Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկը կը դաւանի «Առողջ միտքը, առողջ մարմնի մէջ» մարզական միջազգային կարգախօսը, միաժամանակ ան ոչ-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկէն կը զատորոշուի իր ազգային յատուկ նկարագիրով եւ Հայաստանին ու հայութեան հանդէպ իր նուիրական պարտաւորութեամբ։
Եթէ երբեք այլ մարզիկներու նման մրցումները միայն մարզական ելոյթներ են, յաղթանակով կամ պարտութեամբ վերջացող, Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկի պարագային, այդ մրցումները հայ ժողովուրդի պայքարելու ոգիին ու կամքին արտայայտութիւններն են։
Արդ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկը.-
1. Հաւատարիմ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Բարձրացի՛ր- բարձրացուր» նշանաբանին։ Ան պատրաստ է անսակարկ եւ հաւատարմօրէն ծառայելու ազգին ու հայրենիքին։
2. Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկը մաքուր է նկարագիրով, մտքով եւ բարոյականով։
3. Դաշտերէն ներս թէ դուրս, կարգապահ ու քաղաքավար է, միջազգային «ֆէր փլէյ»ին տիպարն է։
4. Ան զուսպ է իր արտայայտութիւններուն կամ շարժումներուն մէջ եւ նախանձախնդիր է իր պատկանած միութեան բարոյականին։
5. Ան կը յարգէ իր պատասխանատուն կամ մարզիչը, կþենթարկուի անոր բոլոր ցուցմունքներուն՝ առանց այլեւայլի։
6. Մրցումներուն կը մասնակցի յաղթելու վճռակամութեամբ։ Ան երբեք տկարութիւն չի ճանչնար։
7. Ան կը հաւատայ, որ մաս կը կազմէ հաւաքականութեան մը, մեծ ընտանիքի մը, որ իր կարգին կը հաւատայ հաւաքական աշխատանքի եւ համագործակցութեան սկզբունքին։
8. Յաղթանակներն ու պարտութիւնները կþընդունի մարզական նոյն ոգիով, վեհանձնութեամբ եւ համեստութեամբ։
9. Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկին ֆիզիքականը որքան կը պատկանի իրեն՝ նոյնքան կը պատկանի իր միութեան։ Ան կը գուրգուրայ իր ֆիզիքական առողջութեան եւ մաքրութեան՝ հեռու քանդիչ մոլութիւններէ։
10. Ան կը հաւատայ Հայաստանին եւ Հայ Դատին ու միշտ պարտաստ է զինուորագրուելու եւ ծառայելու Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։