Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ. 1918-1927 (Գ. ՄԱՍ)
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան նշանակալից ու անծանօթ մէկ հանգրուանին վրայ կարեւոր լոյս սփռող աշխատասիրութիւն մըն է ստորեւ տրուած պատմական ակնարկը, գրուած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբ. Յարութ Չէքիճեանի կողմէ։
Ակնարկը երրորդ մասն է երկար ուսումնասիրութեան մը, որ մաս առ մաս կը հրատարակուի «Մարզիկ»ի յաջորդական թիւերով։
Նիւթը կ’անդրադառնայ Ա. Հանրապետութեան եւ անոր յաջորդող շրջանին Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծաւալած գործունէութեան։ Այս մասին միութենական պատմագիտութիւնը գրեթէ բան չէ հաղորդած մեզի։
Չէքիճեան նիւթը ուսումնասիրած եւ ներկայացուցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի գիտաժողովին, ապա զայն վերամշակելով եւ յաւելեալ նիւթերով հարստացնելով, զայն պատրաստած է հրատարակութեան։
- «26 Սեպտեմբեր 1920-ին Ալեքսանդրապոլի մէջ տեղի կ’ունենայ տեղւոյն «Մեծն Վարդան» եւ Երեւանի «Սպորտ» ակումբին միջեւ ֆութպոլի փոխ վրէժի մրցում մը՝ Կազաչի Փոստի [նախկին ռուսական զօրանոց՝ որբանոցի վերածուած։ Կային նաեւ՝ Փոլիկոն եւ Սեվերսքի փոստերը։ Այս եւ նման փակագիծերով կատարուած լուսաբանական միջամտութիւնները կատարուած են մեր կողմէ- Յ.Չ.] դաշտին վրայ, ներկայութեամբ Շիրակի նահանգապետ Կարօ Սասունիի եւ հոծ բազմութեան, տոմսերը սպառած էին: Կարգապահութեան կը հսկեն սկաուտներ եւ ոստիկաններ: Իրաւարար կը նշանակուի Տիգրան Խոյեան, որ գրեթէ անդադար կը սուլէ... Երեւանցիները 1-0 արդիւնքով կը յաղթեն՝ հակառակ երկու գիշեր շոգեկառքին մէջ անհանգիստ, անօթի եւ անքուն մնալուն. երկու օր, քանի որ Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 9-ին մեկնելիք շոգեկառքը Շաբաթ առաւօտ ժամը 9-ին ճամբայ կ’ելլէ... Վառելանիւթի պակասը լրջօրէն կը խանգարէր հաղորդակցութիւնը: Սովորական երեւոյթ էր, որ շոգեկառքը կանգ առնէ եւ ճամբորդները մօտակայ անտառներէն վառելափայտ հաւաքեն շոգիին համար...
«...Երեւանի Անգլիական այգիին մէջ, մեր սկաուտներուն դրօշակով խօսելու փորձերէն տպաւորուած, յայտնի հանրային գործիչ եւ մտաւորական Գրիգոր Չալխուշեան գեղեցիկ յօդուած մը գրած է Երեւանի «Յառաջ» թերթին մէջ», կը գրէ Խոյեան, որուն այս մասին պատմած է ամերիկացի հայախօս միսիոնար՝ բժիշկ Աշըրը, որ կարդացած է յօդուածը եւ իր կարգին բարձր գնահատած է Հայաստանի սկաուտութիւնը:
- 1 Հոկտեմբեր 1920-ին Վահան Չերազ կը հրաժարի կրթութեան նախարարութեան իր պաշտօնէն, միանալու համար կամաւորներուն։ «...Վաղը Աղպապա [Կարսի շրջան] կը մեկնիմ ձի բերելու համար», կը գրէ նամակի մը մէջ: Տիգրան Խոյեան կը մնայ Ալեքսանդրապոլ, իսկ Օննիկ Եազմաճեան՝ Երեւան:
- 9 Հոկտեմբեր 1920, «Յառաջ». Կը նշուի, թէ Ամերիկեան Նպաստամատոյցի կոմիտէի ներկայացուցիչ Եղիշէ Քաջունիին դիմում կատարուած է Իգտիրի բնակչութեան ձմեռնային զգեստեղէն մատակարարելու:
- 12 Հոկտեմբեր 1920, «Յառաջ». «Կիրակի օրը [10 Հոկտեմբեր 1920 Երեւանի մէջ] տեղի ունեցաւ սկաուտ տասնապետներու [Բ. Կարգի] քննութիւնը, սկաուտ մարզիչ Օննիկ Եազմաճեանի եւ այլ քննիչներու մասնակցութեամբ: Քննութիւնը յաջողութեամբ աւարտեցաւ, բոլոր տասնապետները [հարցարանին] ճշգրիտ պատասխաններ տուին»:
- 14 Հոկտեմբեր 1920, «Յառաջ». «Երէկ [13 Հոկտեմբեր 1920] Երեւան հասան Պոլիսէն ներգաղթող 120 [պէտք է ըլլայ 126, ըստ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Հայ Սկաուտ» պաշտօնաթերթին] սկաուտ հայ պատանիներ» [14 տարիքը բոլորած, եւ եօթը պատասխանատուներ՝ գլխաւորութեամբ Զաւէն Սարունիի, Հայկ Սէրէնկիւլեան եւ հողագործութեան մասնագէտներ Կոպեռնիկ Թանտըրճեան, Փարթամ, Յարութիւն Արըճեան, Զարմայր Մարտիրոսեան եւ այլք]: Վահան Չերազ նամակի մը մէջ նշած է, որ պատուիրակութիւնը Պոլիսէն սկաուտական 500 տարազ բերած է:
Նոյն թիւին մէջ Արշակ Սաֆրատեան Լոնտոնէն 15 Օգոստոս 1920 թուակիր «Պոյ-սկաուտների միջազգային խաղահանդէսը» [Լոնտոնի մէջ կայացած] խորագիրով թղթակցութիւն մը գրած է, քաջալերելով բոլոր հայ սկաուտները մասնակցելու յաջորդ տարի կայանալիք խաղերուն, դիմելով հետեւեալ հասցէին.- The Armenian Bureau, Regent street London W.1
- Սեպտեմբեր 1920-ի սկիզբը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արմաշի մասնաճիւղի 126 որբ սկաուտները ճամբայ կ’ելլեն դէպի Հայաստան՝ ներգաղթելու: Հասնելով Երեւան՝ կայարանէն դէպի կեդրոն հպարտ ու յաղթական քայլերով կը տողանցեն, իրենց փողերախումբին «Արեւ ծագեց զէյթունցիներ» եղանակին ընկերակցութեամբ:
«Երեւանի բնակիչները յանկարծակիի եկած էին: Ամէն կողմէ կը վազէին դէպի մեզ՝ հայե՛ր են, հայե՛ր են բացագանչելով: Այո՛, հայեր էինք եւ կ’երթայինք մեր հարազատ կառավարութեան հպատակութիւն յայտնելու:
«Վերը պատշգամին [կառավարութեան շէնք] վրայ հայ նախարարներ՝ գլխաւորութեամբ վարչապետին, կ’ունկնդրեն սկաուտական մեր երդումը՝ կ’երդնունք հաւատարիմ մնալ ազգիս ու հայրենիքիս: Վարչապետ Համօ Օհանջանեանը արտասուախառն աչքերով կը շնորհաւորէ ազգին հարազատ զաւակները: Հայաստանի քաղաքացիներ էինք այլեւս: Այս առիթով, նախարարութեան պատրաստած բացօթեայ հանդիսութեան՝ «յայտնութիւն էր [Քաջունիի մարզած Հայաստանի արենոյշներուն] 250 աղջիկներու հպարտ, ուղիղ քայլերով, գեղեցիկ մարզական շարժումներով մուտքը», կը պատմէ [Պոլսոյ պատուիրակութեան անդամ] Հայկ Սէրէնկիւլեան:
- 16 Հոկտեմբեր 1920, «Յառաջ». Ահա սկաուտավայել պարկեշտութեան ծանուցում մը. «Երեւանի սկաուտական խումբի տասներորդ տասնեակի սկաուտներէն Երուանդ Վարպետեանը Սաղովայա փողոցին մէջ գտած է 4270 ռուբլի: Կորսնցնողէն կը խնդրուի Անգլիական այգի գալ եւ մարզիչէն (սկաուտապետէն) այդ գումարը ստանալ»:
«Պոլիսէն եկած սկաուտներ Գէորգ Մարգարեանը եւ Պետրոս Սարաֆեանը կը փնտռեն Յակոբ Հայրենեանը: Վերջինիս հասցէն իմացողներէն կը խնդրենք յայտնել [սկաուտներուն, որոնք կը գտնուին] սպայից վարժարան»:
- 17 Հոկտեմբեր 1920, «Յառաջ». «Այսօր՝ Կիրակի ամսոյս 17-ին, կէսօրուան ժամը 12-ին, Անգլիական այգիին մէջ տեղի պիտի ունենայ Պոլիսէն Երեւան ժամանած [Հ.Մ.Ը.Մ.ի] 126 սկաուտներուն հանդէսը: Բոլորին մուտքը ազատ է:
- 19 Հոկտեմբեր 1920, «Յառաջ»ի մէջ կը կարդանք սկաուտական հանդէսին երկարաշունչ թղթակցութիւնը: Ա. ստորագրութեամբ եւ «Պոյ սկաուտների հանդէսը Երեւանում» խորագիրով. «Կիրակի, 17 Հոկտեմբեր 1920-ին, Երեւանի Անգլիական այգիին մէջ տեղի ունեցաւ Պոլիսէն նոր եկած սկաուտներուն հանդէսը:
«Որոշուած ժամուն հաւաքուած էր երկսեռ խուռն բազմութիւն մը: Մեր արիները կանուխ առաւօտէն զբաղած էին հանդէսի պատրաստութիւններով եւ մարզանքներով:
«Ժամը մէկին եկաւ վարչապետը [Համօ Օհանջանեան], երաժշտախումբի պատուոյ նուագով ու ներկայ հասարակութեան խանդավառ բացականչութիւններով: Ներկայ էին նաեւ նախարարները, օտար պետութիւններու ներկայացուցիչները, բարձրաստիճան անձինք, մամուլի եւ զանազան հասարակական հիմնարկութիւններու ներկայացուցիչները եւ խուռն երկսեռ բազմութիւն:
«Հանդէսը սկսաւ, սկաուտները՝ աղջիկ եւ տղայ խումբ-խումբ, իրենց մարզիչներուն առաջնորդութեամբ նուագախումբին կշռոյթով, իրենց յատուկ դրօշակներով եւ Եռագոյնի առաջնորդութեամբ տողանցքով քանի մը անգամ հրապարակին վրայ շրջան կատարելով ու պատուի ա՛ռ կատարելով վարչապետին եւ բարձրաստիճան հիւրերուն առջեւէն անցնելու ընթացքին, ապա գրաւեցին իրենց տեղերը եւ բուն հանդէսը սկսաւ:
«Խմբային սուլոցով հնչեց «Մեր հայրենիք» ազգային քայլերգը, որ ապա երգեցողութեան փոխուեցաւ: Բոլորը յոտնկայս եւ գլխաբաց ունկնդրեցին: Ապա սկսաւ հանդէսը՝ համեմուած գրական, երաժշտական եւ մարզանքային բաժիններով:
«Թէ՛ Պոլիսէն եկած եւ թէ՛ տեղական սկաուտները, աղջիկ ու տղայ կ’երգէին, կ’արտասանէին, կը պարէին եւ մարզանքներ կը կատարէին, հաճելի եւ յաջող կերպով:
«Արտասանութիւններուն մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էր Պոլիսէն եկած սկաուտի մը զգացուած ելոյթը Հայաստանի Եռագոյնին: Առանձին հետաքրքրական էր նաեւ պոլսեցիներուն տոպրակներով վազքը, բուրգերը՝ ուժաչափութիւնը: Գեղեցիկ ու գեղարուեստական էր տեղական աղջիկներուն [արենոյշներուն] պար-մարզանքը՝ փողերախումբի նուագին կշռոյթով:
«Ուշադրութեան արժանի էր նաեւ տեղական սկաուտներուն դրօշախօսութիւնը: Աղջիկ ու տղայ իրենց յաջող մարզանքներով կը մրցէին իրարու հետ եւ ետ չէին մնար Պոլիսէն եկած սկաուտներէն:
«Վերջաւորութեան, հանրային կրթութեան նախարարի օգնական Սոտնիկեանը հակիրճ ճառով մը ողջունեց սկաուտները, գնահատեց անոնց մարզիչներուն եռանդուն աշխատանքը, որուն արդիւնքը վայելեցինք, մատնանշելով որ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանը կարիքը ունի առողջ, կիրթ, ազնիւ ու անձնուէր քաղաքացիներու, պահանջ մը, որ պիտի բաւարարեն սկաուտական կազմակերպութիւնները: Ապա հրաւիրեց բոլորին կեցցէ՛ կանչել մեր ազատ, անկախ, Միացեալ Հայաստանին: Հանդէսէն ետք, սկաուտները փողերախումբին առաջնորդութեամբ տողանցեցին մայրաքաղաքին գլխաւոր փողոցներուն մէջ:
«Հանդէսը շատ հաճելի տպաւորութիւն ստեղծեց. ցանկալի է յաճախ կրկնել:
«Ծնողները իրենց հերթին պիտի շտապեն սկաուտ անդամագրելու իրենց զաւակները, եթէ կ’ուզեն զանոնք հեռու պահել փողոցի վատ ազդեցութիւններէն, եթէ կ’ուզեն ազնուացնել իրենց զաւակները ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս»:
- 21 Հոկտեմբեր 1920-ի «Յառաջ»ի թիւը լեցուն է սկաուտական եւ մարզական լուրերով եւ յօդուածով. հոն Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն մասին կը կարդանք հետեւեալ լրատուութիւնը.- «Երէկ, Չորեքշաբթի 20 Հոկտեմբեր 1920-ին, առաւօտեան ժամը 7-ին, Երեւան ժամանեց խորհրդարանի անդամ եւ նախորդ վարչապետ Ալեքսանտր Խատիսեանը: Կայարանին մէջ անոր դիմաւորեցին քաղաքի պարէտ փոխ գնդապետ Արշաւիր Շահխաթունին, պահակային գումարտակը իր նուագախումբով եւ Պոլիսէն եկած 126 սկաուտները»:
- 21 Հոկտեմբեր 1920-ի «Յառաջ»ի առաջին էջին մէջ Գրիգոր Չալխուշեան սկաուտները գովաբանող. «Հայ կանայք կացէ՛ք- նուէր Պոլիսէն եկած սկաուտներուն» խորագիրով գեղարուեստական յօդուած մը գրած է. «Աշուն է: Երկինքը՝ ամպոտ, չի ժպտիր իր կապոյտ աչքերով: Անձրեւ կը կաթկթի: Երբեմն չես գիտեր ո՞ր անկիւնէն քամին կը բարձրանայ, հով կը փչէ երեսիդ եւ կարծես ամչնալով իսկոյն կը հանգստանայ: Աշունը եկած է, բայց խոնաւին եւ հովին միջեւ տակաւին կը զգաս ամառուան տաք շունչը եւ անոր վերջին, յոգնած, թուլցած համբոյրները...
