ես ըլլալէ (այսինքն՝ կը դադրի անձնական կարծիք ըլլալէ) եւ կը դառնայ մե՛նք (կը դառնայ հանրային կարծիք), քայլ մը աւելի մօտեցած կþըլլայ ան իր նպատակներու յաջողութեան։

Կ’արժէ հարց տալ, ուրեմն, որ ի՞նչ կը շահինք հանրային կարծիք չունենալով, այսինքն՝ մենք չըլլալով։ Գրեթէ ոչինչ։

Իսկ ի՞նչ կը շահինք հանրային կարծիք ունենալով, այսինքն՝ մենք ըլլալով։ Գրեթէ ամէն ինչ։

Ոչ ոք, վստահաբար, ո՛չ ոք պիտի ուզէ, որ մենք կորսնցնենք «գրեթէ ամէն ինչ» եւ շահինք… «գրեթէ ոչինչ»։

Տարածենք