Թիւ 283-284 - ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ (ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 8-ՐԴ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ)

 

Շուտով, Բիւրականի մէջ տեղի կþունենայ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8-րդ բանակումը, մասնակցութեամբ՝ 725 սկաուտներու։ Իսկական տօնահանդէս մը Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար, որուն պատմութիւնը պիտի հարստանայ յաղթանակի նոր դափնիով։

Երեւոյթը խօսուն է եւ փաստը կու տայ այն իրողութեան, որ հակառակ իր շուրջի գրաւիչ ու այլասերիչ պայմաններուն, ինչպէս երէկ, այսօր եւս Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը մնայ սիրելի, հարազատ եւ ոգեշնչող միութիւն մը բոլոր անոնց համար, որոնք աշխարհի չորս ծագերուն կþապրին հայեցի արժէքներու նախանձախնդրութեամբ եւ հայ ոգիի պաշտամունքով։ Հ.Մ.Ը.Մ. կը շարունակէ գրաւել հայ մարդոց սրտերուն ջերմ անկիւնը։ Իր վրայ կը գուրգուրան ալեւոր ծերունիէն մինչեւ նորահաս մանուկը, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին հպարտանքով կը շտկէ իր մէջքը եւ անոր գաղափարին լոյսով կը պայծառացնէ աչքերը։

Իսկ ո՞ւր փնտռել գաղտնիքը այս երեւոյթին։

Արդեօ՞ք որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեզի տուած է սկաուտութիւն, կարգապահութիւն, մարզիկներ եւ մարզական ոգի։

Շատ հաւանաբար, այո։ Սակայն, այս բոլորէն վեր ան տուած է նաեւ հաւաքական ապրում մը, զոր կարելի չէ թիւերու եւ վիճակագրութիւններու լեզուով հաշուել։ Գաղտնիքը հոն է, որ ան իրական ընդհանուր Միութիւն է։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ հոգեհարազատ քոյր-եղբայր կը դառնան մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, անխտի՛ր։ Ուսանողին հետ վարչական կþըլլայ գործաւորը։ Առաքելականին խմբակից կը դառնայ կաթողիկէն, աւետարանականը։ Մարաշցիին հետ կը գործէ այնթապցին, սասունցին։ Կողք-կողքի բանակում կþընեն լիբանանահայն ու արժանթինահայը, պուլկարահայն ու աւստրալահայը։ Այսպէս, բոլորը ձեռք-ձեռքի տուած կը հետապնդեն բարձրանալու եւ բարձրացնելու նոյն սրբազան ուխտը։ Անոնք իրենց մկաններուն եւ ջիղերուն հետ կը պրկեն իրենց հոգիները, յոյսի, հաւատքի եւ խանդավառութեան ալիքներ կը տարածեն իրենց շուրջը, եւ ինքնավստահութեան ու հպարտութեան մշտանորոգ աւիշով կը զօրացնեն աշխարհասփիւռ մեր բազմութիւնները։

Շուտով ազդանշանը կը տրուի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8-րդ ընդհանուր բանակումին եւ մարդիկ անգամ մը եւս մտածելու առիթը կþունենան, թէ որքա՛ն մեծ բաց մը պիտի ըլլար մեր կեանքին մէջ, եթէ չըլլար այս բոլորը համախմբող Ընդհանուր Միութիւնը։

Մարդիկ անգամ մը եւս կը մտածեն ու կþանդրադառնան, թէ որքա՛ն մեծ է այն գործը, զոր Ընդհանուր Միութեան «կամաւոր բանակ»ը կը տանի աշխարհի չորս ծագերուն։ Ու գործին հետ մէկտեղ, որքա՛ն մեծ են անոր դէմ ցցուած դժուարութիւնները։ Նորահաս սերունդը ազգային ոգիով, առողջ գիտակցութեամբ եւ առողջ մարմնով կրթելու համար տակաւին հսկայ աշխատանք կայ կատարելիք։ Երիտասարդութիւնը, որ ամէն բանէ առաջ հաւատք ու խանդավառութիւն է, կանգ առնել չի գիտեր յաղթանակի իր դափնիներուն վրայ։

Միշտ հարկաւոր են նոր դափնիներ եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկները, բանակումներ թէ մարզախաղեր, լաւագոյն առիթները կþընծայեն, որպէսզի նոր կեանք, եռանդ, ժպիտ եւ յոյս կայծկլտի մեր դաշտերուն եւ բանակավայրերուն մէջ, եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան դրօշին տակ, մեր տղաքն ու աղջիկները մեծնան, շնչելով մթնոլորտը ազգային եւ գաղափարական պայծա՛ռ իտէալներու։

Տարածենք