«Երեւանի Անգլիական այգին այսօր կարծես սովորականէն աւելի զարդարուած է: Ամէն մէկ ծառ առանձին փայլ մը, տեսք մը ունի: Տերեւները գունատուած են, կանաչ, կարմիր, դեղին, նարնջագոյն եւ բնութիւնը այսօր հագած է իր ամենագեղեցիկ, ամենաշքեղ, ամենաթանկագին շորերը:
«...Քամին քնքոյշ կը փչէ ծառերուն եւ մէկիկ-մէկիկ կը պոկէ, կը փետէ գունաւոր տերեւները եւ կը թափէ վար պարահանդէսներու գունաւոր թղթիկներու նման կը թափին հազարաւոր մանուկներու գլուխներուն, որոնք պարտէզ եկած են փայտերը ձեռքերնին դրօշակներով- նուագախումբով...
«Մէկ, երկու, երեք, չորս...
«Հանդարտ [հանգիստ]...
«Կա՛ց...
«Կը լսուին հրամանատարներուն ձայները...
Մէկ կողմը նստած են նախարարները, բարձր պաշտօնեաները եւ օտար պետութիւններու ներկայացուցիչները:
«Մեծ, խուռն բազմութիւն...
«Կը ծածանին հայկական դրօշակները:
«Մանուկները կը կատարեն զանազան մարզանքներ: Կը քալեն կարգով, զինուորներու հմտութեամբ:
«Կայտառ, առնական դէմքեր...
«Կա՛ց...
«Կը խօսին:
«Հայրենիքի կարօտ: Հայրենիքի սէր: Վառ զգացումներ եւ տենչ.-
«Ծառայելու հայրենիքի փրկութեան համար...
«Ամբոխին մէջ կը տեսնեմ յայտնի շահադէտները, որոնք հացը, շաքարը, կաթը կտրած են որբերուն բերաններէն եւ ամուր կերպով կը պահեն իրենց պահեստներուն մէջ, որպէսզի խեղդեն ժողովուրդը, որուն սով կը սպառնայ:
«Ես կը տեսնեմ պաշտօնեաներ, որոնք իրենց զեղծումներով հանրապետութեան վարկը կ’արատաւորեն:
«Ես կը մտածեմ, որ այս իսկ րոպէին մեր սահմաններուն մեր բանակը կը կռուի ներս խուժած քիւրտին, թուրքին դէմ...
«Ամէն կողմէ դաւադրութիւններ:
«Ներքին դժուար կացութիւն:
«Երբ այդ բոլոր վհատեցուցիչ միտքերը կը ծանրանան հոգիիս վրայ, յանկարծ կը լսեմ՝
«Մէկ, երկու, երեք, չորս... Հանդարտ... Կա՛ց...
«Եւ կը տեսնեմ կայտառ, առնական դէմքեր...
«Եւ կը լսեմ մանուկները՝
«Որ կը խոստանան մեռնիլ հայրենիքի փրկութեան համար...
«Մինչ խոնաւութեան եւ հովին մէջէն տակաւին կը զգամ ամառնային տաք շունչը եւ անոր վերջին, յոգնած, թուլցած համբոյրները, մեր հայ մանուկներուն խօսքերը ինծի կը թուին ըլլալ գարնան առաջին ուժեղ համբոյրները... Որոնք կ’արբեցնեն եւ կը ներշնչեն սէր եւ հաւատք:
«Անոնք գրաւականներ են, որ մեր ազգը կը մաքրուի այդ ժամանակաւոր կեղտերէն, արատներէն: Փոթորիկները կ’անցնին: Վերջապէս լայնօրէն կը ժպտի հայ արեւը...
«Բարձր օդին մէջ կը պտըտին երկար ու վար կը թափին կանաչ, դեղին, նարնջագոյն եւ կարմիր տերեւները մեր մանուկներուն սիրուն գլուխներուն, երեսներուն եւ ուսերուն վրայ...
«Աշուն է: Այո աշունը եկեր է: Ոչինչ: Ձմեռը կարճ կ’ըլլայ եւ շուտով կու գայ գարունը:
«Հայ կանայք, հանդա՛րտ, կա՛ց.
