Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ. 1918-1927 (Բ. ՄԱՍ)
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան նշանակալից ու անծանօթ մէկ հանգրուանին վրայ կարեւոր լոյս սփռող աշխատասիրութիւն մըն է ստորեւ տրուած պատմական եղբ. Յարութ Չէքիճեանի կողմէ։
Ակնարկը երկրորդ մասն է երկար ուսումնասիրութեան մը, որ մաս առ մաս կը հրատարակուի «Մարզիկ»ի յաջորդական թիւերով։
Նիւթը կ’անդրադառնայ Ա. Հանրապետութեան եւ անոր յաջորդող շրջանին Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծաւալած գործունէութեան։ Այս մասին միութենական պատմագիտութիւնը գրեթէ բան չէ հաղորդած մեզի։
Չէքիճեան նիւթը ուսումնասիրած եւ ներկայացուցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի գիտաժողովին, ապա զայն վերամշակելով եւ յաւելեալ նիւթերով հարստացնելով, զայն պատրաստած է հրատարակութեան։
Գ. ՇՐՋԱՆ՝ ՄԱՅԻՍ-ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1920
- 1 Մայիս 1920, «Յառաջ». Մամուլին մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաբան «Բարձրացի՛ր բարձրացուր»ին առաջին անգամ կը հանդիպինք Ս. Սարգսեանի «Բօյ-Սկաուտների համաշխարհային տօնը՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»» խորագիրով թղթակցութեան խորագիրին մէջ. «Ապրիլ 23-ը՝ Ս. Գէորգի տօնը կը համարուի նաեւ «Բօյ-սկաուտներու» համաշխարհային տօն:
«Հայաստանի նորակազմ սկաուտներուն խնդրանքով հանրային կրթութեան նախարարութիւնը այդ օրը յայտարարեց աշակերտական ընդհանուր զբօսանքի օր [արձակուրդի օր- Այս եւ հետագայ բոլոր միջամտութիւնները, նման փակագիծերով, կատարուած են մեր կողմէ- Յ.Չ.]:
«Բոլոր սկաուտները իրենց ղեկավար Ալպերթ Սիրմայի առաջնորդութեամբ խմբուեցան Նազարեան փողոցի [այժմ Ամիրեան փողոց, նկար 21] տղոց վարժարանին դիմաց, ուրկէ աշակերտական նուագախումբին եւ իրենց թմբկահարներուն նուագով ուղղուեցան դէպի Նորք՝ պտոյտի: Նկատի առնելով, որ սկաուտութեան հիմնադիրը անգլիացի Ռոպերթ Պէյտըն Փաուըլն է, սկաուտները կանգ առին Անգլիոյ դեսպանատան դիմաց, որպէսզի իրենց ողջոյնը ուղարկեն հիմնադիրին:
Դեսպանատան պատշգամ ելան դեսպանն ու անձնակազմը, ապա որբախնամ պատուելի Հիւպըրթ Հարքուրթ [Hubert Harcourt] խօսքը ուղղելով սկաուտներուն ըսաւ. «Տղաք եւ աղջիկներ, անցեալ տարի այս օրը Անգլիոյ մէջ մասնակցեցայ այս տօնակատարութեան եւ երբեք չէի կրնար երեւակայել, որ տարի մը ետք ներկայ կ’ըլլամ աւերուած Հայաստանի մանուկներուն այսպիսի փայլուն կազմակերպութեան:
«Ես շատ ուրախ եմ, որ այսօր ներկայ եմ եւ ականատես Հայաստանի կազմակերպուած սկաուտներուն: Ս. Գէորգը ձեր օրինակը թող դառնայ: «Սկաուտ» կը նշանակէ դուն քեզի օգնէ: Դուք պէտք է աշխատիք օգնել նաեւ ձեր դրացիներուն: Ս. Գէորգը ո՛չ միայն զինուորական էր, այլ նաեւ՝ առաքինի: Սկաուտ-զինուոր ըլլալ չի նշանակեր կռուիլ մարմնաւոր թշնամիին դէմ, այլ՝ կռուիլ նաեւ զանազան չարիքներու դէմ՝ խաւարի, տգիտութեան, կոպտութեան եւ այլն:
«Ես կը տեղեկացնեմ Անգլիոյ սկաուտներուն ձեր մասին եւ կը խնդրեմ, որ անոնք ձեզի օժանդակեն»:
«Ապա խօսք կ’առնէ Անգլիոյ ներկայացուցիչ հարիւրապետ Կրէյ [Capt. C.G. Gray], որ կ’ըսէ. «Գլխարկս կը հանեմ ձեր առջեւ, որովհետեւ հաւատացած եմ, որ դուք պիտի ըլլաք Հայաստանի ապագայ գործիչները: Հայ ժողովուրդը շատ տանջուած է եւ ունի փառաւոր անցեալ: Ան արժանի է ամէն տեսակի ուշադրութեան եւ դուք ձեր կազմակերպութեամբ պէտք է աշխատիք օգնել ձեր հայրենիքին: Յաջողութիւն: Կեցցէ՛ պոյ-սկաուտական կազմակերպութիւնը եւ կեցցէ ՛ Հայաստանի սկաուտները»:
- 1 Մայիս 1920, «Յառաջ», «Անգլիա ուղարկուած հեռագիրը» խորագիրով կը գրէ. «Ապրիլ 23-ին Հարքորթը Անգլիա ուղարկեց հետեւեալ հեռագիրը. «Գլխաւոր սկաուտապետ Ռոպերթ Պէյտըն Փաուըլին.
