Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանը կը տրուի՝
- Միութենականի մը կամ միութեան բարեկամի մը, որ իշխանական նուիրատուութիւն կատարած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին։
- Հայ կամ օտար անձնաւորութեան մը, որ թանկագին ծառայութիւն մատուցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

Պատուանշանը հաստատուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Զ. Պատգամաւորական Ժողովին կողմէ, Ապրիլ 1995-ին։

Ստորեւ՝ մինչեւ օրս «Արտակարգ» պատուանշանի արժանացած անձնաւորութիւններուն անունները պարգեւատրման թուականներով։

Շքանշանակիր Շրջան. Մեկուսի կամ մասնաճիւղ Տուչութեան թուական
Արամ Արք. Քէշիշեան    (Այժմ կաթողիկոս) Պէյրութ 17 Ապրիլ 1995
Սուրէն Արք. Գաթարոյեան Հալէպ 14 Նոյեմբեր 1993
Արսէն Հեքիմեան  Սիտնի 6 Դեկտեմբեր 1995
Սարգիս Տէր Պետրոսեան Սիտնի 6 Դեկտեմբեր 1995
Պերճ Մոմճեան Սիտնի 6 Դեկտեմբեր 1995
Յովհաննէս Մարտոյեան Սիտնէյ 6 Դեկտեմբեր 1995
Փայլակ Ադամեան Մելպուռն 6 Դեկտեմբեր 1995
Պերճ Թաշճեան Մելպուռն 6 Դեկտեմբեր 1995
Արթուշ Աղամալեան Սիտնի 6 Դեկտեմբեր 1995
Զաւէն Բրուտեան Սիտնի 6 Դեկտեմբեր 1995
Արմէն Սմբատեան Հայաստան 19 Նոյեմբեր 1998
Յովհաննէս Սերոբեան Դամասկոս 20 Դեկտեմբեր 1998
Սարգիս Պասմաճեան Դամասկոս 20 Դեկտեմբեր 1998
Յակոբ Մկրտիչեան Գամիշլի 20 Դեկտեմբեր 1998
Տոքթ. Տիգրան Չափանեան Հալէպ 20 Դեկտեմբեր 1998
Ռոլանտ Շառոյեան Երեւան  
Խորէն Քիրազեան Սոֆիա 31 Մարտ 1999
Տոքթ. Սուրէն Պայրամեան Գահիրէ 31 Մարտ 1999
Վարդիվառ Յովհաննէսեան Պուրճ Համուտ-Փարիզ 31 Մարտ 1999
Տիգրան Պարտիզպանեան Փլովտիվ 27 Ապրիլ 2002
Զաքար Չորպաճեան Պուրճ Համուտ  
Մինաս Ադամեան Աթէնք 2 Փետրուար 2003
Սերգօ Իսկահատեան Աթէնք 2 Փետրուար 2003
Կարօ Յովակիմեան Գոքինիա 2 Փետրուար 2003
Առաքել Թերզեան Հալէպ  
Ցոլակ Թիւթէլեան  Պէյրութ 14 Նոյեմբեր 2008
Տիգրան Հաճէթեան  Գանատա Յետ մահու, 15 Նոյեմբեր 2008 
Գեղամ Եպս. Խաչերեան Պէյրութ 7 Մարտ 2010
Ժան Ապաճեան  Ճիւնի 21 Յունուար 2012
Օշական Արք. Չոլոյեան Արեւելեան Մ. Նահանգներ 6 Յուլիս 2013
Գաբրիէլ Չեմպէրճեան                         Հայաստան 7 Սեպտեմբեր 2015
Աշխէն Փիլաւճեան Արեւմտեան Մ. Ն. 21 Նոյեմբեր 2015
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Արեւմտեան Մ. Նահանգներ 12 Նոյեմբեր 2016
Զաւէն Տէրվիշեան Հալէպ 22 Դեկտեմբեր 2016
Շանթ Հայթայեան Արեւմտեան Մ. Ն. 18 Նոյեմբեր 2017
Տոքթ Շաւարշ Քրիսեան Արեւմտեան Մ. Ն. 24 Յուլիս 2018
Բիւրակն Չերազ Հայաստան 24 Յուլիս 2018
Վարուժ Միրզայեանս Արեւմտեան Մ. Ն. 28 Հոկտեմբեր 2018
Շահան Արք. Սարգիսեան Հալէպ 3 Նոյեմբեր 2018
Մանուկ Մանուկեան Հայաստան 18 Նոյեմբեր 2018
Վահան Չալիքեան Թորոնթօ 24 Նոյեմբեր 2018
Սամսոն Քահքէճեան Գէմպրիճ 24 Նոյեմբեր 2018
Տիրան Շահինեան Լաւալ 25 Նոյեմբեր 2018
Գրիգոր Գույումճեան Մոնթրէալ 25 Նոյեմբեր 2018
Բաբգէն Կարապետեան Մոնթրէալ 25 Նոյեմբեր 2018
Հրաչ Մարութեան Շուէտ 9 Դեկտեմբեր 2018
Րաֆֆի Եսայեան Լիբանան 10 Մարտ 2019
Անտրէ Սանթինի Փարիզ 20 Սեպտեմբեր 2019
Սաատ Հարիրի Լիբանան 3 Հոկտեմբեր 2019
Սթիւ Արթինեան Արեւմտեան Մ. Ն. 10 Հոկտեմբեր 2019
Օննիկ Գելիչի Ալմելօ 7 Մայիս 2022
Տիրուհի Պարտիզպանեան-Գրիգորեան Փլովտիվ 25 Յունիս 2022
Սագօ Կարապետեան Արեւմտեան Մ. Նահանգներ 3 Նոյեմբեր 2023

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանը հաստատուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 17 Ապրիլ 1995-ին։

Յօդ. 1 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իրեն կը վերապահէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշան տալու որոշումը եւ շքանշանը կը յանձնուի իր կամ լիազօր անձի մը կողմէ։

Յօդ. 2 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանին հետ կը յանձնուի համապատասխան լամբակի պէճ եւ հաստատագիր, որ կը կրէ Կեդրոնական Վարչութեան կնիքը, ատենապետին եւ ատենադպիրին ստորագրութիւնները, պարգեւատրման որոշումի թուականը։

Յօդ. 3 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ մատեանի մէջ կþարձանագրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանին արժանացած անձերուն անունները, նկարները եւ պարգեւատրման որոշումի թուականը։

Յօդ. 4 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանին կրնայ արժանանալ.-

   ա) Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը կամ միութեան բարեկամ մը, որ իշխանական նուիրատուութիւն կատարած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

   բ) Հայ կամ օտար անձնաւորութիւն մը, որ թանկագին ծառայութիւն մատուցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

Յօդ. 5 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանով կրնայ պարգեւատրել.-

   ա) Իր նախաձեռնութեամբ. այս պարագային անհրաժեշտ է նախապէս տեղեակ պահել պարգեւատրեալին բնակած երկրին Շրջանային կամ Մեկուսի Վարչութիւնը։

   բ) Շրջանային կամ Մեկուսի Վարչութեան դիմումով. այս պարագայն անհրաժեշտ է որ առաջարկին կցուած ըլլան ենթակային կենսագրութիւնը եւ «Արտակարգ» պատուանշանին պարգեւատրումին յատուկ դիմումնագիրը, որ իբրեւ «Յաւելուած» մաս կը կազմէ այս կանոնագրութեան։

Յօդ. 6 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը «Արտակարգ» պատուանշանով պարգեւատրուած անձին անունը կը հրատարակէ իր պաշտօնաթերթին մէջ, հայ մամուլով, նաեւ յատուկ շրջաբերականով կը յայտնէ Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններուն, որոնք իրենց կարգին կը փոխանցեն մասնաճիւղերուն եւ շարքերուն։

Յօդ. 7- Կարելի է յետ մահու պարգեւատրել թանկագին ծառայութիւն մատուցած անձնաւորութիւն մը։

Տարածենք