Արարատեան կարգի գիտելիքներուն բովանդակութիւնը կը ներառնէ բաւարար պաշար այն խմբապետներուն, որոնք իրենց պաշտօնին բերումով յանձնառու են խմբապետներ ղեկավարելու եւ անոնց աշխատանքներուն ցուցմունքներ տալու։ Թեկնածուները իրենց պատրաստութեամբ եւ փորձառութեամբ ի վիճակի պիտի ըլլան ստանձնելու պատասխանատու պաշտօններ միութենական թէ ազգային զանազան կառոյցներու մէջ։
ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ
1. Ունենալ Վկայեալ կարգ։
2. Ունենալ խմբապետի աստիճան։
3. Ըլլալ գործօն խմբապետ (նուազագոյնը երկու տարի)։
4. Ստանձնած ըլլալ մասնաճիւղի եւ կամ շրջանի ընդհանուր բանակումի պատասխանատուութիւնը կամ ըլլալ պատասխանատու կազմի անդամ։
5. Լաւատեղեակ ըլլալ միութեան եւ սկաուտութեան ընդհանուր կանոնագիրներուն։
Ա. ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ
Սերտել, ուսումնասիրել, իւրացնել եւ ներկայացնել՝
1. Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը, նպատակը եւ կառոյցը։
2. Միութեան Ընդհանուր եւ Ներքին Կանոնագիրները։
3. Վարչութեան դիւանի գործունէութիւնը։
4. Փոխ յարաբերութիւնները՝ խմբապետի, միաւորի խմբապետի, մասնաճիւղի խմբապետի եւ Սկաուտական Խորհուրդի հետ։
Բ. ԱԶԳԱՅԻՆ
Ծանօթանալ ստորեւ յիշուած նիւթերուն, ապա ըստ նախասիրութեան ընտրել անոնցմէ մէկը եւ լաւապէս սերտելէ եւ ուսումնասիրելէ ետք՝ ներկայացնել զայն խումբի անդամներուն։
1. Հայոց Պատմութիւն.-
ա. Հայկական Թագաւորութիւններ
բ. Մշակոյթ
- Լեզու - Գրականութիւն
- Ճարտարապետութիւն-քանդակագործութիւն
- Երաժշտութիւն (երգ-պար)
2. Հայ յեղափոխական շարժումներու գաղափարաբանութիւնը, գործելակերպը եւ նպատակը։ Դէմքեր, դէպքեր եւ յեղափոխական դրուագներ.-
- Կուկունեանի արշաւանքը
- Պանք Օթոման
- Խանասորի արշաւանք
- Փետրուարեան Ապստամբութիւն
- Քրիստափոր - Ռոստոմ - Զաւարեան
- Հայ Դատի զինեալ պայքար՝ Սողոմոն Թեհլիրեանէն մինչեւ Լիզպոնի 5 մարտիկները եւ Արցախեան պայքարի ազատամարտիկները։
3. Հայրենիք-Սփիւռք - Հայ Դատ - ժամանակակից հայոց պատմութիւն
Գ. ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ
1. Գիտնալ սկաուտական գործունէութեան մը թղթածրարը պատրաստել, ծրագրել, կազմակերպել եւ իրագործել։
2. Գիտնալ ծրագրել, կազմակերպել եւ վարել հանրային ձեռնարկ մը, ըստ շրջանի կարողականութեան։
3. Ծանօթանալ միջազգային սկաուտութեան կանոնագրութեան։
Դ. ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ
Ծանօթանալ եւ սերտել՝
1. Միջազգային գաղափարախօսութիւնները։
2. Միջազգային գլխաւոր կազմակերպութիւնները։
3. Ազգային նկարագիրը եւ քաղաքացիական պատկանելիութիւնը։
Ե. ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ
Ծանօթանալ, սերտել եւ ուսումնասիրել՝
1. Մարդկային հոգեկան կառոյցը
2. Մարդկային հիմնական պահանջներն ու մղումները
3. Ղեկավարի մը յատկութիւնները
ա) Հանրային յարաբերութիւն
բ) Հաւասարակշռել տարակարծութիւնները անհատներու կամ խմբաւորումներու միջեւ
Զ. ԿՐՕՆԱԿԱՆ
