ՆՈՒԻՐԱԲԱՐ ԾԱՌԱՅԵՑ, ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ ԵՒ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՑ

 

Սրտի խոր կսկիծով բոլորս հրաժեշտ կու տանք վեհանձն անձնաւորութեան մը՝ եղբ. Անդրանիկ Սիւլիւքճեանին, որ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի, ախոյեան մարզիկի եւ նուիրեալ վարչականի իր օրինակով անմոռանալի անուն եւ անջնջելի յիշատակներ ձգեց իր ետին։

Եղբ. Անդրանիկ Սիւլիւքճեան բոլորիս ծանօթ էր իր նուիրուածութեամբ եւ օրինակելի վարքով: Ան ծնած է 1937-ին: Փոքր տարիքէն անդամակցած է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, ըլլալով գայլիկ, սկաուտ, ապա փոխ խմբապետ: Երկար տարիներ եղած է Ա. խումբի խմբապետ: Ան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբի մարզիկ: Իր տարիներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբը հանդիսացած է Սուրիոյ ախոյեան եւ արժանացած է շարք մը բաժակներու: Ան երկար տարիներ ծառայած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի յանձնախումբին: Եղբ. Անդրանիկ եղած է Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 85-ամեակին, 2003-ին, եղբ. Անդրանիկ պարգեւատրուած է միութեան «Ծառայութեան» շքանշանով, Իբրեւ գնահատանք երկար տարիներ իր ունեցած վաստակին եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան:

Հ.Մ.Ը.Մ.ը Եղբ. Անդրանիկին կեանքին մէջ ունէր իւրայատուկ տեղ: Ան կ’ապրէր ու կը շնչէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաղթանակներով, կը տառապէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի դժուարութիւններով եւ անձնուիրաբար ծառայելով՝ իր ներդրումը կը բերէր միութեան վերելքին:

Իբրեւ հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական, եղբայր Անդրանիկ փոքր տարիքէն իր բովանդակ կեանքը նուիրաբերած է միութենական կեանքին: Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան շարքերէն ներս մուտք գործած օրէն, միութենական սկզբունքները իր անձնական կեանքէն վեր գերադասելով՝ ան նուիրաբար ծառայեց, բարձրացաւ եւ իր հետ բարձրացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրեր եւ եղբայրներ: Նոյնիսկ յառաջացեալ տարիքին ան մօտէն կը հետաքրքրուէր միութեան նուաճումներով եւ քաջալեր կը հանդիսանար նոր սերունդի զաւակներուն:

Սիրելի՛ եղբայր Անդրանիկ, ճիշդ է որ անգութ մահը խլեց քեզ քու հարազատներէդ, ընտանիքէդ եւ միութենէդ, որոնցմէ յաւէտ բաժնուեցար, սակայն քու տիպար եւ օրինակելի վարքդ հալէպահայութեան յիշողութեան մէջ պիտի մնայ յաւերժ:

Այսօր մենք միայն մարմինիդ հրաժեշտ կու տանք, սակայն քու հայատրոփ հոգիդ եւ ազգային գաղափարներդ մեզի հետ պիտի մնան առ յաւէտ, իբրեւ ներշնչման աղբիւր:

Հողը թեթեւ գայ վրադ: Յիշատակդ անթառամ մնայ մեր յիշողութեան մէջ:

Խունկ ու աղօթք հոգիիդ խաղաղութեան համար:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

 

ՅՈՎԻԿ ՍԻՒԼԻՒՔՃԵԱՆ

 

Տարածենք