«Երեւանի պոյ-սկաուտներն ու աղջիկները Ս. Գէորգի օրը հանդիսութեամբ հաւաքուեցան Հայաստանի մայրաքաղաքի բրիտանական ներկայացուցչութեան առջեւ եւ կ’ուղարկեն իրենց ողջոյնները այս շարժման հիմնադիրին եւ Անգլիոյ տղայ եւ աղջիկ սկաուտներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով այն կարեկցութեան եւ օգնութեան համար, որ Անգլիոյ ժողովուրդը կատարած է անցեալին, խնդրելով, որ Բրիտանիան շարունակէ նոյնը, մինչեւ որ իրենց աւերակ երկիրը վերաշինուի եւ մինչեւ որ իրենք մեծնան եւ դառնան այնպիսի քաղաքացիներ, որ վերջնականապէս կարենան կանգնիլ ուրոյն զօրութեամբ, բարգաւաճ ու երջանիկ»:
- 1 Մայիս 1920, «Յառաջ» «Դպրոցական» խորագիրին տակ կը ներկայացնէ Նախարար Նիկոլ Աղբալեանի Մ. Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանատան ուղղած, սկաուտներուն համար օժանդակութիւն խնդրող նամակը, կրկին անգամ փաստելով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ մասնաւորապէս նախարար Աղբալեանին ջանքերը՝ զարգացնելու սկաուտական շարժումը.
«Անշուշտ գիտէք, թէ ի՛նչ լայն ծաւալ ստացած է այն շարժումը, որ նպատակ ունի նոր սերունդին տալ ֆիզիքական եւ բարոյական առողջ զարգացում: Այդ շարժումէն անմասն չէ մնացած նաեւ մեր աւեր, բայց վերածնող հայրենիքը եւ Երեւանի մէջ արդէն քանի մը հարիւր սկաուտներ կան, որոնց թիւը աճի մէջ է:
«Տարաբախտաբար մեզի կը պակսին այդ գործին հմուտ մարդիկ: Գիտցողներ մեզի վստահեցուցին, որ ամերիկահայութեան մէջ շատեր կան, որոնք վարպետ են այդ գործին մէջ:
«Նկատելով, որ մեր երկրի բոլոր կողմերէն բուռն հետաքրքրութիւն կ’երեւի դէպի այդ գործը, նկատելով անոր անվիճելի նշանակութիւնը մեր աճող սերունդի զարգացման խնդիրին մէջ՝ նախարարութիւնս մտադիր է բանալ մարզիչներու դպրոց մը, ուր հմտացածները կ’երթան ծաւալելու սկաուտական շարժումը մեր երկրի բոլոր շրջաններուն մէջ: Սակայն մեր մօտ մարզիչներ պատրաստելու համար հմուտ սկաուտ վարպետներ չկան: Պիտի խնդրէի, որ եթէ հնարաւոր է, ամերիկահայ երեք լաւագոյն սկաուտներէն ուղարկէք Հայաստան, այս գործի կազմակերպութեան համար:
«Մէկ պարագայի վրայ սակայն պէտք է ձեր ուշադրութիւնը դարձնեմ: Մենք կարող չենք այդ վարպետներուն գոհացում տալու աստիճան վճարում կատարել, ուստի հետագայ անախորժութիւններ կանխելու համար, ձեր ազդեցութիւնը գործադրելով այդ երեք անձերը ամերիկահայութեան ծախսերով ուղարկել Հայաստան:
«Մեր նախարարնե՛րն իսկ ամերիկեան բանուորներուն օրապահիկը չեն ստանար: Ուրեմն ի՞նչ կրնանք իբրեւ թոշակ հատուցանել անոնց, որոնց պաշտօնը նախարարական պիտի չի համարուի... Ահա թէ ինչու կը խնդրեմ, որ այդ երեք անձերուն ռոճիկն ու ճամբու ծախսը ամերիկահայութիւնը իր վրայ առնէ, մինչեւ որ Հայաստանի տնտեսական ծանր փորձութեան բաժակը անցնի:
«Եթէ սակայն տեղական միջոցներով այս գործը կարելի չըլլայ յաջողեցնել, պիտի խնդրէի, որ հմուտ անձի մը միջոցով սկաուտական շարժումին մասին ամէն տեսակ գրականութիւն հաւաքէք եւ նախարարութեանս ուղարկէք: Սակայն ինծի կը թուի, թէ ամերիկահայութիւնը պէտք չէ զլանայ այս օգնութիւնը կատարել մեր կրթական գործին, որ ամերիկեան չափանիշերով մեծ գումար չի պահանջեր:
«Սկաուտ վարպետները կրնան մէկ տարուան համար գալ Հայաստան: Մէկ տարուան մէջ անոնք կրնան բաւական թիւով մարզիչներ [խմբապետներ] պատրաստել եւ գործը ընթացքի մէջ դնել:
«Հասկնալի է, որ եթէ յաջողիք ուղարկել խնդրուած վարպետները՝ անոնք հետերնին պէտք է բերեն բոլոր անհրաժեշտ պարագաներու նմոյշներ՝ տարազ, գործիք եւ այլն, որ գուցէ մենք յաջողինք այստեղ մեր միջոցներով ընդօրինակել»:
Հանրային կրթութեան նախարար՝
Ն. Աղբալեան»
- 5 Մայիս 1920-ին, նոր կառավարութեան մէջ Գէորգ Ղազարեան կը փոխարինէ Նիկոլ Աղբալեանը իբրեւ կրթութեան նախարար:
- 14, 16, 19 Մայիս 1920-ին, «Յառաջ»ի մէջ, «Վահագնութիւնը՝ սկաուտիզմը իբրեւ գիտական-կրթական սիստեմ» խորագիրով յաջորդական երեք լայնածաւալ յօդուածներ գրած է կրթութեան նախարարութեան բժշկա-առողջապահական բաժինի վարիչ՝ սկաուտական եւ մարզական պատասխանատու բժ. Վահան Արծրունին: Յօդուածներուն եզրակացութիւնը՝ վերջին պարբերութեան մէջ կ’ըսէ. «Ես երջանիկ եմ այստեղ արձանագրելու, որ բժիշկներու անդրանիկ համագումարը, որ վերջերս երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ, իր բարձր հեղինակութեամբ սրբագործեց մեր նախաձեռնութիւնը, յայտարարելով «Վահագնութիւնը» [հայկական սկաուտութիւնը] իբրեւ լաւագոյն ֆիզիքական եւ մտա-բարոյական կրթական դրութիւն, փափաք յայտնելով, որ այդ շարժումը ամենալայն ծաւալով տարածուի Հայաստանի մէջ»:
- 27 Մայիս 1920-ին, Եզնիկ Քաջունի «Հայ Սկաուտ»ին կը յղէ իր երկրորդ նամակը (յապաւուած).
