Թիւ 41 - ՎԵԹԵՐԱՆՆԵՐԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.՝ Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ իր հիմնադիրներով, ծրագիր-կանոնագրով, նաեւ ու մանաւանդ՝ իր անդամ-անդամուհիներու ժրաջան հետեւողականութեան, հաւատքին եւ զոհաբերումին գումարով։
Հ.Մ.Ը.Մ.՝ Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ, որովհետեւ սերունդ մը անով լիացաւ, սերունդ մը անով սերնդացաւ, սերունդ մը զայն ժառանգե՛ց։
Հ.Մ.Ը.Մ.՝ Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ, որովհետեւ եղաւ ժառանգ եւ ժառանգորդ, միաժամանա՛կ։
Ով որ ալ եւ ինչպէս ալ գրէ պատմութիւնը այս միութեան, պիտի չկարենայ ըլլալ ամբողջական. էջաթիւերը պիտի չըլլան բաւարար ու ոչ մէկ էջ պիտի կարենայ ամբողջապէս եւ ճշմարտապէս պատկերել սերունդները, որոնք անցան՝ պարզած դրօշ, դարձած շարժական վաթան։
Այս միութիւնը ունի պատմութիւնը սերունդներու եւ ոչ թէ պատմութիւնը սոսկ միութեան մը. հետեւաբար, մէկ կամ երկու սերունդ բաւ պիտի չըլլան տալու համար պատմութիւնը այս միութեան։
Ահա վեթերեանները։
Թիզ, թիզ ու կէս կակուղ թաթիկներէն մինչեւ Արջու թաթ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոյն կրած թուխ ու պայծառ ճակտով այս մարդիկը, որոնք օր մը ֆութպոլով հպարտութիւն ներարկեցին բազմութեանց, օր մը պասքեթպոլով, օր մը տողանցքով, օր մը բանակումով, օր մը հսկողութեամբ ու հսկումով, օր մը աթլէթով, օր մը, օր մը, ամէ՛ն օր...
Ասոնք՝ վեթերանները։
Դաշտի տղոցմէ մաս մը որոշ տարիքէ ետք օրացոյց կախեց պատէն, կուրծքէն՝ զինանշան, ու վայելե՛ց Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Լսեց Հ.Մ.Ը.Մ.՝ ու յիշեց ինքզինք, իր մանկութիւնը, պատանութիւնը, երիտասարդութիւնը, մինչեւ... ծերութի՛ւն։
Ծերացած Հ.Մ.Ը.Մ.ական տեսա՞ծ էք երբեւիցէ։
Գործի վրայ գործող բոլորը ուղիղ են, նոյնիսկ կորաքամակները աշխոյժ են, կը բուրեն հաւատք ու եռանդ։
Վեթերանները յիշատակ ձգած ու յիշատակ դարձած խլեակներ չեն, քաշուած՝ դաշտէն ու ժողովէն։ Շքանշան ստացած ու անով իրենց ողջութեան մեռածներ չեն վեթերանները։ Վեթերանները մէկական խստաբիբ ու պահանջկոտ նայուածք են, հսկիչ, որոնց ներկայութեան նորերը փողկապ կը շտկեն, կը շտկռտուին, կը քաշուին ու պատրաստ են հաշիւ տալու։ Ակնածանք կը պարտադրեն վեթերանները եւ կը մնան օրինակելի։
Հ.Մ.Ը.Մ.՝ Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ, որովհետեւ վեթերաները շարունակեցին իրենց միութեան նայիլ այնպէս, ինչպէս հայրերը կը նային իրենց զաւակներուն։
Հ.Մ.Ը.Մ. հա՞յր եղաւ սերունդներուն համար թէ զաւակ։
Յամենայնդէպս, եթէ վեթերանները օր մը կազմեցին այս միութեան ուժը ու հաւաքեցին բաժակ ու շքանշան, քաղեցին դափնեպսակ հազարանուն դաշտերէ, անոնք՝ վեթերանները հիմա ու ընդմիշտ դարձան աղ ու համովցուցին նայուածքը, քալուածքը, յաջորդականութիւնը, երթը։
Վեթերանները աղքատացած մեծահարուստներ են, որոնք կը շարունակեն ազնուական մնալ։ Անկիւն մը պահուած ադամանդ, պատէն կախուած հազուագիւտ նկար, հնութեան վերածուած գորգ...
Վեթերանները տակաւին կը մնան այն լապտերները, որոնք կրնան գործածուիլ անկասկած, երբ կտրուին՝ ելեկտրականութեան թելերը, երբ մութը կախէ մռութը, իրենք՝ վեթերաննե՛րը կը դառնան կանթեղ եւ կը լուսաւորեն, կը լուսաւորեն
Իրենք զիրենք, շրջապատը, զիրենք ծնող, իրենցմէ ծնած նորը, հինը՝
Հ.Մ.Ը.Մ.ը։