Թիւ 317 - ԿԱՐԳԱՊԱՀ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ

 

Աշխարհի մեծագոյն ուժը երիտասարդութիւնն է։ Բայց երիտասարդութիւնը առանց կարգապահութեան որեւէ արժէք չի ներկայացներ։ Չկայ երիտասարդութիւն՝ առանց կարգապահութեան։

Ժողովուրդի մը յոյսը իր երիտասարդութիւնն է, ազգային արժէքներ կրողը եւ ազգին շարունակականութիւնը ապահովողը։ Հայութեան համար կասկածէ վեր է այս ճշմարտութիւնը։

Բայց ո՞ւր է այդ երիտասարդութիւնը այսօր։ Ընդհանրապէս ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ ան։

Նկատելի է, որ ստուար զանգուած մը հայ երիտասարդութենէն հեռացած է իր ինքնութենէն եւ արմատներէն՝ բռնելով ազգային այլասերման ուղին։ Ուրիշներ ինկած են բարոյական այլասերման թակարդին մէջ եւ գերին դարձած են իրենց անձը քայքայող մոլութիւններու։ Ոմանք ալ կը թաւալին անորոշութեան եւ անտարբերութեան բաւիղներուն մէջ։

Բարեբախտաբար, կայ նաեւ կարեւոր համեմատութիւն մը երիտասարդութեան, բոլորուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ անոր նման միութիւններու շուրջ, որ հակառակ ժամանակի ու միջավայրի աննպաստ պայմաններուն, ամրօրէն կապուած է իր պատկանելիութեան, հարիւր տոկոսով հայ է, իր մտածումներով, զգացումներով եւ ապրումներով։

Հ.Մ.Ը.Մ. արդար ակնկալութիւններ ունի երիտասարդութեան այս հատուածէն, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ ազգին կարգապահ երիտասարդութիւնը։ Ան՝ որ իր ուժին եւ կարողութիւններուն գիտակցութիւնը ունի, գիտէ մնալ իր կոչումին բարձրութեան վրայ։ Ան է իսկական երիտասարդութիւնը, մեր վաղուան յոյսը։

Կարգապահութիւնը կեանքի օրէնքն է, որ կը կանխէ ուժերու աւելորդ վատնումը։ Փոքրաթիւ, բայց կարգապահ ուժ մը յարգանք կը պարտադրէ բոլորին, մինչդեռ անկարգապահութիւնը կը ջլատէ բոլորին կարողութիւնները։

Այսպէս է նաեւ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ Կարգապահ միութիւն մը, որ հասած է քաղաքացիական դաստիարակութեան բարձրագոյն աստիճանին, դժուար թէ տեղի տայ, որքան ալ մեծ ըլլան իրեն սպառնացող վտանգները։

Նման վտանգներ այսօր կը սպառնան Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Տեսակաւոր ու տարբեր կերպարանքներով ներկայացող վտանգներ են անոնք, որոնց դէմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անպարտելիութիւնը պիտի չփնտռենք անդամներու իր քանակին մէջ, այլ՝ իր կարգապահ երիտասարդութեան մէջ։ Կարգապահ երիտասարդը ամէն բանէ առաջ պիտի ունենայ իր առաքելութեան գիտակցութիւնը։ Ան լաւ պիտի ըմբռնէ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ապագան կախում ունի ինքզինք եւ միութիւնը բարձր պահելու իր պատրաստակամութենէն։

Կարգապահ երիտասարդը պիտի ներշնչուի իր միութեան անցեալի մեծ դէմքերէն, պիտի դարբնուի անոնց կեանքին օրինակով ու պիտի ազնուանայ անոնց զոհողութիւններուն մեծամասնութեամբ։

Բոլոր երկինքներու տակ, կարգապահ երիտասարդը բարձր պիտի պահէ իր միութեան արժանապատուութիւնը, հիմնական նպատակ ունենալով միութեան արժէքներուն պահպանումը։

Բնութեան մէջ ամէն բան ուժ է, բայց պէտք է այդ ուժը գործածել գիտնալ։

Կարգապահ երիտասարդը այդ ուժերէն մէկն է, որ կարողութիւնները լաւագոյն ձեւով պիտի օգտագործէ, երբ գիտակից ու հաւատաւոր է։

Ու մանաւանդ, երբ ան կը պատկանի միութեան մը, որ սկաուտութեան եւ մարմնամարզի ճամբով իր ազգը պահելու եւ հզօրացնելու մեծ պատասխանատուութիւնը ունի։

Տարածենք