g
.

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեայ պատմութեան դարբիններուն ծանօթանալու համար կը բաւէ արագ աչք մը նետել միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին արժանացած անուններու ցանկին վրայ, երեւան հանելու համար անոնք, որոնք կեանք մը ամբողջ սպառեցին միութենական ծառայութեան ճամբով հայ ժողովուրդի մատղաշ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան ի խնդիր։

Միութիւնը երախտամոռ չգտնուեցաւ նմաններուն հանդէպ եւ Պատգամաւորական իր Առաջին Ժողովին իսկ թելադրանքով (Դեկտեմբեր, 1974) եւ իր անդրանիկ Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ (22 Փետրուար 1976) հաստատեց «Արժանեաց» շքանշանի դրութիւն, «ոսկի» եւ «արծաթ» տարբերակներով։

1995-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Զ. Պատգամաւորական Ժողովին որոշումով, երկու տարբերակները միացուեցան եւ ճանչցուեցան պարզապէս իբրեւ «Արժանեաց» շքանշան, որուն կրնայ արժանանալ՝ «Երախտապարտ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը, որ միութենէն ներս ունեցած է երկարամեայ ծառայութիւն, սատարած է միութեան ամրապնդման, զարգացման կամ իր սկաուտական, մարզական եւ կազմակերպչական բեղուն գործունէութեան ընթացքին հանդիսացած է տիպար եւ օրինակելի» («Արժանեաց» շքանշանի կանոնագրութիւն, յօդուած թիւ 4)։