1. Ծանօթանալ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ 7 խորհուրդներուն.-
ա. Մկրտութիւն
բ. Դրոշմ
գ. Ապաշխարութիւն
դ. Հաղորդութիւն
ե. Պսակ-Ամուսնութեան
զ. Կարգ ձեռնադրութեան
է. Կարգ Հիւանդաց կամ Վերջին Օծում
2. Ծանօթանալ եւ բաղդատել քրիստոնէութիւնը այլ կրօններու եւ կրօնական մտածողութիւններու եւ աղանդներու հետ
ա. Իսլամութիւն
բ. Հրէութիւն/Մովսէսականութիւն
դ. Պուտտայականութիւն
ե. Հինտուիզմ
զ. Եհովայի վկաներ
3. Ծանօթանալ եւ սերտել Ազգային Սահմանադրութիւնը
Ցարդ, «Արարատեան» կարգ ստացած են հետեւեալ քոյրերն ու եղբայրները.-
8 Օգոստոս 2010-ին.- Թալին Հինտոյեան (Արեւմտեան Մ. Նահանգներ), Ալին Պաղտասարեան (Արեւելեան Մ. Նահանգներ), Յակոբ Չպլաքեան, Ժանօ Քէչէճեան (Լիբանան), Աւետիս Տէրվիշեան (Սուրիա), Ռոմանոս Պետրոսեան (Հայաստան), Ակուսթին Անալեան (Հարաւային Ամերիկա), Յարութ Պաղամեան եւ Ռուբէն Նալպանտեան (Երուսաղէմ)։
9 Օգոստոս 2014-ին.- Նայիրի Մանուկեան, Արտաշէս Ղազարեան, Իվանա Գրիգորեան, Նաթալի Հինտոյեան, Կարինէ Քենտոյեան, Սօսի Պէքարեան, Լարա Փանոսեան, Դալար Գալուստեան (Արեւմտեան Մ. Նահանգներ), Սօսէ Պէօճէքեան, Սմբատ Դրամկոչեան (Արեւելեան Մ. Նահանգներ), Ալիք Տէր Պետրոսեան, Կարէն Աբրահամեան, Յակոբ Չաթալեան, Թամար Քէշիշեան, Բիւզանդ Մկրտիչեան, Արտա Զէյթունլեան, Զաւէն Տէր Պետրոսեան, Ռազմիկ Տօնիկեան, Շողեր Թասլաքեան (Լիբանան), Յովիկ Փամբալեան (Սուրիա), Նարէ Խլղաթեան, Սահակ Մատարեան, Ալեքսան Գույումճեան, Վիգէն Յովհաննէսեան (Հայաստան), Մարիանօ Տօնիկեան (Հարաւային Ամերիկա), Կարինէ Սիսեռեան եւ Պօղոս Մահպուպեան (Փարիզ)։
28 Յուլիս 2018-ին.- Ռիթա Ղուկասեան, Դանիէլ Շահգելդեան, Անուշ Ղազարեան (Արեւմտեան Մ. Նահանգներ), Արմէն Պալէոզեան, Արուշ Պէրպէրեան, Վարդան Քարկոցեան (Գանատա), Սեպուհ Տօնիկեան, Մելքոն Պապէեան, Ռուբէն Պապէեան, Նարօտ Տէմիրճեան, Անի Անտոնեան, Ճորճ Մալեան, Վարդուկ Ֆըռնզլեան, Պետիկ Գասպարեան, Մենար Պոյաճեան, Ալին Արապաղլեան, Լիւսի Պէօրքիւպէօյիւքեան, Կասիա Թիմիճեան, Սերժ Ղարիպեան (Լիբանան), Ծովիկ Թէփիրճեան (Սուրիա), Միքայէլ Տէմիրճեան, Յակոբ Թութուշեան եւ Նիքոլաս Կարէն Նաքքաշեան (Հարաւային Ամերիկա)։
Յուլիս 2023-ին.- Յարութ Տէր Ներսէսեան, Նորա Վէքիլեան, Կարինէ Սարգիսեան, Նենսի Խաչատուրեան (Սոտերթելիա- Շուէտ), Մաուրօ Նաքքաշեան, Անոյշ Տէր Յակոբեան, Նիքոլ Անահիտ Աւագեան, Սոֆիա Զանիկեան, Արթին Սանկուէտոլչէ Փափազեան (Հարաւային Ամերիկա), Աննա Աւագեան (Լոնտոն), Յակոբ Գասպարեան (Ալմելօ), Սեւակ Նազարեան, Նարեկ Հաննէեան, Գէորգ Օհանեան (Հայասհան), Ճոն Պանտէք, Լիսա Փանոսեան, Մանէ Շահպազեան, Նարեկ Կուշերեան, Ռոնի Հայրումեան, Սարին Փանոսեան, Սերոբ Ճէճէեան, Շահան Աթմաճեան, Վաչէ Հաթամեան, Վահէ Օհանեան (Արեւմտեան Մ. Նահանգներ), Արազ Չերչեան, Կասիա Էճիտեան, Սիմոն Տէրտէրեան, Արաքս Խօշեան, Լոռի Պիլալեան, Գառնի Քէնտիրճեան (Լիբանան), Յակոբ Ուրիշիկեան (Սուրիա), Ալիսիա Աղազարեան (Գանատա), Վիգէն Մինասեան (Յունաստան), Սեւան Պազարճեան (Աւստրալիա)։