Թիւ 382 - ԿԱՐԳ ՈՒ ԿԱՆՈՆ
Ինչքա՜ն կը խօսուի կարգ ու կանոնի մասին։ Ինչքա՜ն շատ ծնողներ, կրթական ու միութենական պատասխանատուներ կարգ ու կանոն կը յանձնարարեն իրենց դեռատի պատանիներուն։
Արդեօք մեր տուներուն, դպրոցներուն եւ ակումբներուն մէջ կարգ ու կանոնի կիրարկումը գոհացուցի՞չ է։
Պատճառներ ունինք թերահաւատ ըլլալու այս մասին, որովհետեւ ազգային մեր յատկանիշներէն մէկն է… կանոնասէր եւ կանոնապահ չըլլալը։
Օրինակներ թուելու կարիքը կա՞յ։
Յիշենք միայն մեր անճշդապահ եւ անկանոն ժողովները։ Յիշենք մեր անկանոն եւ թափթփած աշխատանքները։ Յիշենք մեր «աչքը բաց» անկանոնութիւնները խճողուած ձեռնարկներու, պսակի, նոյնիսկ թաղումի պահերուն։
Թուե՞նք նաեւ մեր անձնական թէ միութենական գործի կանոնազանցութեան մանրուքները, «այսպէս ալ կ’ըլլայ, այդպէս ալ կ’ըլլայ»ի մեր «լուծումները»…
Ուժի, ժամանակի եւ նիւթականի ինչքա՜ն մսխում կը կատարուի այդ փոքր կարծուած անկանոնութիւններէն։ «Ամէն բան իր տեղին ու ժամանակին» առածը կարծէք իր իմաստն ու հնչեղութիւնը կորսնցուած է այլեւս մեր ականջներուն մէջ։
Լատիներէնը եւ անկէ ծնած եւրոպական բազմաթիւ լեզուներ կարգ ու կանոն իմաստով ունին disciplina բառը։ Բառին արմատը կը նշանակէ նաեւ աշակերտ։ Հետեւաբար, կանոնապահութիւնը կը նկատուի կենցաղավարական կրթութիւն մը, զոր աշակերտը կը ստանայ իր ուսուցիչէն կամ պատասխանատուէն, հնազանդութեան կարգով, հետեւողականութեան ճամբով։
Կարգ ու կանոնը պատանիին ու երիտասարդին կու տայ վարժութիւնը ճանչնալու լաւն ու արդարը։ Ան կը ներշնչէ ձգտումը ուրիշներուն չընելու այն՝ ինչ որ պիտի չուզէինք որ ուրիշները ընէին մեզի։
Կարգ ու կանոնը կը յղկէ մարդուն նկարագիրը։ Կը կրթէ եւ կ’ազնուացնէ զայն։ Կարգ ու կանոնը մարդը կը դարձնէ տէր՝ իր ժամանակին, իր ֆիզիքական, իմացական եւ նիւթական հարստութեան։ Ան կը հանդիսանայ հիմնաքարը հանրային բարոյականին եւ զսպիչ սանձը՝ գայթակղեցուցիչ փորձութիւններու։
Բոլորին պարտքն է յարգանք ու սէր տածել հանդէպ կարգ ու կանոնին, մինչեւ իսկ՝ սոսկալ անկէ, որովհետեւ դժուար եւ խստապահանջ բան է կարգ ու կանոնի պարտադրանքներու հետեւիլը։
Կեանքի մէջ, մեծագոյն դժբախտութիւնները կը ծնին չափազանցութիւններէ, ծայրայեղութիւններէ եւ անկանոնութիւններէ։ Դարերու փորձառութիւնը հակառակին վկայութիւնը չի տար։
Պէտք է սիրե՛լ կարգ ու կանոնը, սիրե՛լ չափաւորութիւնը։
Պէտք է յարգե՛լ կարգ ու կանոնը, յարգե՛լ այն սկզբունքներն ու իտէալները, որոնք մեզմէ աւելի երկար կեանք ունին։
Ու նաեւ՝ պէտք է գործե՛լ կարգ ու կանոնով։ Օրէնք, չափ ու չափանիշ ճշդել մեր ծրագրումներուն եւ աշխատանքներուն համար, որպէսզի մեր կեանքը ըլլայ իսկական զարգացումի կեանք, տեւական բարձրացումի կեանք, տեւական գոհունակութեան եւ երջանկութեան կեանք։