«Յանձնեցէք ձեր զաւակները մեր սկաուտական ընկերութեան, որպէսզի ստանաք առողջ եւ արի երիտասարդներ:
Գր. Չալխուշեան»
- Ահա՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը իր նպատակին ծառայած ըլլալը կը վկայէ հաղորդակցութեան նախարար Արշակ Ջամալեանը իր յուշերուն մէջ. «1920-ի աշնանը դուք այլեւս անպատսպար որբեր չէիք տեսներ մեր քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, որոնց լացն ու կականը սիրտ կը կտրատէին: Անոնց աղիողորմ ճիչերը փոխարինած էին պոյ-սկաուտներու կորովի քայլերգը եւ ֆութպոլիստներու աղմուկն ու քրքջոցը Երեւանի Անգլիական այգիին եւ Ալեքսանդրապոլի Փոլիկոնին [երկրորդ մեծ որբանոցը] մէջ: Ասոր հետ միասին՝ դանակով կտրածի պէս դադրած էր մուրացկանութիւնը»:
- 21 Հոկտեմբեր 1920-ին «Յառաջ» կը յայտարարէ «Դիւցազն» ակումբի հիմնադրութեան մասին. «Օգոստոսի սկիզբներուն Երեւանի մէջ հիմնուած է «Դիւցազն» մարզական [եւ սկաուտակա՞ն] ակումբը, որուն կանոնագրութիւնը 14 Հոկտեմբեր 1920-ին հաստատուած է Երեւանի շրջանային դատարանին կողմէ:
«Ակումբին կրնան անդամակցիլ, առանց ազգի եւ սեռի խտրութեան, 18 տարիքը բոլորածները:
«Անդամագրուիլ կարելի է Երեւանի պարէտային վարչութեան մէջ՝ տեղակալ Առաքելեանի մօտ:
«Մուտքի սակը 250, իսկ ամսավճարը՝ 50 ռուբլի է»:
- 21 Հոկտեմբեր 1920, «Յառաջ», Երեւանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ԱՌԱՋԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ յայտարարութիւնը. «Յառաջիկայ Կիրակի, 24 Հոկտեմբերին, Անգլիական այգիին մէջ տեղի կ’ունենայ ֆութպոլի մրցում Կոստանդնուպոլսոյ Հ.Մ.Ը. Միութեան 20-րդ մասնաճիւղին եւ Երեւանի «Սպորտ» ակումբին միջեւ:
«Կը հրաւիրուին կառավարութեան անդամները, օտար ներկայացուցիչները [դեսպաններ] եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր: Պիտի նուագէ զինուորական նուագախումբը:
«Մրցումը կը սկսի ճիշդ ժամը 12-ին: Մրցումը որեւէ պատճառով չի յետաձգուիր:
«Մուտքի սակեր 500, 250 եւ 100 ռուբլի»:
- 22 Հոկտեմբեր 1920, «Յառաջ». «Արմաշի գիւղատնտեսական դպրոցի 113 [126] աշակերտ սկաուտները, որոնք Պոլիսէն Երեւան հասան, երեք գիւղատնտես մասնագէտ ուսուցիչներու ղեկավարութեամբ, իրենց հետ բերած են շուրջ 2 հազար օսմանեան ոսկի, որ մեր դրամի այժմու սակով կը համապատասխանէ 18-20 միլիոն ռուբլիի: Նշեալ գումարը պիտի յատկացուի գիւղատնտեսական դպրոցի հիմնադրումին, միաժամանակ փափաք յայտնելով, որ գաղութային բաժինը անմիջապէս գործի լծուի:
«Այս առթիւ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան դիմում ներկայացուած է, արագացնելու գիւղատնտեսական դպրոցին բացումը, խնդրելով նախարարներու խորհուրդէն համապատասխան վարկ»: Ահաւասի՛կ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան եւ կրթութեան վերելքին:
- 26 Հոկտեմբեր 1920, «Յառաջ». «Ժողով-հանդէս Պոյ-սկաուտական մրցահանդէս» խորագիրով թղթակցութիւն մը գրած է Ար. «24 Հոկտեմբեր 1920-ին, ժամը 12-ին, քաղաքիս Անգլիական այգիին մէջ, Երեւանի «Դիւցազն» մարզական ակումբին բացումին առիթով տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցում՝ Կոստանդնուպոլսոյ [Հ.Մ.Ը.Մ.ի] եւ Երեւանի սկաուտներուն միջեւ:
«Մուտքը վճարովի էր, ներկայ էր իգական եւ արական սեռի հասարակութեան խուռն բազմութիւն: Զինուորական երաժշտախումբի նուագին ընկերակցութեամբ, ծրագիրէն դուրս՝ յայտագիրը սկսաւ երկու մրցակիցներու միջեւ անգլիական բռնցքամարտով:
«Շուրջ ժամը 1-ին սկսաւ ֆութպոլի մրցումը եւ տեւեց մինչեւ 3: Մրցումին սկիզբէն նկատելի էր կարմիր շապիկ հագած երեւանցիներուն առաւելութիւնը, որ խաղը փոխադրեց Պոլսոյ սկաուտներուն բերդը:
«Մրցումին ընթացքին երկու անգամ երեւանցիները յաջողեցան գնդակը մտցնել Հ.Մ.Ը.Մ.ի բերդէն ներս, որոնք հասարակութեան կողմէ ողջունուեցան բուռն ծափերով: Մէջ ընդ մէջ կը նուագէր փողերախումբը»:
- 26 Հոկտեմբեր 1920, «Յառաջ». Հայկական սկաուտական պիւրոն Լոնտոնէն թղթակցութիւն մը ղրկած է միջազգային 21 երկիրներէ եկած սկաուտական շաբաթ մը տեւած հանդէսին մասին եւ կ’առաջարկէ հայ սկաուտներուն մասնակցիլ յաջորդ տարի, դիմելով հայկական պիւրոյին:
- «Այժմ դադրած ենք սկաուտ եւ մարզիկ ըլլալէ, բոլորս կամաւորներ ենք եւ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար խրամներ կը փորենք», կը գրէ Չերազ:
- Հայկական բանակի թնդանօթային բաժինի հրամանատար զօրավար Արարատեանը, որ Ալեքսանդրապոլ եկած էր Կարս մեկնելու համար, Խոյեանէն կ’ուզէ 21 սկաուտներ, որպէսզի անոնք իբրեւ օգնականներ զինեն [Ալեքսանդրապոլի] բլուրին վրայ գտնուող բերդի թնդանօթները: «Բոլորն ալ հիանալի ոգիով «Պատրաստ ենք իսկոյն մարզուելու» կ’ըսեն» եւ 31 Հոկտեմբեր 1920-ին 30 կամաւոր սկաուտներ Խոյեանին հետ բերդ կ’երթան:
- Տիգրան Խոյեան կ’եզրակացնէ. «Միայն երկու ամսուան «գործունէութիւն» մը ունեցաւ մեր առաքելութիւնը: Գրեթէ մէկ ամիսը, անտեղի կերպով վատնուեցաւ կրթական նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ բժիշկ Արծրունիի եւ մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող մարզական անհաշտ տեսակէտներու միաձեւումին: Սեպտեմբեր ամիսը մտանք արդէն եւ մենք՝ չորսս դպրոցական տարեշրջանին համար պատրաստեցինք մեր կողմէ խնամքով մշակուած եւ կրթական նախարարութեան վաւերացման ենթարկուած մարմնակրթական ծրագիր մը, որուն գործադրութեան հազիւ սկսած՝ պայթեցաւ թուրք եւ հայ նոր պատերազմը:
«...Վահան Չերազն ու Եզնիկ Քաջունին հրաժարականնին տուին նախարարութեան եւ մեկնեցան կռուի ճակատ: Օննիկը մնաց Երեւան եւ ես՝ Ալեքսանդրապոլ, փութով սկսանք դպրոցներու համար պատրաստուած ծրագիրը գործադրել փորձել: Ուսուցիչներէն գործակիցներ ճարեցինք, անոնց միջոցով դպրոցներուն մէջ տարուելիք մարմնակրթական աշխատանքին թափ տալու համար: Սկաուտական շարժումը, պայմաններու բերումով աւելի դանդաղ սկսաւ յառաջանալ: Միեւնոյն ատեն, պատերազմական դրութեան պարտադրանքին տակ, մեծ սկաուտները տրամադրեցինք քաղաքային վարչութեանց եւ զինուորական իշխանութեանց կարիքներուն՝ անոնց դիմումին իբրեւ գոհացում: Դէպքերը, սակայն, գահավէժ ընթացք մը առին, կացութիւնը շատ ծանրացաւ, հայ հանրապետութիւնը ինկաւ», եւ միայն Վահան Չերազ մնաց Հայաստան:
«Վահան Չերազ իրեն յատուկ սկաուտապետի տաղանդով կը գրաւէ սէրն ու վստահութիւնը իր որբ սկաուտներուն: Պրաունի գոհունակ հովանիին տակ, տիպար տասնեակներ կը կազմակերպէ այդ որբերէն, որոնք իրենց թոյլ, անկարգապահ եւ խարդախելու հակամէտ նկարագրային վատթար գիծերը կը փոխարինեն առոյգ, կարգապահ եւ պատուախնդիր նկարագիրով: Իբրեւ ամէն կերպով առողջ հայեր ըլլալու հպարտութեամբ՝ այդ «Հայ արիները» եղան Վահանի ջանքերուն արդար վարձատրութիւնը: Չերազի յառաջ բերած այդ հրաշալի արդիւնքը վարձատրութիւնն է նոյնպէս, եւ՝ միակ շօշափելի գործը, զոր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանեան առաքելութեան անունին կրնանք կապել, քանի որ այդ առաքելութեան ամենավաստակաւոր եւ արժանաւոր երէց անդամն էր, որ երբ առիթը ներկայացաւ՝ սկաուտական դաստիարակութեան սրբազան արժէքը երեւան բերաւ» կ’եզրակացնէ Խոյեան:
- 1-25 Նոյեմբեր 1920. Այս քսանչորս օրերը հռչակուած ըլլալով «Սկաուտը հայրենիքին համար» օրեր՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր մասնաճիւղերը տուներէն դրամ եւ հագուստ կը հաւաքեն Հայաստանի սկաուտներուն համար։
- 2 Նոյեմբեր 1920. Սեպուհի բանակէն խոտորջուրցի Թորգոմը ճակատէն նամակ կը բերէ Չերազէն, որ կը թելադրէր պատրաստուիլ արտագաղթելու, կը գրէ Խոյեան:
- 7 Նոյեմբեր 1920, «Յառաջ». Կառավարութիւնը նպաստ կը յատկացնէ ներգաղթող սկաուտներուն. «Պոլիսէն եկած 126 սկաուտներուն համար, վարչապետ Համօ Օհանջանեանի տնօրինումով, պետական պահեստէն յատկացուած է հետեւեալը.- 210 տուփ խտացուած կաթ, 60 ֆունտ [24,6 քլկ.] օճառ, 25 փութ [407,5 քլկ.] լուբիա, 25 փութ [407,5 քլկ.] սիսեռ, 20 ֆունտ [8,19 քլկ.] քաքաօ, 25 փութ [407,5 քլկ.] չալթուկ [կեղեւով բրինձ], 1 փութ [16,3 քլկ.] աղ եւ 500 հազար ռուբլի դրամ:
Ահա նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտին նպատակը՝ ծառայելու ազգին եւ հայրենիքին, գործնապէս կ’իրագործուի:
- 18 Նոյեմբեր 1920 թուակիր Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոն ղրկած նամակին մէջ Օննիկ Եազմաճեան Երեւանէն կը գրէ. «...Պատերազմական դրութիւնը կարծես աւելի մեծ ոյժ եւ եռանդ տուած է, եւ մեր տղաքը այս վայրկեանին աւելի լաւ փարած են գործին Մեր դասախօսութիւնները կը շարունակենք: Այս շաբաթ մտադիր ենք Բ. Կարգի սկաուտներու [երկրորդ] քննութեան սկսիլ...:
«Զանազան ճակատներ ուղարկեցինք սկաուտներ այլեւայլ պաշտօններով. օրինակ՝ սուրհանդակ, մթերանոցներու հսկիչ, Կարմիր Խաչ, դրօշախօսներ որոնք այս պահուս կը գտնուին Շարուրի [Վայոց Ձորի Բարձրունի գիւղը] ճակատը, որոնք հոն ղրկուած են տեղւոյն զինուորական պետին հրահանգով: Երկու սկաուտ ղրկուած է Ուլուխանլու [Մասիս քաղաք], ուր կը գտնուի գաղթականներու համար բացուած սննդակայանը, ուր սկաուտները կը պատրաստեն թէյ, կերակուր եւ այլն: Նոր Գաւիթ գիւղն ալ սկաուտներ կան, ուր կը պատրաստուի գաղթականներուն հացը՝ տեղւոյն պաշտօնեաներուն վրայ իբրեւ հսկիչ: Երկու սկաուտ ունինք ելեւմտական նախարարութեան մէջ եւ այլ տեղեր:
Երեւանը լեցուն է [նոր] գաղթականներով եւ որբերով: Երկուշաբթի օր Կարմիր Խաչին հետ գացինք դարմանեցինք 30-40 որբեր, որոնք Կարսէն փախուստի ժամանակ վիրաւորուած էին եւ զանազան վէրքեր ունէին: Այսօր խնամատարութեան նախարարին հրամանով մեզի յանձնուեցաւ թեմական դպրոցին մէջ գտնուող 1000 գաղթականներուն հոգը: Երեւանէն Էջմիածին պիտի փոխադրենք 400 որբեր: Տրամադրութեան տակ մեծ սկաուտ չմնաց, սակայն պզտիկներն ալ քաղաքին մէջ կրնանք գործի մղել: Մեղուի պէս կ’աշխատին»:
- 23 Նոյեմբեր 1920, «Յառաջ». Եզնիկ Քաջունի շնորհակալական հետեւեալ նամակը հրապարակած է «Երեւանի արեակների [սկաուտներու] համար» խորագիրով. «Երեւանի «Արեակներու» [սկաուտ] կազմակերպութիւնը երկաթուղիի վարչութենէն 100 հազար ռուբլի նուէր ստացեր է:
«Երկաթուղային ծառայողներու համագործակցականը իր կեդրոնական պահեստը ունէր Ալեքսանդրապոլի կայարանին մէջ, ուր վերջին դէպքերուն ժամանակ ենթարկուեցաւ կեղտոտ թալանի եւ ծանր ու անդարմանելի կորուստներու: Ամիսներու լարուած աշխատանքին ամբողջ արդիւնքը, ցորեն եւ այլ տեսակի մթերքներ գրեթէ ամբողջութեամբ թալանուեցան անազնիւ մարդոցմէ ու իրենց պահեստէն հազիւ մէկ-երկու վակոն մթերք յաջողեցան հասցնել Երեւան: «Ահա այսպիսի կողոպուտի ենթարկուած այս ընկերութիւնը շատ գեղեցիկ ու ինքնաբուխ մղումով եւ առանց նախընթաց խոստումի կը տրամադրէ 100 հազար ռուբլի մեր «Արեակ» կազմակերպութեան:
«Մեր արեակ սերունդը այսպիսի հիմնարկութիւններու հանդէպ ունի միայն երախտագիտութիւն, եւ կը խոստանայ իր փոքր ուժերով ստեղծագործ եւ շինիչ աշխատանքի լծուիլ մեր դժբախտ հայրենիքին վերաշինութեան:
«Այս առիթով պէտք է յիշենք նաեւ Հայկոոպի անցեալ Մայիսի համագումարին 30 հազար եւ Վան Կոոպերաթիւ ընկերութեան նախորդ վարչութեան կողմէ 15 հազար ռուբլիի խոստումները անծանօթ պատճառով չստացանք:
«Եթէ մամուլով յայտարարութիւնները հասարակական խաւերու անկեղծ արտայայտութիւններն են, ապա ուրեմն սկաուտական կազմակերպութիւնը մեր մամուլին յաճախակի դրուատիքներուն արժանանալով պէտք էր համապատասխան լուրջ ուշադրութեան եւ հոգածութեան արժանանար:
«Մենք յոյս ունինք, որ Երկաթկոոպին ազնիւ օրինակը խթան կը դառնայ նախապէս տրուած խոստումներու իրագործման եւ ապա, հասարակական թէ անհատական հիմնարկութիւններու քաջալերական նոր արտայայտութիւններու:
Եզնիկ Քաջունի»
- 25 Նոյեմբեր 1920, «Յառաջ». Եզնիկ Քաջունիի արենոյշները դրամահաւաք կը կատարեն բանակին համար. «Երեւանի պարէտ փոխ գնդապետ Շահխաթունին շնորհակալութիւն կը յայտնէ Երեւանի աղջկանց «Արծուիկ» սկաուտական խումբին, 10,330 ռուբլի ռազմաճակատի զինուորներուն նուիրաբերելուն համար:
2 Դեկտեմբեր 1920-ին Հայաստանը կը հռչակուի խորհրդային Հանրապետութիւն:
- 13 Փետրուար 1921-ի հակախորհրդային շուրջ երկամսեայ Փետրուարեան ապստամբութեան մասնակցելէ ետք, անգլերէնին տիրապետած Վահան Չերազ 29 Նոյեմբեր 1921-ին Ալեքսանդրապոլի իր թաքստոցէն դուրս գալով գործի կը դիմէ Ամերիկեան Նպաստամատոյցի տնօրէն Միլթըն Պրաունին, որ իր կարգին սկաուտապետ եղած է, եւ իսկոյն լաւ վճարումով պաշտօն մը կու տայ Վահանին: Պաշտօնը Կազաչի Փոստ որբանոցին մէջ հսկողութիւն-պահակութիւն էր, սակայն ան կը դիմէ տնօրէնին՝ այդ որբերուն նաեւ սկաուտական դաստիարակութիւն տալու։ Դիմումը ջերմօրէն կ’ընդունուի:
- 21 Փետրուար 1921-ին Չերազ կը գրէ. «Պոլշեւիկները խափանեցին սկաուտական շարժումը‚ որովհետեւ «Հայրենիքի կործանիչ եւ յետադիմական գաղափարներ կը ներշնչենք եղեր մանուկներուն» եւ, թէ՝ «անգլիական իմպերիալիստական մեթոտներուն կը հետեւինք եղեր»:
- Հ.Մ.Ը.Մ.ի օժանդակութիւնը հայրենիքին կը շարունակուի, եւ Մարտ 1921-ին սկաուտները Պոլսոյ բոլոր թաղերուն մէջ Հայաստանի սկաուտներուն համար կը հաւաքեն 24 հակ [խոշոր ծրար] հագուստ եւ մօտ 2500 ոսկի։
- 17 Մարտ 1921, Հայաստանի Հանրապետական կառավարութեան (Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի) օրկան «Ազատ Հայաստան»ի մէջ կը կարդանք. «Պոլշեւիկները Ալեքսանդրապոլի որբանոցներուն բոլոր պահեստները թալանելէն եւ բազմաթիւ որբեր փողոց նետելէն ետք, որոշած են նաեւ ձերբակալել եւ բանտարկել ամերիկացիները, որոնք սակայն իմանալով այս, փախուստ կու տան Ալեքսանդրապոլէն: Անոնցմէ մաս մը այժմ Կարսի մէջ կը գտնուին:
- 10 եւ 20 Մայիս 1921-ին Չերազ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոն կը ղրկէ բովանդակալից նամակներ, զորս կարելի է Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան տեղեկագիրներ նկատել.
«Թերեւս դուք կը կարծէք որ Հայաստանը մեռաւ, թաղեցինք ու ծանր քար մը դրինք վրան: Թերեւս կը կարծէք որ Հայաստանին հետ խաչ քաշեցինք նաեւ մեր սրտին այնքան մօտիկ սկաուտութեան եւ մարմնակրթանքին վրայ: Բոլորովին կը սխալիք:
«Անցեալ տարուան Յուլիս 26-ի յիշատակելի բաժանումէն ի վեր գլխէս անցածները մասամբ գիտէք, մասամբ ոչ: Ես այդ մասին պիտի չգրեմ ձեզի, հարկաւ երջանիկ առիթներ կ’ըլլան, որ կարենամ բերանացի պատմել ձեզի: Կ’ուզեմ որ այս նամակս աւելի մտերմական տեղեկագիր մը ըլլայ մեր այժմու մարմնակրթական շարժումին, քան թէ արկածներուս պատմութիւնը:
«22 Մարտին [1921] Երեւանէն մեկնեցայ [Փետրուարեան ապստամբութեան մասնակցելով] եւ քանի մը անգամ ստոյգ մահէն փրկուելով հասայ Ալեքսանդրապոլ:
«Ներկայանալով Ամերիկեան Օգնութեան Կոմիտէի լիազօր քափիթէն Պրաունին՝ ստացայ պահակապետի պաշտօնը:
Փոլիկոնը՝ ուր կան մանչ որբերը, իսկ Կազաչի փոստին մէջ՝ աղջիկները:
«Երբ պաշտօնս ընդունեցի, միայն պահակութեան համար, տեսնելով պահականոցը եւ պահակները մտածեցի այս տղոց սկաուտ դարձնել: Պահականոցը եւ միջավայրը շատ յարմար էին: Եթէ այս պատեհութենէն չօգտուէի՝ մեղանչած պիտի ըլլայի Փրոթիի օդին ու ծովին, Տորքեան օրերուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի փառքին ու պատիւին դէմ:
«Այս նպատակով դիմեցի տնօրէն Պրաունին [նախկին սկաուտ խմբապետ], որ լայն բացաւ պահեստանոցները. «Ի՛նչ կ’ուզես ըրէ, հաւնածդ ա՛ռ», ըսաւ:
«Հիմա Կազաչի Փոստի պահակները սկաուտ աթլէթներ են, եւ պահականոցը՝ իր շրջապատով այնպիսի մարմնակրթական հաստատութիւն մը, որ եզակի է Հայաստանի մէջ, որուն կրնայ նախանձիլ Պոլիսը:
«Սկսայ գործի:
«Գիշեր մը տղոց կողմէ պատգամաւոր ղրկեցին խմբապետները՝ յայտնելու համար, որ չեն ուզեր սկաուտական տարազ եւ կարճ տաբատ հագնիլ, թէ՝ ամօթ է եւ այլն, ապա թէ ոչ...