...«Խառնակ է մեր դրութիւնը, հիմա զինուոր եմ [նաեւ]. Մարզանք կ’ընեմ ամէն առաւօտ. իմ թաղի շուրջ 200 երիտասարդներու մարզանքի դասը ինծի յանձնուած է: Յունիսի 1-ին արդէն դպրոցները կ’աւարտին, որմէ ետք ես բոլորովին պիտի նուիրուիմ աշակերտուհիներուս, սկաուտական խումբին եւ զինուորներու մարզումին:
«Իմ սկաուտներուս «Արծուիկ» գունդը կը բաղկանայ «Աղեքսանդրեան» եւ «Գայիանեան» աղջկանց երկրորդական վարժարաններու 12-18 տարեկան շուրջ 200 աղջիկներէ եւ 8-11 տարեկան՝ 100-120, իսկ 8-11 տարեկան տղոց շուրջ 150 սկաուտներէ: Վերջին ծայր ծանրաբեռնուած եմ: Արդէն մէկ ու կէս ամիս է [Ապրիլ 1920-ին] սկսած եմ կազմակերպութեան, 80 հազար ռուբլի դրամ ճարած եմ, ունինք 4 թմբուկ, 12 սրինգ, եռագոյն ժապաւէններ, ազգային դրօշակներ՝ մեծ ու փոքր 25 հատ: Այդ դրամով անմիջապէս միատեսակ գլխարկներու պատրաստութեան սկսայ տեղական միջոցներով: Երեք սրահ լեցուն շերամ կը պահենք, շուտով կը ստանանք անոնց արդիւնքը [մետաքս] եւ անմիջապէս կը սկսինք կօշիկներուն ծախսել, ամենադժուարը տարազներն են, բայց պիտի աշխատինք:
«Աղջիկներս [արենուշներս] ոգիով կ’աշխատին, իմ ամենափոքր դիտողութիւնը անոնց վրայ խորապէս կ’ազդէ. սկաուտական ոգիի, կարգապահութեան եւ բարոյական կանոններու գործադրութիւնը աւելի մեծ է եւ աչքառու, քան կ’ակնկալէի այսքան այլասերած [այս] միջավայրին մէջ: Կարծես թէ մեր քաղաքական վիճակը որքա՛ն ծանրանայ՝ անոնք այնքան աւելի՛ կ’ոգեւորուին ու յուսալից կը դառնան:
«...Շատ ցաւալի է միայն, որ այստեղ տղոց գլխաւոր եւ միակ դպրոցը յանձնուած է հունգարացիի մը [Ալպերթ Սիրմա], որ «սկաուտ» անունը միայն մէջտեղ նետած է, բայց իրականութիւնը հակառակն է... միայն ռուսերէն կը խօսի եւ ռուսերէն չգիտցողներուն չ’ընդունիր...
«Այստեղ կազմեցի նաեւ լաւ խաղացող սպաներէ եւ կիմնազիայի [միջնակարգ վարժարան] մեծ աշակերտներէն ֆութպոլի ուժեղ խումբ մը: Վաղը մեծ շուքով կը տօնենք Հայաստանի անկախութեան երկրորդ տարեդարձը սկաուտներուն մասնակցութեամբ: Եզնիկ Քաջունի, 27 Մայիս 1920, Երեւան»:
- 28 Մայիս 1920 «Յառաջ» [այս ժամանակամիջոցին կը պակսին «Յառաջ»ի եօթը թիւեր, ուր հաւանական է, որ սկաուտական եւ մարզական գրութիւններ եղած ըլլան]. Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան երկրորդ տարեդարձի հանդիսութիւններու յայտարարութիւնն է եւ տարեդարձի տօնակատարութեան յայտագիրը: Յայտագիրին եօթներորդ, տողանցքի բաժինով՝ 7. ա) նախ պիտի տողանցեն սկաուտները դրօշակներով եւ շարքերով, ապա աշակերտութիւն:
- 28 Մայիս 1920 «Յառաջ». առաջին էջին վրայ տեղ գտած է սկաուտական-կրթական մարզիչներ պատրաստելու հետեւեալ ծանուցումը.-
«Հանրային կրթութեան եւ արուեստի պ. նախարարի որոշումով 1 Յունիս 1920-ին կը բացուի ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ ՁՐԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ հրահանգիչներ՝ մարզիչներ [խմբապետ] պատրաստելու համար: Դասընթացքը տեսական եւ փորձառական է: Աւարտողները վկայական կը ստանան: Փափաքողները պիտի արձանագրուին բժ. Վ. Արծրունիի գրասենեակը, նախարարութեան շէնք կամ Աղեքսանդրեան վարժարան, պ. Ֆրանգեանին քով»:
- 11 Յունիս 1920 «Յառաջ». կը կարդանք «Սկաուտական դասընթացքներ» խորագիրով հետեւեալ լրատուութիւնը. «3 Յունիս 1920-ին Հռիփսիմեան վարժարանին մէջ սկսած են սկաուտութեան դասընթացքներ մեծերու համար, ղեկավարութեամբ բժշկական-առողջապահական բաժինի վարիչ բժ. Վահան Արծրունիի:
«Արձանագրուած են 22 հոգի, որոնցմէ կը պատրաստուին ապագայ դասատուներ, հրահանգիչներ: Կը կարդացուին սկաուտութեան տեսական գիտելիքները եւ գիտական հիմնաւորումները, որոնց կը հետեւի գործնականը՝ մարզանքներ մարզիկներու կողմէ:
«Հայաստանի մէջ սկաուտական գիտելիքներու մասին առաջին դասընթացքն է այս: Եթէ նկատի առնենք այս մեծ շարժումը, որ այժմ հսկայական ծաւալ ստացած է Եւրոպայի մէջ, պէտք է ողջունել այս դասընթացքին բացումը, որուն նպատակն է Հայաստանի համար գիտակից ու զարգացած ուսուցիչներ [սկաուտապետեր] պատրաստել: Կ’իմանանք, որ հանրային կրթութեան նախարարութիւնը Պոլիսէն եւ Զմիւռնայէն հրաւիրած է [Հ.Մ.Ը.Մ.] հմուտ մասնագէտ սկաուտապետեր»:
- 27 Յունիս 1920. «Յառաջ»ի մէջ կը կարդանք. «Երեք օր առաջ անգլիական այգիին մէջ գտնուող քաղաքային փուռին մէջ հրդեհ ծագեցաւ. հայ սկաուտներուն ջանքերուն եւ օրինակելի կարգապահութեան շնորհիւ հրդեհը արագօրէն մարեցաւ եւ ալիւրն ու հացը այրելէ փրկուեցան»:
- 10 Յուլիս 1920. Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ներկայացուցիչի հանգամանքով Ալեքսանտր Խատիսեան արտասահման կ’ուղղուի սփիւռքահայութենէն փոխառութիւն ապահովելու: 10 Յուլիս 1920-ին կը հասնի Կոստանդնուպոլիս, ուր եօթը հանդիպումներ կ’ունենայ հայ համայնքի զանազան խաւերուն հետ: Բերայի «Սիլլողոս» սրահին մէջ [ըստ Տիգրան Խոյեանի 3 Յուլիսին, որ վրիպում է, հաւանաբար 13 Յուլիս պէտք է ըլլայ] խուռներամ ներկաներուն կ’ըսէ. «Դուք այստեղ պետական ամէն յարմարութիւն ունիք աւելի քան մենք եւ շքեղօրէն, մինչեւ իսկ՝ համազգեստաւոր նուագախումբ («Քնար ֆանֆար») եւ պատշաճօրէն հագուած ու մարզուած փոքրիկ աշխոյժ սկաուտ-զինուորներ»: Պոլսոյ հայերը 2 միլիոն ֆրանկէն աւելի խոստացան եւ այդ գումարները հետագային վերադարձուեցան իրենց տէրերուն: Խատիսեան կը գրէ. «Նախարարութիւնը [կրթութեան] կը հովանաւորէր «պոյ-սկաուտներու» մասնաւոր ընկերութիւնները, այդ նպատակով հրաւիրուած էին յատուկ ուսուցիչներ Պոլիսէն»:
- 26 Յուլիս 1920. Հայաստանի Հանրապետութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի յղած հրաւէր նամակին կցուած էր եօթը հոգինոց ցանկ մը, որոնցմէ միայն Վահան Չերազ եւ Տիգրան Խոյեան [ապա՝ քահանայ] կ’ընդառաջեն, իսկ Օննիկ Եազմաճեանը կամաւոր կարպով կը միանայ, եւ այս եռանդամ պատուիրակութիւնը 26 Յուլիս 1920-ին իտալական «Սեմիրամիս» շոգենաւով կ’ուղղուի Հայաստան՝ Ինէպոլու, Սամսոն, Կիրասոն եւ Տրապիզոն նաւահանգիստներ կանգ առնելով, եւ վերջապէս չորս օրէն՝ 30 Յուլիս 1920-ին կը հասնի կովկասի Պաթում նաւահանգիստը:
Պաթումի մէջ պատահաբար կը հանդիպին Եզնիկ Քաջունիին, որ նոյն օրը Երեւան պիտի վերադառնար, նաեւ՝ 20 հայ սկաուտներու, որոնք տեղական ռուսական խումբի մը մաս կը կազմէին: Թելադրելով անոնց կազմել հայկական սկաուտական խումբ, Հայ Ազգային Միութեան նախագահ պարոն Մնտոյեանի հաւանութեամբ կը հիմնեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաթումի մասնաճիւղը՝ անոնց տրամադրելով անհրաժեշտ գրականութիւն եւ կապ՝ Պոլսոյ կեդրոնին հետ:
Այս ուղեւորութեան բազում դրուագներէն էր նաեւ, Պաթումի փողոցի մը մէջ անակնկալ հանդիպումը արդարահատոյց Արշաւիր Շիրակեանին հետ, որ 27 Մարտ 1920-ին, Պոլսոյ մէջ դաւաճան Վահէ Իհսանի դէմ արձակուած Դաշնակցութեան մահապատիժը գործադրած էր։ Շիրակեան կ’որոշէ դէպի Երեւան պատուիրակութեան ուղեւորութեան ընկերակցիլ: Պաթումէն Վաչական անունով եւ Սանահինէն 13 տարեկան Տիգրան եւ Արամ անտէր որբերը իրենց հետ Երեւան կը տանին:
- Հ.Մ.Ը.Մ.ի դէպի հայրենիք առաքելութեան առիթով «Հայ Սկաուտ»ի Օգոստոս 1920-ի «Դէպի Երկիր» խորագրեալ խմբագրականը կը հաստատէ.