Ստորեւ՝ ցանկը շքանշանակիր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն։

Շքանշանակիր Շրջան. Մեկուսի կամ մասնաճիւղ Տուչութեան թուական
Լուտեր Մասպանաճեան Հալէպ-Թորոնթօ Յետ մահու, 30 Յունուար 1977
Թորոս Խաչատուրեան Գահիրէ 6 Սեպտեմբեր 1977
Յովհաննէս Շահինեան Պէյրութ 13 Նոյեմբեր 1977
Լեւոն Գայեան Աթէնք 25 Յուլիս 1978
Գէորգ Յաբէթեան Աթէնք 25 Յուլիս 1978
Խաչիկ Բարթեմեան Սելանիկ 7 Օգոստոս 1978
Տիգրան Ա. Քհնյ. Խոյեան Ուաշինկթըն 13 Օգոստոս 1978
Վահան Գաւուքճեան Աղեքսանտրիա 10 Փետրուար 1979
Դանիէլ Դանիէլեան Աթէնք-Մոնթրէալ 26 Հոկտեմբեր 1980
Ալպէր Յակոբեան Պէյրութ 17 Դեկտեմբեր 1980
Քերոբ Առաքելեան Լոս Անճելըս 28 Նոյեմբեր 1982
Հրանդ Մուրատեան Պէյրութ 2 Յունուար 1983
Գարեգին Շամլեան Գահիրէ - Նիւ Ճըրզի 31 Յուլիս 1983
Տիգրան Ոսկերիչեան Դամասկոս 11 Դեկտեմբեր 1983
Սարգիս Պապիկեան Դամասկոս 11 Դեկտեմբեր 1983
Պետրոս Կարապետեան Պոսթըն 25 Նոյեմբեր 1984
Շաւարշ Ա. Քհնյ. Մեհրապեան Պուէնոս Այրէս 22 Նոյեմբեր 1985
Պարգեւ Միսիրեան Հալէպ Մարտ 1987
Յովհաննէս Սթամպուլեան Նիւ Ճըրզի 10 Սեպտեմբեր 1988
Տոքթ. Ժոզէֆ Մելիքեան Ֆիլատելֆիա 10 Սեպտեմբեր 1988
Ճորճ Տաքէսեան Ամման 24 Նոյեմբեր 1988
Զաւէն Սապունճեան Հալէպ 27 Նոյեմբեր 1988
Սուրէն Նազարեան Հալէպ 27 Նոյեմբեր 1988
Եղիշէ Մանուկեան Պէյրութ - Լոս Անճելըս 14 Մայիս 1992
Յովհաննէս Պայթարեան Պէյրութ 25 Դեկտեմբեր 1992
Վարուժան Գազանճեան Գահիրէ 26 Նոյեմբեր 1993
Յարութիւն Բարսեղեան Լոս Անճելըս 9 Հոկտեմբեր 1993
Ճորճ Տաղլեան Պուէնոս Այրէս 18 Դեկտեմբեր 1993
Պարգեւ Պարսամեան Պուէյնոս Այրէս 18 Դեկտեմբեր 1993
Վարդգէս Ալահայտոյեան Պէյրութ - Լոս Անճելըս 1994
Սեւակ Սագինեան Կլէնտէյլ 1994
Կարպիս Գույումճեան Աթէնք 1994
Ատոմ Թնճուկեան Պէյրութ 11 Ապրիլ 1995
Գրիգոր Մղձաւետիքեան Պէյրութ 11 Ապրիլ 1995
Տոքթ. Յարութիւն Գազանճեան Պէյրութ - Փարիզ .............
Երուանդ Տէմիրճեան Հալէպ - Պուրճ Համուտ 11 Փետրուար 1996
Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան Պուրճ Համուտ - Անթիլիաս 11 Փետրուար 1996
Սամուէլ Մկրտիչեան Լոս Անճելըս 3 Հոկտեմբեր 1998
Վարուժան Սերոբեան Մոնթրէալ 22 Յունիս 1999
Ժիրայր Խաչատուրեան Պէյրութ 18 Յունուար 2000
Տոքթ. Միսաք Արզումանեան Պ. Համուտ - Սան Ֆրանսիսքօ 8 Յուլիս 2001
Արշակ Գոլըստըն Սիտնի 12 Դեկտեմբեր 2002
Պերճ Գրիգորեան Աթէնք 2 Փետրուար 2003
Պօղոս Պօղոսեան Աթէնք 2 Փետրուար 2003
Յարութիւն Թագւորեան Աթէնք 2 Փետրուար 2003
Օննիկ Շանկայեան Աթէնք 2 Փետրուար 2003
Երուանդ Շահինեան Թորոնթօ 16 Փետրուար 2004
Բիւզանդ Թորիկեան Պէյրութ 21 Մարտ 2004
Ժիրայր Սարգիսեան Պէյրութ - Սան Ֆրանսիսքօ 26 Յունիս 2004
Գօգօ Պալեան Պոսթըն - Լոս Անճելըս 26 Յունիս 2004
Վահէ Չոքկարեան Հալէպ - Պէյրութ 11 Մայիս 2006
Կարօ Թիւթիւնճեան Անթիլիաս Յետ մահու, 17 Յունուար 2006
Պետրոս Շեմմեսեան Այնճար - Ժըտէյտէ Յետ մահու, 5 Նոյեմբեր 2006
Յովհաննէս Մարտոյեան Սիտնի 3 Մարտ 2007
Զաւէն Բրուտեան Սիտնի 3 Մարտ 2007
Մանուէլ Հալլաճեան Հալէպ - Թորոնթօ 19 Սեպտեմբեր 2007
Միհրան Շիմշիրեան Պէյրութ 19 Սեպտեմբեր 2007
Զոհրապ Պոսնոյեան Պէյրութ Յետ մահու, 10 Յուլիս 2008
Վարդգէս Տէր Կարապետեան Պէյրութ Յետ մահու, 14 Նոյեմբեր 2008
Պատրիկ Կիւլպէնկեան Պէյրութ 14 Նոյեմբեր 2008
Յովհաննէս Ծատուրեան Լիբանան 14 Նոյեմբեր 2008
Վարդգէս Հայրապետեան Լիբանան 14 Նոյեմբեր 2008
Յարութիւն Մարկարոսեան Լիբանան 14 Նոյեմբեր 2008
Ժագ Պոյաճեան Լիբանան 14 Նոյեմբեր 2008
Հրաչ Տէր Սարգիսեան Գանատա 26 Մայիս 2012
Գէորգ Կարապետեան Սուրիա 9 Օգոստոս 2012
Սարգիս Տէր Պետրոսեան Աւստրալիա 12 Հոկտեմբեր 2013
Վահրամ Դանիէլեան Արեւելտեան Մ. Ն. 11 Յունուար 2014
Յակոբ Համամճեան Լիբանան 8 Մարտ 2015
Աբրահամ Ահարոնեան Հարաւային Ամերիկա 7 Սեպտեմբեր 2015
Արա Յակոբեան Լիբանան 28 Նոյեմբեր 2015
Սարգիս Ստեփանեան Արեւելեան Մ. Ն. 28 Հոկտեմբեր 2018
Պօղոս Չոլաքեան Յունաստան 17 Նոյեմբեր 2018
Կարօ Յովակիմեան Յունաստան 17 Նոյեմբեր 2018
Վարդան Բախշեան Հայաստան Յետ մահու, 18 Նոյեմբեր 2018
Լեւոն Պաղտասարեան Ֆրանսա 22 Նոյեմբեր 2018
Արմէն Կէտիկեան Թորոնթօ 24 Նոյեմբեր 2018
Գէորգ Մանկելեան Մոնթրէալ Յետ մահու, 25 Նոյեմբեր 2018
Սեդրակ Պուրսալեան Մոնթրէալ 25 Նոյեմբեր 2018
Լեւոն Պէնկեան Մոնթրէալ 25 Նոյեմբեր 2018
Գրիգորիս Պողարեան Լիբանան 10 Մարտ 2019
Ստեփան Տէր Պետրոսեան Լիբանան 10 Մարտ 2019
Կարպիս Գապասագալեան Լիբանան 10 Մարտ 2019
Յարութ Չէքիճեան Լիբանան 10 Մարտ 2019
Պետիկ Սապունճեան Լիբանան 10 Մարտ 2019
Յակոբ Խաչերեան Լիբանան 10 Մարտ 2019
Համլէթ Չրախճեան Արեւմտեան Մ. Ն. 11 Ապրիլ 2019
Հրաչ Սիսեռեան Ֆրանսա 14 Հոկտեմբեր 2019
Մանուկ Քէօշկերեան Սուրիա 14 Հոկտեմբեր 2019
Գարլոս Սէֆէրեան Հարաւային Ամերիկա 14 Հոկտեմբեր 2019
Գառնիկ Մկրտիչեան Լիբանան Յետ մահու, 8 Յունուար 2021
Արմանտօ Թորգոմեան Հարաւային Ամերիկա Յետ մահու, 24 Օգոստոս 2021
Արթուրօ Օհաննէսեան Պուէնոս Այրէս 14 Դեկտեմբեր 2022
Յակոբ Եթիմեան Յունաստան 16 Սեպտեմբեր 2023
Շահէ Ենիգոմշեան Արեւմտեան Մ. Նահանգներ 4 Հոկտեմբեր 2023
Մարօ Քէշիշեան Արեւմտեան Մ. Նահանգներ 4 Հոկտեմբեր 2023
Յակոբ Խաչատուրեան Արեւելեան Մ. Նահանգներ 6 Յուլիս 2024
Օշին Փիրումեան Հայաստան 16 Նոյեմբեր 2024

Համաձայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա. Ընդհանուր Ժողովի թելադրանքին (Դեկտեմբեր 1974, Պէյրութ) եւ Կեդրոնական Վարչութեան որոշումին (29-րդ նիստ, 22 Փետրուար 1976), կը հաստատուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանի դրութիւն։

ՅՕԴ. 1 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իրեն կը վերապահէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշան տալու որոշումը եւ շքանշանը կը յանձնուի իր կամ լիազօր անձի մը կողմէ։

ՅՕԴ. 2 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանին հետ կը յանձնուի համապատասխան լամբակի պէճ եւ հաստատագիր, որ կը կրէ Կեդրոնական Վարչութեան կնիքը, ատենապետին եւ ատենադպիրին ստորագրութիւնները, պարգեւատրման որոշումի թուականը։

ՅՕԴ. 3 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ ոսկեմատեանի մէջ կþարձանագրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանին արժանացած անձերուն անունները, նկարները եւ պարգեւատրման որոշումի թուականը։

ՅՕԴ. 4 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց շքանշանին կրնայ արժանանալ երախտապարտ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը, որ միութենէն ներս ունեցած է երկարամեայ ծառայութիւն, սատարած է միութեան ամրապնդման, զարգացման կամ իր սկաուտական, մարզական եւ կազմակերպչական բեղուն գործունէութեան ընթացքին հանդիսացած է տիպար եւ օրինակելի։

ՅՕԴ. 5 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշան կրնայ պարգեւատրել.-

   ա) Իր նախաձեռնութեամբ. այս պարագային անհրաժեշտ է նախապէս տեղեակ պահել պարգեւատրեալին բնակած երկրին Շրջանային կամ Մեկուսի Վարչութիւնը։

   բ) Շրջանային կամ Մեկուսի Վարչութեան դիմումով. այս պարագային անհրաժեշտ է որ առաջարկին կցուած ըլլան ենթակային կենսագրութիւնը եւ «Արժանեաց» շքանշանին պարգեւատրումին յատուկ դիմումնագիրը, որ իբրեւ «Յաւելուած» մաս կը կազմէ այս կանոնագրութեան։

ՅՕԴ. 6 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը «Արժանեաց» շքանշանով պարգեւատրուած անձին անունը կը հրատարակէ իր պաշտօնաթերթին մէջ, հայ մամուլով, նաեւ յատուկ շրջաբերականով կը յայտնէ Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններուն, որոնք իրենց կարգին կը փոխանցեն մասնաճիւղերուն եւ շարքերուն։

ՅՕԴ. 7 - Կարելի է յետ մահու պարգեւատրել երկարամեայ ծառայութիւն ունեցած եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ամրապնդման, զարգացման ու վերելքին սատար հանդիսացած միութենական մը։

Տարածենք