«Ապա թէ ոչ ի՞նչ հարցումիս պատասխան չունէին ու հարցը փակուեցաւ:
«Պատգամաւորները գլխիկոր վերադարձան խրատուած, համոզուած որ իրենց երանելի օրերը անցած են:
«Հիմա բոլորն ալ սկաուտ են, նորընծայ եւ արժանի եղբայրները պոլսեցի կտրիճ հայ սկաուտներուն: Հիմա չես կրնար համոզել անոնց, որ սկաուտական տարազը հանեն: Այլեւս հայհոյանք չես լսեր, խռովութիւն, անկրթութիւն եւ չարահնարք ի սպառ կորած են:
«Ինչպէս ըսի մեր պետն է քէփթըն Միլթըն Պրաունը, անոր նման ասպետ օտարազգի գործիչ դժուար թէ եկած է Հայաստան: Ան մեր սկաուտներուն մեծ եղբայրն է՝ սկաուտապետը: Թող լաւ տղաք ըլլան՝ ամէն ինչ կը տրամադրէ:
«Հիմնարկութեան արհեստանոցները այս միջոցին միայն մեզի համար կ’աշխատին: Ատաղձագործարանը նոր շինեց ֆութպոլի փառաւոր բերդերը, տակաւին կը շինէ սկաուտական գաւազանները, այսօր պիտի յանձնէ բարձրութիւն ցատկելու կազմածը եւ վաղը կը սկսի շինել արգելավազքի խոչընդոտները:
«Կաշեգործները մեր գօտիները կը պատրաստեն:
«Հիւսները շուտով կը սկսին լոգանքի բաղնիքներու պատրաստութեան: Կար ու ձեւի արհեստանոցը կը կարէ սկաուտական տարազները:
«Իմ համակրելի օգնականս է Սկիւտարի Հ.Մ.Ը.Մ.կան Զաքէոս [Ճորճ, ապագային ԱՆՉԱ-յի ղեկավար] Մարտիկեանը, որուն հետ հեզասահ կ’աշխատիմ: Ան հազիւ կրցած էր Կարսէն փրկել մեր բերած Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոյքերուն աննշան մնացորդը՝ 7 ձեռք տարազ, 6 գօտի, 5 գլխարկ, 1 սկաւառակ, 1 ֆութպոլ, 1 օդահան [փոմփ], երկուքական կանգուն կարմիր եւ կապոյտ կտոր, քանի մը «Հայ Սկաուտ», 54 սկաուտական կանոնագիր, 3 l’eclaireur [ֆրանսերէն սկաուտին գիրքը] եւ 4 նշանակ:
«Աթլէթի գոյքերու կողմէն աղքատ ենք: Գունտերը կոտրած են, կը գործածենք ռուսական եկեղեցւոյ չորս անկիւնները դրուած հին ռումբերը, որոնց վրան ծակ է, խոշոր են եւ 8 քիլօ 185 կրամ կը կշռեն: Միակ սկաւառակը կլորութիւնը սկսած է կորսնցնել:
«Մէկ ֆութպոլ ունինք եւ երկրորդը՝ իմս, 2-4 ձգախէժէ մէջի գնդակ, սակայն փակցնելու խէժ եւ կտոր չունինք:
«Ո՜ւր է «Հայ Սկաուտ» թերթը, ինչեր կ’ընէք, որ չենք գիտեր, տակաւին անցեալ տարուան ողիմպիականին արդիւնքէն տեղեակ չեմ:
«Կռփամարտը մանաւանդ, որ այնքան նոր ու տարօրինակ երեւոյթ մըն է այստեղ, մեծ հետաքրքրութեան կ’արժանանայ: Տղոց մէջ իրական տաղանդներ կան. այստեղ իւրայատուկ խաղաոճ ունեցողներ կան որ կը զարմացնէ:
«Երէկ [հաւանաբար 9 Մայիս 1921-ին] մեր նոր դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ մեր 4 խումբերուն միջեւ ֆութպոլի առաջին պաշտօնական մրցումը: Առաջին խումբը 5-1 արդիւնքով յաղթեց չորրորդին:
«Բռնցքամարտի, պարանի, գունտի, վազքի եւ այլնի մրցումները միշտ միջ-խմբային բնոյթ ունին եւ նիշեր կը դրուին, արդիւնքները կը փակցուին պահակային ամէնօրեայ հրահանգներու պատերուն: Պատերը զարդարուած են գիրքերէս հանուած սկաուտական եւ մարմնակրթական մեծ նկարներով:
«Այստեղ պէտք է յայտնեմ, որ սկաուտական դրութիւնը քիչ թէ շատ յարմարցուցած եմ պահակային դրութեան, օրինակ՝ յիսնապետի դրութիւնը:
«Ուստի, մեզ մի մոռնաք, կ’արժէ մեզմով զբաղիլ, որովհետեւ արդիւնքները արդէն շօշափելի են եւ խոստմնալից: Ամէն բան նպաստաւոր է շնորհիւ տնօրէն Պրաունին, որուն համար կ’արժէ երեք կեցցէ՛ բացագանչեն մեր պոլսեցի սկաուտները [այստեղ «Հայ Սկաուտ»ի խմբագրութիւնը ծանօթով մը կը մէջբերէ «Ձեր նամակը բոլոր ընկերներուն ներկայութեան կարդացուեցաւ եւ «Կեցցէ»ի փափաքը գործադրուեցաւ], շինութիւնը նոյնպէս նպաստաւոր է: ունինք փառաւոր ննջարան մը, ուր 120 անկողին կայ: Մօտ օրէն ֆութպոլի դաշտին վրայ ակումբ մը պիտի ունենանք:
«Յաջողութեան մէկ այլ պատճառն այն է, որ լիազօր եմ, մինակ ես եմ պատասխանատուն: Ժողով-մողով հարկաւոր չէ որոշումի համար, ո՛չ ալ խոչընդոտող տարրեր կան:
«Ուրեմն՝ տղաք, դեռ կ’ապրինք: Կը յուսամ որ երկինքէն լուսանկարչական գործիք մը կը հասնի, որպէսզի մեր գործունէութիւնը նկարահանենք: Իսկ առայժմ գոհացէք իմ չափազանց հապճեպ տեղեկագրով: [Հաւանական է, որ վերոնշեալ բաժինը 10 Մայիսի նամակն է, որ խմբագրութիւնը օրին երկու նամակները անջատած չէ]:
Ստորեւ հաւանաբար 20 Մայիս 1921-ի նամակը.-
«Կեանքիս մէջ ա՛յսքան զբաղած չեմ եղած, սակայն երբե՛ք այսքան անուշ զբաղում չեմ ունեցած:
«Գոյքերուս մեծ մասը գտայ, թէեւ շատ բաներ կը պակսին: Մարմնակրթական գիրքերս ամբողջութեամբ մնացած են:
«Առայժմ Պոլսոյ մասին չեմ մտածեր, այստեղ ինծի համար Պոլիս է եւ բան մըն ալ աւելի, թէեւ շատ բաներ ալ պակաս:
«Տղոց բարոյական կերպարանափոխումը կատարեալ է արդէն: Իսկ ֆիզիքական մարզական կեանքին մէջ եռանդով նետուեցան եւ մարմնական զարգացումը մէկ ամսուան մէջ արդէն նախանձելի աստիճան զարգացաւ: Բնածին ձիրքերով օժտուած տղաք շատ են, որոնք մարմնակրթական աշխարհին մէջ աստղեր կրնան դառնալ: Բարձրութիւն ցատկելու առաջին փորձին, 15-ամեայ կարնեցի Սարգիս Յովհաննէսեանը 1,25 մեթր ցատկեց անթերի ոճով, այժմ՝ 1,30-ը անցաւ: 3-4 տղաք ալ կը մօտենան անոր:
«Ժամանակս չի ներեր մանրամասնութեանց մէջ մտնելու, սակայն շատ ու շատ գոհ եմ: Այս ինծի համար երազ մըն է, որ իրականութիւն կը դառնայ. Ունենալ 100 տղայ, մարզել իբր սկաուտ եւ իբր մարդ, ըլլալ քաջալերուած ու լիազօր, ունենալ միջոցներն ու միջավայրը եւ արդիւնքները քաղելու գոհունակութիւնը: Այս բոլորը իրականացան շնորհիւ անզուգական քափիթէն Պրաունին:
«Տղոց տրամադրութիւնը շատ բարձր է՝ ապրուստ, մաքուր եւ լաւ դաստիարակուած չարքաշ կեանք, ուսում, աշխատանք ու զբօսանք, ամէն ինչ ունին:
«Փոքրիկ Պոլիս մը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մանրանկարը ունինք եւ անոնց պաշտելի դէմքերը քանի մը թանկագին նկարներու վրայ կ’երեւին:
«Տղա՛ք, պատգամաւոր մը, քննիչ մը տեղեկաբեր մը ղրկեցէք մեր մօտ, որ աչքով տեսնէ ու վկայէ: Իմ մասիս շատ գրել չեմ ուզեր, սակայն ամէն բանի մէջ դժուարահաճ ըլլալով հանդերձ ես շատ գոհ եմ, ուրեմն հասկցէք:
«Ինչ անակնկալ կ’ըլլար եթէ յանկարծ Կարօն գար:
«Մեզի երգարան պէտք է: Իմիններս կրկնութիւն են: Տղոց նոր երգեր պէտք է սորվեցնել: Եղանակներ շատ գիտեմ, բայց բառերը՝ քիչ:
«Ձեր գործունէութենէն բոլորովին անտեղեակ ենք: Մեկնելէս ի վեր Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեանքէն տեղեակ չեմ: «Հայ Սկաուտ» թերթերուն անհամբեր կը սպասենք:
«Փոլիկոն որբանոցին ալ 800 տղաք սկաուտ պիտի ընենք: Առաջարկեցին, որ հոն փոխադրուիմ, սակայն մերժեցի: Այսուհանդերձ, ընդունեցի այնտեղի ալ ընդհանուր սկաուտապետը ըլլալ: Մեր երկու ֆութպոլէն մէկը այնտեղ ղրկեցինք:
«Կ’ըմբռնէք որ գործս ծանր է: Կը թելադրեմ, որ պրն. [Նպաստամատոյցի ընդհանուր տնօրէն Էռնեստ] Եարրոն տեսնէք եւ առաջարկէք մարզիչներ ուղարկել, եթէ կան: Մարզիչ ըսելով՝ համեստ, ոչ-ցուցամոլ գործի տղաք պէտք են: Մալումեանը շատ յարմար կը գտնեմ: Ես լաւ եմ ու լաւատես, նոյնը կը մաղթեմ ձեզի: Մեզի մի մոռնաք, եւ ձեր հոգածութեան կը կարօտինք:
«Տղոց ողջոյնը բոլորիդ եւ համբոյրներս: Երկար նամակներ գրեցէք: Համբոյրներ Ճիզմէճեանին, Վարագին, Եդուարդին, Տիգրանին, Օննիկին եւ այլն»:
Վաչէ [Վահան]
1 Յունիս 1921, «Հայ սկաուտ» կը յայտարարէ Արմաշի դժբախտ որբերուն վերադարձը հայրենիքէն, պոլշեւիկներու դաժան հալածանքին եւ որբանոցները թալանելու ու որբերը անտէր ձգելու, նաեւ՝ սկաուտութեան դէմ անոնց կեցուածքին պատճառով։ «Բարի՜ եկաք, տղա՜ք, հազար բարի տառապանքի փշոտ ճամբաներու անխոնջ կարաւան» խորագիրով թերթը կը գրէ. «Հ.Մ.Ը.Մ.ի 20-րդ մասնաճիւղ՝ Արմաշի գիւղատնտեսական վարժարանի սկաուտները իրենց բոլոր ուսուցիչներով Պոլիս հասան, իրենցմէ 7 հոգի պաշտօնով կը մնան Ղարաքիլիսա, ամերիկացիներու մօտ, որոնք մօտ ատենէն կը հասնին հոս»։
- 17 Յունիս 1921, Զմիւռնիոյ հայ սկաուտութեան օրկան «Պատրաստ»ի մէջ «Մարմնամարզը եւ սկաուտիզմը Հայաստանի մէջ» խորագիրով գրութիւնը հաւանաբար կ’անդրադառնայ Չերազի նամակին.-
«Հայաստանէն, մասնաւորապէս Ալեքսանդրապոլէն, շատ յուսալից նամակներ կը ստացուին: Այնտեղ ամէն շաբաթ կանոնաւոր կերպով ֆութպոլի, մարմնամարզական մրցումներ եւ սկաուտական հանդէսներ տեղի կ’ունենան: Մարզիկներուն թիւը 10 հազարի մօտ է: Նիզակ, երկաթ, ցատկելու կազմած՝ բոլորը իրենք շինած են, միայն սկաւառակի շինութիւնը դժուար եղած է, սակայն կը յուսան այդ ալ շինել: Գունտի համար կը գործածեն ռուսական հին ռումբերու գունդեր:
«Վերջերս տեղի ունեցած է մեծ մարզահանդէս մը որուն ներկայ գտնուած է Ամերիկեան նպաստամատոյցի պետ [միսիոնար եւ մարզիկ] դոկտ. Եարրօ, [Ernest Alfred Yarrow, 1876-1939], որ նաեւ լուսանկարած է:
- «Վահան Չերազ կը շարունակէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը որբանոցին մէջ, կարգ կանոն պարտադրելով բարոյապէս սանձարձակ այդ միջավայրին մէջ՝ գողութիւններ, աղջկանց սեռային շահագործում եւ այլն, սկաուտներուն միջոցով հերթափոխութեամբ 24 ժամ պահակութեան դրութիւն հաստատելով:
(Շար. 3)