«26 Յուլիսին Պոլսէն Հայաստան մեկնեցան երեք սկաուտական մարզիչներ - երեք ուխտաւորներ եւս - սկաուտական հայրենաշէն գործը հոն եւս տարածելու համար:
«Ոգեւորութիւնը եւ լաւատեսութիւնը գլխաւոր ուղեգոյքն էին մեր երիտասարդ ընկերներուն: Անոնք գիտակ էին իրենց դէմ ելլելիք խոչընդոտներուն եւ սակայն ոյժ կը զգային անոնց դիմադրելու:
«Վերջապէս պէտք էր երթալ եւ դիմադրել ամէն դժուարութեան, քանի որ մերն է հայրենիքը եւ մերը պիտի ըլլայ հոն ցանուած ամէն սերմի արդիւնքը: Դիւրին թէ դժուար, այս երկուքին տարբերութիւնը կը ջնջուի, կամքի՛ ոյժով եւ այս ոյժը ունի՛ն մեր տղաքը:
«Քարափին վրայ, ողջերթի մասնակցող իրենց սահմանափակ թիւով ընկերները եւ ծնողական շրջանակը ոգեւորութեան եւ եռանդի մթնոլորտ մը ստեղծած էին նաւուն շուրջ, որուն վերնայարկի անկիւնը՝ հայ դրօշին մօտ կը ծածանէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը, որ կ’երթար իր ծփանքներովը մեղմացնել հայրենի ցաւերէն իրենց բաժին ինկած մասը:
«Ան կ’երթար ծփալ քառասուն հազար որբերու,- քառասուն հազար կորիւններու,- հայրենաշէն ձեռքերուն մէջ. կ’երթար ան հովանաւորել ցեղին կորովը, տեւականութիւնը, անյաղթելիութիւնը, ոգեկոչելու Վահագններու, Վարազդատներու եւ Սասունցի Դաւիթներու դարերը:
«Մեր ընկերները գիտակ էին ասոր եւ դժուարութիւնները աւելի՛ պիտի խթանէին իրենց կամքն ու կորովը. անոնք չէին կրնար մեղկութեան եւ անճրկումի ցեխին մէջ թաթխել այդ դրօշը, որ կը ծածանի այսօր հայ յաղթաբազուկ երիտասարդութեան ափերուն մէջ վերամբարձ: Այդ դրօշը, որ հաշտարար լիազօրն է մայր բնութեան անյաղթ բարոյականի եւ մարդկային ֆիզիքա-բարոյական անկումի միջեւ:
«Մենք վստահ ենք մեր ընկերներուն վրայ, մեր հաւատքը իրենց հետ է, ինչպէս մեր ոյժերուն մեծ մասը:
«Երթա՜ք բարով տղա՛ք, յոյսերնիդ պսակուի. Վահագնի ոգին ձեզ զօրավիգ»:
- 7 Օգոստոս 1920, «Յառաջ». Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի առաջին մրցումին ծանուցումը. «Կիրակի, 8 Օգոստոս 1920-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, անգլիական այգիին մէջ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ֆութպոլի մեծ մրցում մը տեղի պիտի ունենայ՝ Երեւանի Սպորտ ակումբին եւ Աղեքսանդրապոլի (Կիւմրի) «Վարդան Մեծ» խումբին միջեւ: Նուագախումբը ներկայ պիտի ըլլայ:
«Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի ունենալիք այս մրցումը կը կարծենք, որ ամենամեծ հետաքրքրութիւնը պիտի յառաջացնէ մեր մէջ, այնպէս ինչպէս արտասահմանի մէջ, եւ մեր հասարակութիւնը պիտի գիտնայ գնահատել այս վերին աստիճանի նշանակալից երեւոյթը»:
- 13 Օգոստոս 1920, «Յառաջ». «ֆութպոլի առաջին մրցումը Երեւանի մէջ» խորագիրով Գ.Մ.Յ. կը գրէ հետեւեալ թղթակցութիւնը. «Խումբ մը սպաներու եւ սիրողներու ջանքերով վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուած է մարզական ընկերութիւն մը [«Սպորտ» ակումբ], որ մօտ ապագային կ’ունենայ իր վաւերացուած կանոնագրութիւնը: Ունենալով` «Առողջ հոգի առողջ մարմնի մէջ» սկզբունքը, այս միութիւնը նպատակադրած է կազմակերպել եւ զարգացնել մարզական խաղեր ու մրցումներ՝ մրցակցութիւն եւ հետաքրքրութիւն ստեղծելով տեղական ուժերուն եւ սիրողներուն մէջ:
«Սկաուտական կազմակերպութենէն ետք, մարզական միութեան ստեղծումը մեծ ու գնահատելի երեւոյթ մըն է, որ արժանի է յատուկ ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի: Մեծ պետութիւններուն մէջ մարմնակրթութիւնը իր յատուկ տեղը ունի, եւ նման ակումբներուն մեծամասնութիւնը անցեալ ունի եւ կը վայելէ իրենց կառավարութիւններուն յատուկ ուշադրութիւնն ու հովանաւորութիւնը:
«Ուրախութեամբ պէտք է յայտարարել, որ մեր կառավարութիւնը, որ յատուկ կարեւորութիւն կու տայ մարմնակրթութեան եւ մարզանքներուն, նաեւ չմերժեց իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը այս նորակազմ միութեան:
«Անցեալ Կիրակի, 8 Օգոստոս 1920-ին, Երեւանի մարզական միութիւնը [«Սպորտ» ակումբ] կազմակերպած էր իր անդրանիկ խաղը` ֆութպոլ [Անգլիական այգիին մէջ]: Մրցումին ներկայ էին Երեւանի միութեան մարզիկները [խմբապետ՝ տեղակալ Աւետիս, յետսապահներ` Հ.Մ.Ը.Մ.ական Եզնիկ Քաջունին եւ Սարգիս Սամուէլեանը] եւ Աղեքսանդրապոլէն [Կիւմրի] յատկապէս հրաւիրուած [«Վարդան Մեծ» խումբը, խմբապետը` Սիպիրեան] մարզիկները՝ 11 հոգի: Խաղին կը մասնակցէին ընդամէնը 22 մարզիկներ:
«Հակառակ անբարենպաստ պայմաններուն, խաղը շատ յաջող կազմակերպուած էր: Այդ օրը Անգլիական այգին գրաւած էր հետաքրքրուողներու բաւական մեծ բազմութիւն մը, որ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր մրցումին:
«Ներկայ էին վարչապետ պ. [Համօ] Օհանջանեանը, խորհրդարանի նախագահ պ. Ա.[Աւետիք] Սահակեանը, հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարար Գ.[Գէորգ] Ղազարեանը, Երեւանի քաղաքապետ պ. Մ.[Մկրտիչ] Մուսինեանը, Անգլիոյ ներկայացուցիչ հարիւրապետ Կրեսսին, խորհրդարանի անդամներ եւ քաղաքացիներու բազմութիւն: Մերթ ընդ մերթ նուագախումբը կը նուագէր [խանդավառելով բազմութիւնը]:
«Խաղը, որ տեւեց ժամը 17:30-էն մինչեւ 19:00, անցաւ կանոնաւոր, առանց պատահարներու եւ յաջող:
«Երեւանի խումբը արժանացաւ մրցանակին` [յաղթելով] 1-0 արդիւնքով:
«Խաղէն ետք վարչապետը Երեւանի մարզական միութեան նուիրեց 50 հազար ռուբլի: Երեւանի քաղաքապետը խոստացաւ հարթել խաղին հրապարակը [դաշտը] կամ նուիրել համապատասխան գումարը: Մեծ գումար նուիրել խոստացաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահը»:
- 14 Օգոստոս 1920, «Յառաջ»18. «Սպորտ» ակումբի վարչութիւնը ֆութպոլի մրցումին մանրամասն հաշուեկշիռը կը ներկայացնէ հանրութեան: «Մուտք՝ տոմսերէն՝ 129,200 ռ.։ Վարչապետի կողմէն 50,000 ռ., Արշաւիր Շահխաթունիէն 1000 ռ., ընդհանուր՝ 180,200 ռ.: Ելք՝ ծանուցումներուն եւ որմազդերուն՝ 7,200 ռ. մարզական տարազներուն՝ 11,000 ռ., Աղեքսանդրապոլի մարզիկներուն 2 օր կեցութիւնը՝ 25,160 ռ. եւ հեռագիր՝ 65 ռ. ընդհանուր՝ 43,425 ռ.: Հասոյթ՝ 136,775 ռ.:
«Միաժամանակ, վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ վարչապետին՝ 50 հազար, քաղաքի պարէտին՝ 1000 ռուբլի նուիրատուութեան համար եւ նուագախումբը ձրիօրէն տրամադրելուն, պարոն Լ. Ամիրխանեանին՝ մեծ վրան տրամադրելուն, քաղաքապետին՝ մարզանքի համար անգլիական այգին տրամադրելու եւ ոստիկանապետին՝ ոստիկաններ տրամադրելուն կարգը պահպանելու համար»:
«Սպորտական ընկերութեան վարչութիւն»
- 13 Օգոստոս 1920-ին, Հ.Յ.Դ. Կիւմրիի «Շիրակի աշխատաւոր» թերթը կը գրէ. «Ջալալ օղլի [այժմ՝ Ստեփանաւան] եկած է Երեւանէն յայտնի ուսուցիչ [սկաուտապետ] Սիրմային [ոմանք՝ Ալպերթ Սետմա, Սիրմա], որ սկսած է եռանդուն կերպով սկաուտական խումբեր կազմակերպել որբանոցներու պատանիներէն»:
- 13 Օգոստոս 1920-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան անդամները կը հասնին Աղեքսանդրապոլ՝ Կիւմրի, ուր Հրայր Սասունիի [Շիրակի նահանգապետ՝ Կարօ Սասունիի զարմիկը] գլխաւորութեամբ արի-արենոյշ սկաուտներ զիրենք կը դիմաւորեն, գլխարկէն մինչեւ գուլպան սեւ տարազով...
ՎԵՐՋԱՊԷՍ, ՊՈԼԻՍԷՆ ՄԵԿՆԵԼԷՆ 21 ՕՐ ԵՏՔ՝ ԿԻՐԱԿԻ, 15 ՕԳՈՍՏՈՍ 1920-ԻՆ, Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԵՐԵՒԱՆ։
- 16 Օգոստոս 1920-ին, պատուիրակութեան անդամները, իբրեւ կրթութեան նախարարութեան ապագայ պաշտօնեաներ, հանդիպում մը կ’ունենան նախարար Գէորգ Ղազարեանին հետ: Սիրալիր ընդունելութենէն ետք, անոր պահանջին վրայ մանրամասն ծրագիր-զեկուցում կը պատրաստեն եւ յաջորդ օրը կը յանձնեն նախարարին:
Ապա «չափազանց լաւ» հանդիպում մը կ’ունենան պատերազմական նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանին հետ, որ կը հետաքրքրուի սկաուտական ոգիով, անոնց տրուած դաստիարակութեամբ, մարզանքներով, դրօշախօսութեամբ, հետախուզական վարժութիւններով եւ մեր հայերէն հրամաններով [քանի որ հայկական բանակը ցարդ կը գործածէր ռուսերէն հրահանգներ]: Ան բարձրօրէն կը գնահատէ նոր, մատղաշ սերունդին տրուած այդ դաստիարակութիւնը եւ կը խոստանայ ամէն դիւրութիւն ընձեռել:
Երրորդ պաշտօնական այցելութիւնը կ’ունենան ներքին գործոց նախարարին հետ, որուն օգնական [Վահագն] Քրմոյեանը կ’ընդունի զիրենք եւ կը խոստանայ ամէն կարելի աջակցութիւն: Նախարարութեան կողմէ 28 Օգոստոս 1920 թուակիր ազատ շրջագայութեան հաստատագիրներ կը տրուին պատուիրակութեան անդամներուն:
- 21 Օգոստոս 1920, «Յառաջ». «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան տօնախմբութիւնը Երեւանում» խորագիրով լրատուութեան մէջ, Միացեալ Հայաստանի դաշնագիրին ստորագրութեան առիթով [Սեւրի դաշնագիր], համաժողովրդական տօնակատարութեան սկաուտներուն մասնակցութեան մասին կը կարդանք. «Քիչ յետոյ եկան նաեւ նոր համազգեստներ հագած պոյ-սկաուտները։ ...Զօրահանդէսէն ետք ժամը 11:30-ին միթինկ [հաւաք] սկսաւ Հ.Յ.Դ. տան առջեւ, ուր դիմած էին բազմահազար ժողովուրդը եւ սկաուտները»:
- 23 Օգոստոս 1920. կրթութեան նախարարութեան առողջապահական բաժինի վարիչ, բժիշկ Վ. Արծրունիի հետ կ’ունենան մարմնակրթանքի մասին մասնագիտական ոչ-հեզասահ աշխատանքային երկրորդ հանդիպում մը, որմէ ետք կ’անցնին աշխատանքի: Տարակարծութիւնը կը վերաբերէր կիրարկուելիք մարզական մասնագիտական ճիւղերուն՝ «Շուէտական» թէ «Սոքոլ» եւ այլն, ապա նախարարութիւնը հետեւեալ վկայագիրը կը շնորհէ անոնց՝ պաշտօնականացնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը: Հետեւաբար, 23 ՕԳՈՍՏՈՍ 1920-Ը ԿԱՐԵԼԻ Է ՆԿԱՏԵԼ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ-ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՍԿԻԶԲԸ:
«Հ.Հ. ՄԻՆԻՍՏՐՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ
No. 206
23 Օգոստոս 1920 Թ.
