Թիւ 244 - ՆՈՐ ՏՈՒՆԸ («ԱՂԲԱԼԵԱՆ-Հ.Մ.Ը.Մ.» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Վերնագիրը ինքնին պերճախօս է:

Պարզ իմաստով ո՞վ չի հասկնար տան, բոյնի կամ օճախի իմաստն ու նշանակութիւնը:

Կենդանիները բնազդով կը շինեն իրենց բոյնը, իսկ մարդը բնազդաբար ու գիտակցաբար կը հիմնէ իր տունը կամ օճախը, ուր ինքզինք կը զգայ ազատ, հանգիստ ու երջանիկ:

Լայն իմաստով՝ տունը միայն ընտանիք եւ ընտանեկան յարկ չէ, ուր մարդ ազատութիւն, հարազատութիւն եւ ջերմութիւն կը գտնէ: Անիկա կ’իմաստաւորուի սեփականութեան իրաւունքով,  ազատ ու անկաշկանդ ապրելու տենչով, ինքնուրոյն ապրելակերպով եւ մթնոլորտով:

Մարդիկ, նոյն նպատակին շուրջ բոլորուած հաւաքականութիւններ, միշտ կը ձգտին ունենալ իրենց տունը կամ օճախը, ուր ճշդուած սահմաններու մէջ անոնք կը ղեկավարուին իրենք իրենցմով, սեփական օրէնքներով, հաւաքականութեան աւանդութիւններով եւ արժէքներով:

Հ.Մ.Ը.Մ. նման տունով մը օժտուեցաւ Լիբանանի մէջ, «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային կեդրոնին բացումով: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի մասնաճիւղին հետ Լիբանանի ընտանիքը ունեցաւ կեանքի եւ պայմաններու հրամայական անհրաժեշտութիւն դարձած արդիական իր նոր տունը:

Անշուշտ, կոչումի մը ծառայող քարակերտ կառոյցները ինքնանպատակ չեն: Անոնք միջոցներ են ծառայելու այն նպատակին, որուն համար ստեղծուած են: Բայց լաւ աշխատանքի համար անհրաժեշտ են լաւ պայմաններ, որոնք այս պարագային ապահովուած են տարիներու անխոնջ աշխատանքով եւ մեծ զոհողութիւններով:

«Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային կեդրոնը, իր «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» պասքէթի դաշտով եւ չորս յարկանի յարմարաւէտ պայմաններով, սոսկական տուն մը, քարակերտ կառոյց մը  չէ սակայն, այլ՝ բարոյական աւանդութիւններու եւ գաղափարական ապրումի կենդանի օճախ մըն է, որուն քարերը կարծես շաղախուած ըլլան հայրենի հողին սրբազան կաւով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներու աճիւններով եւ նուիրեալներու քրտինքով: Զայն չեն կրնար քանդել կեանքի սովորական փոթորիկներն ու թշնամիի հարուածները, որովհետեւ նիւթեղէն իր կառոյցէն աւելի ան ոգի՛ է ու ներշնչարան:

«Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային կեդրոնը հայեցի մթնոլորտ շնչելու եւ անցեալին կապուելու հարազատ տուն մըն է, որուն յարկին տակ հասակ նետողները հանրային նուիրումի ըմբռնում մը, բարձրագոյն իտէալներու ձգտում մը կը սնուցանեն իրենց մէջ: Կեդրոնը միայն գաղափարական մարդոց ժողովատեղի չէ, միայն մարզական, մշակութային ու դաստիարկչական հնոց չէ, այլ՝ տեսլականի ու մարդակերտումի դարբնոց է, ուր մտնողները հպարտութեամբ կը լեցնեն իրենց կուրծքերը եւ գաղափարով ու հաւատքով զօրացած դուրս կու գան անկէ:

«Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» կեդրոնը տարիներու երազ մըն էր, որ իրականութիւն դարձաւ պատուաբեր յաջողութեամբ: Կեդրոնին մեծաշուք բացման հանդիսութեան, բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեամբ, հաւաքական ստորագրութիւն մը դրուեցաւ, հաւաքական երաշխիք մը տրուեցաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ. իր նոր տան մէջ հայօրէն ապրելու իմաստը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականօրէն ծառայելու վայելքը պիտի փոխանցէ նորահաս սերունդներուն:

Պէտք է գիտնալ օգտուիլ այդ վայելքէն եւ ջերմանալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ առաքեալներու բոցավառած գաղափարի այն լոյսէն, զոր այսօր լիառատ կը բաշխուի Անթիլիասի բարձունքին թառած նորաբաց այս կեդրոնէն:

Տարածենք