Թիւ 204 - ԲԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ
Բանակումներու շրջան է երկրագունդի հիւսիսային մասին մէջ (Հարաւային Ամերիկա եւ Աւստրալիա կþապրին իրենց ցուրտ ձմեռը)։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերը զանազան շրջաններու մէջ կը պատրաստուին իրենց տարեկան բանակումներուն։ Գայլիկ թէ արծուիկ, արի թէ արենոյշ, բոլորն ալ կþուզեն հեռանալ քաղաքի տաքէն ու աղմկալից միջավայրէն, կազդուրուելու համար լեռնային զով կլիմայի եւ անդորր մթնոլորտի մէջ։
Բանակումները սկաուտական կեանքի հիմնական պահանջներէն են։ Սկաուտական կեանքն ու գիտելիքները սկաուտին բացատրելու, հասկցնելու եւ սիրել տալու համար բանակումները անհրաժեշտ ու նաեւ՝ լաւագոյն միջոցներ են։ 10-15 օրուան բանակումները երբեմն շատ աւելի բան կը սորվեցնեն՝ քան տարուան մը ժողովական, դասախօսական հանդիպումները։
Բանակումներու նպատակն է մասնակցող սկաուտներուն գործնապէս սորվեցնել այն բոլոր գիտելիքները, զորս տարուան ընթացքին անոնց կþաւանդուի ժողովասրահներու մէջ։
Կարգապահութեան, հնազանդութեան եւ իրերօգնութեան մասին տրուած դասախօսութիւններէն աւելի, բանակումներու ընթացքին այդ առաքինութիւններուն բնական գործադրութեամբ՝ սկաուտ մը իրապէս կ’ըմբռնէ այդ բառերուն իմաստը։
Տան հանգստաւէտ յարմարութիւնները վայելող սկաուտը վրաններու տակ, չոր գետնի վրայ բնակելով ու պառկելով միայն կը վարժուի իր կեանքը դիմագրաւել չարքաշ եւ տոկուն ձեւով։
Բանակավայրի առօրեայ մաքրութեան գործը, կերակուրներու պատրաստութիւնը եւ… ամաններ լուալու պարտականութիւնը սկաուտին կը սորվեցնեն համեստութիւն, ծառայասիրութիւն եւ ինքզինք կառավարելու ձեռներէցութիւն։
Արժէք մը գնահատելու ամէնէն գործնական միջոցը, թերեւս քիչ մը ցաւալի եւ երբեմն ալ դժուար զայն կորսնցնելն ու վերագտնելն է։ Արդ, կ’արժէ որ սկաուտ մը տարուան ընթացքին 10-15 օր զրկուի ծնողական
ջերմ գուրգուրանքէն, ստիպուի իր ձեռքով մաքրել, սրբել, լուալ եւ եփել, որպէսզի գիտնայ յաւելեալ յարգանք ու ակնածանք տածել իր մօր, քրոջ եւ հարազատներուն, որոնք տարիներ շարունակ սիրայօժար կերպով կը կատարեն իր տան մաքրութեան եւ խնամքի ծանր աշխատանքները։
Եւ դեռ, հետախուզական նշաններու առաջնորդութեամբ լեռներ ու ձորեր մագլցելով՝ ճշդուած նշանակէտի հասնելու եւ զայն գտնելու ճիգն ու խոյանքը սկաուտին կը սորվեցնեն յարատեւութեան եւ հետեւողականութեան լաւագոյն դասերը։
Կէս գիշերուան լռութեան մէջ, սկաուտական գաւազանը ձեռքին՝ բանակավայրին ամբողջ պատասխանատուութիւնն ու պահակութիւնը ստանձնող սկաուտին հոգիին մէջ անջնջելիօրէն կը դրոշմուի ինքնավստահութեան գիտակցութիւնը։
Իբրեւ յարգանքի եւ երախտագիտութեան նշան, իր հայրենիքին եւ միութեան դրօշակին առջեւ օրական երկու անգամ դրօշակի արարողութեան պատուի կանգնող սկաուտը կը սորվի եւ կը հասկնայ դրօշակին նշանակութիւնն ու սրբութիւնը։
Կը պարզուի ուրեմն, որ սկաուտական բանակումները Հ.Մ.Ը.Մ.ական տիպար սերունդներու կերտման գլխաւոր դարբնոցը կը հանդիսանան։ Առանց այդ բանակումներուն սերունդներ ո՞ւր եւ ի՞նչպէս պիտի դարբնուէին, իսկ առանց այդ սերունդներուն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ե՞րբ եւ ի՞նչպէս «Մարդային եւ ազգային առողջ ու հարազատ ապրումներու քուրայ մը» պիտի ըլլար, նորօգ վախճանեալ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին բառերով:
Անմիջական պատասխան պէտք չէ, այլ՝ քիչ մը խորհրդածութիւն…։