ՏԻՊԱՐ ԿԵՐՊԱՐԴ ԵՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԴ ՄԻՇՏ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆ ՄԵԶԻ ՀԵՏ

 

Դառն իրականութեան դէմ յանդիման, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը այս պահուս իր խոր վիշտը կը յայտնէ յանկարծակի ու վաղաժամ մահուան համար եղբ. Արմանտօ Թորգոմեանին, որ Սեպտեմբեր 2015-էն մինչեւ օրս մաս կը կազմէր միութեան գերագոյն մարմինին։

Եղբա՛յր Արմանտօ, անվերադարձ ճանապարհով մը մեկնեցար դէպի յաւիտենականութիւն, ինչ որ ծանրօրէն ազդեց մեր զգացումներուն եւ մտածումներուն վրայ:

Այսօր, այս դժուարին պահուն, անկարելի է յարմար բառերը գտնել արտայայտելու համար մեր ցաւակցութիւնները՝ հարազատներուդ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի անդամներուն, մեզմէ անվերադարձ բաժանումիդ համար:

Եղբա՛յր Արմանտօ, կիրքով ու նուիրումով մաս կազմեցիր Հ.Մ.Ը.Մ.ի «կամաւոր բանակ»ին, փոքր տարիքէդ անդամակցելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի սկաուտական շարժումին եւ մարզական շարքերուն:

Արդարեւ, անցնող երեք տասնամեակներուն, եղբայր Արմանտօն մաս կազմեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ղեկավարութեան, մարզական եւ երիտասարդական վարչութիւններու ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ՝ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի վարչութեան անդամակցութեան բերումով։ 1992-1996 եւ 2011-2015 ան եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան անդամ, ատենապետութեան պաշտօնը ստանձնելով 2013-2015 երկամեակին:

Իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի շրջանի պատգամաւոր, եղբայր Արմանտօ մասնակցեցաւ 1995-2019 գումարուած միութեան վեց Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներուն, 2019-ին՝ իբրեւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։

2015-ին, եղբ. Արմանտօ չորս տարուան համար ընտրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ 2019-ին վերընտրուեցաւ, սակայն, ափսո՜ս, որ քառամեայ այս երկրորդ շրջանը ընդմիջուեցաւ դէպի յաւիտենականութիւն վաղաժամ երթով:

Եղբա՛յր Արմանտօ, այսօր սկսար ճամբայ մը, որ շատերուն համար վերջ կը գտնէ մահով, իսկ քիչերուն համար,- ինչպէս է պարագադ,- կը վերջանայ յաւիտենականութեամբ, անմոռանալի յիշատակներ ձգելով հարազատներուդ եւ այն բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն մօտ, որոնք քեզի ճանչնալու եւ քեզի հետ միասին Հ.Մ.Ը.Մ.ի զարգացման ու ամրապնդման ի խնդիր համերաշխօրէն գործելու առիթը ունեցան:

Եղբա՛յր Արմանտօ, ֆիզիքական բացակայութիւնդ պիտի զգանք կազմակերպական մեր բոլոր ձեռնարկներուն, անդամական ու պատգամաւորական ժողովներուն, սակայն միութենականի տիպար կերպարդ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, հայութեան եւ հայրենիքին ծառայութեան օրինակելի կեցուածքներդ միշտ պիտի մնան մեզի հետ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական նորահաս սերունդները պիտի սնանին զօրութեամբդ եւ պայքարի ոգիովդ, Շաւարշ Քրիսեանի, Գրիգոր Յակոբեանի եւ Յովհաննէս Հինդլեանի գաղափարականութեան եւ սկզբունքներուն անվերապահ յարգանքովդ:

Եղբա՛յր Արմանտօ, այսօր ինծի կը վիճակուի յարգանքի եւ հրաժեշտի այս խօսքերը արտասանելու պարտականութիւնը։ Խօսքերը սակայն անբաւարար պիտի ըլլան մխիթարելու ընտանիքդ, ընկերներդ եւ բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները:

Այսօր, յանկարծակի, առանց նախատեսութեան մահուանդ դիմաց, խոր կսկիծ մը կը գրաւէ մեր բոլորին սրտերը: Անթառամ յիշատակդ մեր ցաւած սրտերուն համար բալասան մը պիտի ըլլայ, եւ մեր միութեան «Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր» նշանաբանին հանդէպ հաւատարմութիւնդ պիտի զօրացնէ մեր տեւական պայքարը՝ ի սպաս Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու հայ ազգին:

Այս տխուր առիթով, յանուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական ընտանիքի հարիւր տասնմէկ մասնաճիւղերուն եւ 28 հազար անդամներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը խորապէս կը սգայ եղբայր Արմանտօ Միհրան Թորգոմեանին կորուստը եւ կը խոնարհի անոր յիշատակին առջեւ:

Երթդ բարի՛, սիրելի եղբայր Արմանտօ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը երբեք պիտի չմոռնայ քեզ ու քու աւանդդ, եւ առ ի երախտագիտութիւն նուիրումիդ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յետ մահու քեզի կը շնորհէ միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանը, որմով շատ պիտի փափաքէինք կուրծքդ զարդարել ողջութեանդ:

Հողը թեթե՛ւ գայ վրադ:

Տարածենք