Թիւ 42 - ԹՈՌՆԻԿԸ
Լոս Անճելըս պատմութեան անցաւ։
Ողիմպիականներու ջահը իր 23-րդ բռնկումը կատարեց հոս, հարիւր հազարաւոր հանդիսատեսներու խելացնոր ծափերուն եւ հուռաներուն տակ։ Միլիոնաւոր մարդիկ, բարեկամ ու մրցակից, հեռատեսիլներու առջեւ այսքան պերճանքի ի տես սարսռացին։
Տխրեցան բացակաները։
Ինչ բացատրութիւն ալ տրուի եւ ինքնադարացման ինչ պատճառաբանութիւններ ալ շարուին, մեր կողմէ պարզապէս ափսոսանք՝ հին, նոր ու գալիք բացականերուն հաշուոյն։
Օրին անդրադարձած ենք արդէն բացականերու անընդունելի կեցուածքին եւ մեր խմբագրականներէն մէկով բանաձեւած ենք մեր հաւատամքը՝ «ԲՈԼՈՐԻՆ ԴԷՄ» խորագրով։
Այս չէ սակայն թոռնիկին պատմութիւնը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, ինչպէս միշտ եւ ինչպէս բոլոր մարզերուն մէջ, ցարդ կազմակերպուած բոլոր կազմակերպուածներուն լաւագոյնը ընելու տենդէն բռնուած, ողիմպիականի բացման հանդիսութեան հրաշալիքներ հրամցուցին։
Դարու թեքնոլոժին գծեց ողիմպիականին մասնակցող բոլոր երկիրներու դրօշները, կոճակի մը կոխելու պարզութեամբ։
Ջահին բոցը ՀԻՆԳ օղակներէ անցաւ նախքան կեդրոնական ջահ հասնիլը, ինչ որ իմաստալից էր եւ թեքնիքի մը ուրիշ արտայայտութիւնը։
Աւելի քան տպաւորիչ, երազականէն վեր բան էին երգչախումբը, ֆանֆարը, հազարաւորներու կշռութաւոր ու անկշռոյթ պարը...
Բայց մանաւանդ տեսնելու բան էր կրակը դաշտ բերող, կրակը վերջին մարզիկին փոխանցող սեւուլիկ աղջկան նշանակումը Մ. Նահանգներու ողիմպիական խաղերը կազմակերպելու կոչուած կոմիտէին կողմէ։
Ժպտադէմ այս սեւամորթուհին թոռնիկն էր Ճեսի Օվընսին որ ճիշդ 48 տարի առաջ, Պերլինի մէջ կայացած ողիմպիականին, իր յաղթանակով խորտակե՛ց Հիթլերի ռասիզմը եւ Հիթլերը փախցուց դաշտէն... Մ. Նահանգներուն ապահովելով ոսկի մետալ։
Յաղթանակ՝ մարզական եւ բարոյական զոյգ առումներով։
Մ. Նահանգները ինչ լա՜ւ, որ գիտեն պատուել Մ. Նահանգներու պատիւը բարձր պահողներու յիշատակը։
Մ. Նահանիգները ինչ լա՜ւ, որ ո՛չ միայն նիւթական սեփականութիւնը կը ճանչնան որպէս ժառանգելի իրաւունք, այլ ժառանգական կը նկատեն պատիւը, երախտիքը, արժանաւորութիւնը, անցեալի մէջ պատահած դէպք մը։
Մ. Նահանգները, վերջապէս, բնակա՛ն է որ չկարենա՛ն մոռնալ որեւէ դէպք, որ յուզած է զիրենք։
Ահա ողիմպիական 23-րդ խաղերուն իր թոռնիկով յարութիւն առած Ճեսի Օվընսը։
Կեանքի եւ հայրենիքի շարունակականութիւնը անշո՛ւշտ պայմանաւորուած է մեծ հայրերէն թոռնիկներուն փոխանցուած աւանդով, թոռնիկներով ու ծոռերով ապրող մեծ-մեծ-մեծ հայրերու իրողութեամբ։
Ու այս հասկացողութեան մէջ մենք որքա՜ն նման ենք իրարու, մէկ պզտի՛կ տարբերութեամբ։ Մինչ Մ. Նահանգներու թոռնիկներուն ժառանգ ինկած է փառքի բախտը, հայերուս թոռնիկներուն ինկած է ցաւի բաժինը։ Բախտ կամ ցաւ, նոյնն է, ժառա՛նգ։
Ո՞վ չի գիտեր, թէ ամէն տեղ մեծ հայրիկը մեծ հայրիկ է, ու թոռնիկը՝ թոռնիկ։
Հայրենիքն ու հայրենասիրութիւնը՝ հայրենի՛ք է ու հայրենասիրութի՛ւն։
Ամէ՛ն տեղ, ամէ՛ն ժամանակ, ամէ՛ն ազգի համար։
Փառքի կամ ցաւի մէջ, հաւասարապէ՛ս...