Վկայագիր
Տրւում է սոյն վկայականը սկաուտ մարտիկներ պ.պ. Վահան Չերազ, Տիգրան Խոյեան, Օննիկ Եազմաճեան, Եզնիկ Քաջունիին՝ առ այն, որ նրանց յանձնուած է մարմնակրթական գործը ընդհանրապէս եւ յատկապէս սկաուտական շարժման կազմակերպումն ու վարումը Հայաստանի մէջ՝ նախարարութիւնից նրանց տրուած հրահանգի համաձայն: Տեղական բոլոր մարմնակրթական հիմնարկութիւնները՝ Բազէ սպորտային եւ նման ընկերութիւններ պիտի գործեն նրանց ղեկավարութեամբ, իսկ յատկապէս սկաուտական շարժումը իբրեւ համապետական գործ պիտի կազմակերպուի եւ վարուի նրան եւ տեղական սկաուտական մարմինների փոխադարձ համաձայնութեամբ համերաշխաբար՝ նոյնպէս համաձայն մշակուած կանոնների:
Յայտնելով այդ մասին Հայաստանի բոլոր մարմնակրթական հիմնարկներին, նախարարութիւնս խնդրում է այդպիսիներին ամէն տեսակ աջակցութիւն ցոյց տալ, որտեղ էլ ուղարկուած լինեն նրանք յիշուած առաքելութեամբ եւ հետեւին նրանց ցուցմունքներին եւ հրահանգներին, որոնք բխում են նախարարութիւնից:
Հանրային Կրթութեան
Եւ Արուեստի Նախարար (ստորագրութիւն)
Բժշկա-առողջապահական բաժնի վարիչ
Գործավար (ստորագրութիւն)»
- 24 Օգոստոս 1920-ին «Յառաջ» այսպէս կը հաղորդէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան Հայաստան ժամանումին լուրը. «Սկաուտական գործը Հայաստանի մէջ կազմակերպելու համար Պոլիսէն Երեւան հասած են [15 Օգոստոս 1920-ին] Հայ Մարմնակրթական [Ընդհանուր Միութեան] ընկերութեան երեք անդամները՝ [Վահան] Չերազ, [Օննիկ] Եազմաճեան եւ [Տիգրան] Խոյեան: Առայժմ անոնք կը ծանօթանան գործի դրութեան, որմէ ետք կ’անցնին գործին կազմակերպումին»:
- 27 Օգոստոս 1920-ին, «Յառաջ» Երեւանի որբերուն մասին հետեւեալ լուրը եւ նամակը կը հրատարակէ. «Հակառակ անոր, որ շարք մը կարգադրութիւններ կատարուած են քաղաքի փողոցներուն մէջ թափառող որբերուն, որոնք մուրացկանութիւն կ’ընեն, զանոնք որբանոցներու մէջ տեղաւորելու, բայց եւ այնպէս, տակաւին բազմաթիւ որբեր գիշերները փողոցներուն մէջ բաց երկինքի տակ կ’անցընեն»: Իսկ նամակը՝ շնորհակալութիւն կը յայտնէ օրուան մամուլին, որբանոցներու ընթերցարաններուն ձրի թերթեր տրամադրելուն համար:
- 29 Օգոստոս 1920, «Յառաջ». ԱՀԱ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՆԴԱՄԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄ-ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ.
«Այսօր արդէն իսկ, կրթութեան նախարարութիւնը սկաուտական շարժումին անդամագրութեան հետեւեալ ծանուցումը կը հրատարակէ հանրապետութեան մամուլին մէջ. «Հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարարութեան կից բացուած «Հայաստանի Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը» սրանով յայտարարում է, որ վաղը՝ Երկուշաբթի օրուանից սկսած արձանագրում է սկաուտներ - տղաները՝ 12-ից-16-ը, իսկ աղջիկները 11-ից 15 տարեկան: Պահանջւում է՝ 1. Բժշկական թուղթ, 2. Ծննդեան վկայագիր, 3. Ծնողների արտօնագիր:
«Դիմել Գայինեան դպրոց, [Եզնիկ Քաջունիի պաշտօնավարած դպրոցներէն մէկը], առաւօտեան ժամը 8-էն 11»:
- 17 Սեպտեմբեր 1920-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոն ղրկած նամակին մէջ, Վահան Չերազ կը գրէ. «Հակառակ այս յաջողութիւններուն՝ մենք քիչ ենք, իսկ գործը՝ հսկայ, այդ պէտք է լաւ գիտնաք, այստեղ Հայաստան է, մեծ է արդէն ու պիտի մեծնայ, կարելի չէ գործել, մանաւանդ [միայն] չորս հոգիով, ան ալ՝ իրարմէ հեռու:
«Չորս հոգի ենք եւ պիտի մարմնակրթենք Հայաստանը: Պիտի կազմենք սկաուտական խումբեր, պիտի հայացնենք լեզուն [ռուսերէնի փոխարէն], հրամանները, խառնուածքները, ոգին: Պիտի մտնենք որբանոցները, ուր հազարներու զանգուած մը կայ. անանուն, անգոյն, անժպիտ եւ սակայն՝ անգին: Պիտի հսկենք դպրոցներուն, պիտի զբաղինք մամուլով, Կարս արդէն թերթ կը հրատարակէ՝ «Հայ արի»: Պիտի վարենք կեդրոնի գործ՝ կապ պահելով թէ՛ ձեզի հետ, թէ՛ նախարարութիւններուն եւ թէ՛ մենք մեր միջեւ: Արշաւներ, քննական պտոյտներ պէտք է կատարենք: Նիւթ, գոյք, զգեստեղէն պէտք է ճարենք երկրի մը մէջ, ուր ոչինչ կայ:
«Ձեր ղրկած քանի մը գիրքերը, թերթերը, գոյքերը, նամակները, մեզի համար կ’ունենան բարոյական խիստ մեծ նշանակութիւն: ...Անցեալ օր [19 Սեպտեմբեր 1920] Էջմիածին գացինք: Երթուդարձը քալելով՝ իբր ճշմարիտ սկաուտներ: Իմ հետս էին Եզնիկը [եւ եղբայրը՝ Գուրգէն Քաջունին], Տիգրանը [Խոյեան] եւ Պոլիսէն Արմաշի աշակերտներուն հետ եկած գիւղատնտեսներու խումբ մը՝ Կոպեռնիկ Թանտըրճեան, Փարթամ, [Յարութիւն] Արըճեան եւ այլն [Զարմայր Մարտիրոսեան]: Այնտեղ սկաուտական գործով ալ զբաղեցանք: Խմբապետուհի օրդ. Կարինէ Աղազարեանին պէտք եղած հրահանգներն ու քաջալերանքը տուինք, թերթ եւ գիրք տրամադրեցինք եւ յանձնարարեցինք, որ շարժումը վարէ:
«Նոր շրջաններ պիտի կազմակերպենք, ինչպէս Ճելալ օղլուն [Ստեփանաւան], ուր հունգարացի Սետման արդէն կազմակերպած է անհատական սկաուտութիւն: Այստեղ [Աղեքսանդրապոլ] ալ կային, բայց չքացան մեր երեւումով:
«Մի քանի օրէն, երբ վերջապէս կը տիրանանք մեր կեդրոնական գրասենեակին Աղեքսանդրապոլի [Կիւմրի] մէջ… նոր շրջաններ պիտի կազմակերպենք, սակայն սկաուտական դրօշակներու համար ձեր ղրկած կտաւները անբաւարար են: Կանաչ, դեղին, սրճագոյն, նարնջագոյն կտաւ բնաւ չի գտնուիր [Հայաստանի մէջ]... իսկ փողկապի, հագուստի, գլխարկի մասին խորհած իսկ չունինք: Հայաստանի սկաուտները սեւ տարազ հագած են՝ Եղիշէին [Քաջունի] տրամադրած կտաւով։ …Գիտէ՞ք, Հ.Մ.Ը.Մ.ը մենք այստեղ կը կարդանք Հայաստանի Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն: Մօտ ատենէն պիտի այցելենք նաեւ Սարիղամիշ, Ղարաքիլիսէ, Ճելալ օղլու եւ Դիլիջան»:
- 17 Սեպտեմբեր 1920, «Յառաջ». «Ջալալօղլուէն [այժմ Ստեփանաւան] կը յայտնեն, որ այնտեղի որբանոցներուն մէջ սկաուտական շարժումը լաւ կ’ընթանայ: Որբերը բաժնուած են չորս շրջաններու, իւրաքանչիւրը ունի իր համազգեստը [Վահան Չերազ իր նամակներէն մէկուն մէջ նշած էր, որ շուտով Ջալալօղլու պիտի մեկնին սկաուտական խումբեր կազմակերպելու]:
«12 Սեպտեմբեր 1920-ին տեղի ունեցած է սկաուտական առաջին ցերեկոյթը [խարուկահանդէսը], որ շատ յաջող անցած է եւ որբերն ու ժողովուրդը շատ գոհ մնացած են: Հակառակ եղանակի անբարենպաստ պայմաններուն, հանգանակուած է 154 հազար ռուբլի»:
- 22 Սեպտեմբեր 1920-ին, «Յառաջ» «Արմաշի հայ որբերը Հայաստան են գալիս» խորագիրով կը տեղեկացնէ Արմաշի վանքին մէջ գիւղատնտեսութիւն ուսանող Հ.Մ.Ը.Մ.ական որբ սկաուտներու ներգաղթին մասին. «Արմաշի վանքին շրջակայքը տեղի ունեցող ընդհարումները յոյներուն եւ միլլիճիներուն միջեւ, եւ անոր հետեւանքով քրիստոնեաներուն ջարդերն ու հալածանքները ստիպեցին Արմաշի գիւղատնտեսական վարժարանի որբերուն Պոլիս փոխադրել:
Քաղաքական ժողովը լսելով վարժարանի տնօրէնին բացատրութիւնները, որոշեց Արմաշի եւ այլ որբանոցներու 14 տարիքը բոլորած որբերը տեղափոխել Հայաստան: Ժողովը որոշեց նաեւ, փոխադրածախսի կողքին, ապրուստի համար օրական 25 ոսկի յատկացնել:
Որոշուեցաւ բանակցիլ Պոլսոյ մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչին հետ, որուն համաձայնութենէն ետք, որոշումը գործադրել»:
Ինչպէս «Հայ Սկաուտ»ի 1 Ապրիլ 1920-ի խմբագրականով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կոչ կ’ուղղէր. «Շատ լուրջ, շատ ծանր գործ է այս, տեղափոխել ժողովուրդ մը, ազգ մը, գերութեան երկրէն դէպի անկախ հայրենիքը, այն ալ այնպիսի ժողովուրդ մը, որ դարերով ստրկութեան մէջ [ըլլալով] տիրացած է կարգ մը թերութիւններու:
«Հայ հանրապետական կառավարութիւնը ամենամեծ բեռը ունի իր ուսերուն վրայ այս տեսակէտով: Ան պէտք ունի աջակիցներու, որոնք պիտի դիւրացնեն իր գործը: Եւ ահա Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայրենադարձութեան գործին կը ձեռնարկէ»: