Թիւ 164 - ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ ԻՆԿՈՂՆԵՐՈՒՆ (ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ, ԼԵՒՈՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ԵՒ ՆԵՐՍԷՍ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

 

Անյիշատակ դարերէն եկող իմաստութիւն ունի ժողովրդային այն խօսքը, թէ՝ «Ծառերը կանգնած կը մեռնին»։ Իրենց արմատները զիրենք սնանող հողին մէջ խրած, ծառերը արեւ-ամրան շուք կու տան իրենց շուրջ հասակ առնող թուփերուն, իսկ ցուրտ-ձմրան զանոնք կը պաշտպանեն ահեղ փոթորիկներէն։ Բոլորէն առաջ եւ բոլորէն աւելի իրե՛նք կ’ենթարկուին բնութեան քմայքներուն ու պատուհասներուն, սակայն միշտ ալ խրոխտ հասակով կþաճին, իրենց շուքն ու հովանին կը տարածեն ու կը տարածեն, մինչեւ որ չարաբախտ օր մը կացինահարուին ու կքին։

Բայց հերոսներու կեանքը եւս այդպէս չէ՞։ Հերոսները եւս կանգնած կը մեռնին, պատնէ՛շի վրայ, վաղուան յաղթանակի պայծառ տեսիլքը իրենց աչքերուն, կը մերժեն նոյնիսկ ծնրադրել, իսկ եթէ ծնրադրեն՝ ապա խունկ ու մոմ կը վառեն զիրենք կանխող նահատակ հերոսներու յիշատակին։ Եթէ խոնարհին, կը խոնարհին հողը համբուրելու եւ անկէ կենարար աւիշ ստանալու համար։ Ու եթէ իյնան դիւահար, կ’իյնան հոգիները մարմիններէն վեր ոգի՛ դարձնելով, ապագայ սերունդները առաջնորդո՛ղ ոգի։

Այսօր, իրենց նահատակութենէն տասնամեակ մը ետք, ապագայ սերունդներու առաջնորդող ոգիներ կը հանդիսանան օրինակները Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վարդգէս Տէր Կարապետեանի, եղբայրներ Լեւոն Պէրպէրեանի եւ Ներսէս Խիւտավերտեանի, որոնք թշնամիի ռազմաճակատներէն հեռու, վատոգի հարուածներով ինկան հայ ժողովուրդի ներքին կազմակերպման նուիրական պարտականութեան ճամբուն։ Ճակատագի՛ր…

Անոնց ճակատագիրը հայ ժողովուրդի արթուն պահակը ըլլալն էր, իրենց դաւանած գաղափարին հաւատարիմ մնալն էր, յանձնառութեան պատնէշը չլքե՛լն էր, ու այդ պատնէշին վրայ ալ անոնք ինկան։

Եղբ. Վարդգէսը՝ մահէն չվախցողի եւ մահը արհամարհողի ներքին անդիմադրելի զօրութեամբ,

Եղբ. Լեւոնը՝ պարտականութեան եւ պարտաւորութեան գիտակցութենէն բխող արեան հրաշէկ կաթիլներով,

Եղբ. Ներսէսը՝ անձնազոհութեան մի՛շտ պատրաստ՝ հայրենաբաղձ հերոսի ժպիտը դէմքին։

Գաղափարական իրենց նուիրումին գինը իրենց արիւնը եղաւ։ Կենարա՛ր արիւնը, որուն մէջ վերականգնելու, վերակազմակերպուելու եւ նոր Վարդգէսներ, Լեւոններ եւ Ներսէսներ ծնանելու կարողութիւնը միայն կրնայ գտնել մեր ժողովուրդը, եւ որմէ կրնան սարսասփիլ հայութեան թշնամիները բոլոր։

Արիւնը պատմութեան շիճուկն է։ Պատմութեան թաւալքը կը շարունակուի, իսկ արիւն թափողներուն տեղը կու գան նորերը՝ տարբեր անուններով, սակայն նոյնքան եւ աւելի՛ յանձնառութիւններով ու վճռակամութեամբ զինուած։

Մեր պատմութիւնն է այս, Հայո՛ց Պատմութիւնը, կանգնած ծառերու նման պատնէշի վրայ նահատակուածներու արեան թանաքո՛վ գրուած պատմութիւնը:

Տարածենք