Թիւ 309 - ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՐ
Ազգեր իրենց դաստիարակութեամբ կը փրկուին եւ իրենց դաստիարակութեամբ կը կորսուին։
Ընտանիք եւ դպրոց գլխաւոր վայրեր են դաստիարակութեան։
Բայց միշտ կը կատարե՞ն, կրնա՞ն կատարել իրենց դերը։ Շրջապատի ազդեցութիւնը, այսօր, երկուքէն աւելի զօրաւոր է։ Ընտանիք եւ դպրոց չեն կրնար պատանիին հետեւիլ ամէն ժամ ու ամէն տեղ։ Շատեր դպրոցը կը լքեն ճիշդ այն տարիքին, երբ ամէնէն աւելի պէտք ունին ուղղութեան եւ դաստիարակութեան։
Ընտանիքին եւ դպրոցին կողքին, ուրեմն, գործունէութեան ընդարձակ դաշտ մը կը մնայ բաց։ Անհրաժեշտ է միջավայր մը, որ այդ բացը գոցէ։ Օգտակարին ու հաճելիին հետ պատանիին տայ կեանքի սկզբունքներ, մնայուն արժէքներ։
Հ.Մ.Ը.Մ. կրնայ ըլլալ այդ միջավայրը։ Ան հրապարակային թումբ կրնայ դառնալ այլասերումի եւ օտարացումի դէմ։
Բոլորը գիտեն, թէ անսահման ազատութեան մեր օրերուն, պատանիներ ինչքա՜ն դիւրին կրնան մոլորիլ, յաճախել ժամադրավայրեր, ուր նիւթական նեխած օդին հետ՝ բարոյականն ալ ապականած է։ Անոնք շատ դիւրին կրնան հետամուտ ըլլալ ժամանցի մը, որ վերջիվերջոյ իրենց միտքն ու մարմինը պիտի արժէ։ Արդի արհեստագիտութեան եւ հաղորդակցութեան շլացուցիչ աշխարհը, բազմաթիւ բարիքներու կողքին, այսօրուան պատանին կը դնէ հոգեսպանութեան լուրջ վտանգներու դիմաց։
Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդը ընելիք ունի անպայման։ Դաւանանքով եւ երդումով յանձնառու միութենականը պարտաւոր է շուրջի վտանգուածները զերծ պահել թոյնէ, մաքուր օդ եւ սնունդ տալ անոնց, հոգեպապար եւ մարմնակրթիչ գործերով։ «Բարձրացուր»ը տեղին կատարուած հրաւէր մըն է այս պարագային, անձնական օրինակով, գաղափարական կիրքով բարձրացնելու նաեւ ուրիշները։ Տունն ու փողոցը, աշխատանոցին, գրասենեակին թէ մարզադաշտերուն մէջ, ամէն տեղ ու ամէն ժամանակ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կոչուած է իր նմանները բարձրացնելու մարդկային ազնիւ կրթութեան տարրերով։ Հարկ է բարձրացնել, որպէսզի բարձրացողները իրենց կարգին կարողանան ուրիշները բարձրացնել։
Հ.Մ.Ը.Մականը այսպէ՛ս պիտի ազդէ նոր սերունդին վրայ։
Դիւրին չէ այս գործը, անշուշտ, որովհետեւ նոր սերունդը ինքզինքին իրաւունք կու տայ ունենալու բացարձակ ազատութիւն, անկախութիւն եւ մենաշնորհներ՝ յանուն… նոր սերունդի։ Ան կարիքը չի զգար արժէքներու եւ արդիւնքներու։ Պատանիներ իրե՛նք կþորոշեն իրենց մտատիպարը, բարոյականն ու արժեչափերը։ Սուր կռիւ կը մղեն ամէն հեղինակութեան դէմ, որ կը փորձէ չափ ու սահման դնել իրենց իրաւունքներուն, հաճոյքներուն, սիրածներուն եւ չսիրածներուն։
Դժուար է Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործը։ Բայց ե՞րբ դիւրին եղած է։
Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդը ե՞րբ արագ յանձնուած է։ Ան դժուար ու պատասխանատու դեր կատարած է ու պիտի կատարէ նկարագիրի ուժո՛վ զօրաւոր Մարդը կերտելու համար։
Ուժ, որ նորերը պիտի մղէ աւելի գորովալի զաւակներ նուիրելու ընտանիքին, աւելի արի պաշտպաններ՝ հայրենիքին, աւելի օրինակելի քաղաքացիներ՝ պետութեան եւ աւելի արդիւնաւոր անդամներ՝ մարդկութեան։