ՔՈՉԻՆ՝ ԵՂԲ. ԺԱԳ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 

Պատանեկան օրերէս կը ճանչնամ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայր Ժագը (Յակոբ Պոյաճեանը), երբ արդէն ինք երիտասարդ էր։ Իսկ ո՜վ չէր ճանչնար զինք: Մեր մտերմութիւնը սակայն սկսաւ Յորդանանի մէջ, ուր 1973-էն սկսեալ շուրջ եօթը տարի պաշտօնավարեցի: Իր միութենական հարուստ վաստակին՝ կենսագրութեան չէ որ պիտի անդրադառնամ, այլ՝ իր գործունէութեան կարգ մը փուլերուն մասին անձնական վկայութիւնս պիտի փոխանցեմ:

1975-ին սկսած լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին պատճառով ժամանակաւոր կերպով Ամման փոխադրուեցան կարգ մը ընկերութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնց հայ պաշտօնեաներէն յայտնի էր պասքեթպոլի մարզիչ՝ քոչ եղբ. Ժագ Պոյաճեանը։ Ես պատահմամբ տեղ մը հանդիպեցայ իրեն: Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբ հրաւիրեցի, պասքեթպոլի փորձի օրը՝ կարծիք յայտնելու Ամմանի մեր խումբին մասին:

Տեղացի մարզիչին հսկողութեամբ տղոց «թոյլ» փորձը դիտելով՝ եղբ. Ժագին «արիւնը եռաց» եւ հազիւ ինքզինք միջամտելէ զսպեց՝ բերնին տակէն ինծի լսելի՝ տղոց հրահանգներ արձակելով: Ապա, վերջապէս առաջարկս ընդունեց, պատրաստակամութիւն յայտնելով մեր խումբին սիրայօժար օժանդակել:

Երեւութապէս մեղմ եւ ժպտուն եղբ. Ժագը, երբ դաշտին վրայ մարզիչի պարտականութեան վրայ կ’ըլլար, ան բոլորովին կ’այլակերպուէր եւ «առիւծ կը դառնար»: Անդադար տղոց գոռալով, որոտալով, ազդու ցուցմունքներ տալով, երբեմն իրեն յայտնի «ք..իս տղայ» կէս փաղաքշական ածականը գործածելով:

Եղբ. Ժագը սորվեցուց, որ մի՛շտ յաղթելու մտային եւ ֆիզիքական պատրաստութեամբ պէտք է նետուիլ դաշտ՝ անվախ ու համարձակ: «Դող դիմացինդ քեզմէ՛ վախնայ», «պտոյտի չենք եկած», «սալոնին մէջ չենք հոս» եւ այլ խրախուսիչ, մերթ «վիրաւորական» ասոյթներով տղոց մէջ պայքարի ոգին բարձրացնելու կարողութիւնը ունէր ան: Կարճ ժամանակ ետք, տեղացի մարզիչը չէր հաւատար, որ ասոնք երբեմնի իր մարզած, սակայն այժմ կրակ ու բոց դարձած տղաքն էին:

Եղբ. Ժագին ազդեցիկ, խիստ, սակայն ոգեւորիչ ու հոգատար ղեկավարութեամբ, 1976-ին խումբը դարձաւ Յորդանանի Բ. դասակարգի ախոյեան, իսկ յաջորդ տարի՝ 1977-ին, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Յորդանանի առաջին դասակարգի ախոյեան՝ նոր աւիշ ու եռանդ պարգեւելով գաղութին: Այս էր նուիրեալ ու մասնագէտ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիչ եղբ. Ժագը, որուն շնորհիւ ա՛յն խումբը, որ Բ. Դասակարգին մէջ դժուար կը պայքարէր, Յորդանանի ախոյեանութեան տիրացաւ, փաստելով, որ ատակ եւ հարազատ մարզիչի մը դերակատարութիւնը շատ բան կը փոխէ խումբի մը համար:

Մեր գործակցութեան յաջորդ փուլը սկսաւ 1980-ին, երբ վերջնականապէս Պէյրութ վերադարձայ եւ այս անգամ, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ, ան գործի հրաւիրեց զիս, ու քանի մը տարի այդպէս միասնաբար աշխատեցանք: Վարչութեան մէջ միայն երկուքս արեւելեան Պէյրութի Էշրէֆիէ շրջանէն էինք եւ ժողովներէն ետք, գիշերով, մեր ինքնաշարժներով, իր առաջնորդութեամբ Պարպիրի ճամբով մեր տուները կը վերադառնայինք մեծ վտանգով (Անգամ մը արձակազէնին փամփուշտը մինչեւ իսկ ինքնաշարժիս մետաղը ծակեց…): Ինք գործին բերումով արեւմտեան Պէյրութ կ’աշխատէր, օրակա՛ն ենթակայ էր վտանգի, երբ երթ ու դարձով կ’անցնէր պատերազմին պարտադրած սահմանագիծերը, միեւնոյն ատեն լիուլի կատարելով միութենական իր պարտականութիւնները:

Քանի մը տարի ետք միասին էինք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան մէջ, ուր նկատելի էր ժողովականի արհեստավարժ մօտեցումը: Ընդհանրապէս իր մասնագիտութենէն դուրս նիւթերուն չէր միջամտեր եւ կարծիք կը յայտնէր, երբ որ հարցուէր: Սակայն, իր մասնագիտութեան վերաբերող խնդիրներուն՝ պասքէթի եւ մարզական պետական ֆետերասիոններու պարագային ան անպայման իր փորձառու ըսելիքը ունէր: Բացառիկ կարողութիւն ունէր եւ քանիցս մարզական-պետական անկարելի մեքենականութիւններ կարելի դարձուց՝ շնորհիւ աշխատանքի «լիբանանեան ոճ»ին իր տիրապետելուն եւ յարաբերական լայն շրջանակին: Իր ստանձնած բոլոր պարտականութիւնները ան կը կատարէր լիուլի, աւելիով եւ ճշդապահութեամբ:

Վերջապէս, եղբ. Ժագ Պոյաճեանը ճանչցայ իբրեւ Ազգային Գէորգ Չաթալպաշեան վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ: Վարժարանի պատմութեան դժուար հանգրուանի մը, 1996-ին, ան սիրայօժար ստանձնեց խնամակալութեան ատենապետի պաշտօնը եւ հօր մը նման հոգաց վարժարանին պէտքերը: Շնորհիւ լիբանանեան եւ հայկական իր լայն շրջանակին եւ ծանօթութիւններուն, ան բնա՛ւ պարապ ձեռքով դպրոց չէ այցելած, բերելով գրենական պիտոյքներէն մինչեւ վարժարանին նոր շարժակառքը՝ օթոքարը, որ իր միջոցով մի ոմնի կողմէ նուիրուեցաւ վարժարանին:

Այստեղ եւս, իբրեւ խնամակալութեան ատենապետ, ան միջամուխ չէր ըլլար կրթական հարցերուն, եւ իր ու յարակից մարմիններուն ճիգերուն շնորհիւ դպրոցը դարձաւ տնտեսապէս ինքնաբաւ: Խնամակալութիւն, տնօրէնութիւն, քահանայ՝ Մեսրոպ Քէրքէզեան, թաղականութիւն (ատենապետ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Վարդգէս Հայրապետեան) եւ շրջանաւարտից միութիւն հեզասահ ու սերտ գործակցութիւնը դրական կերպով կերպարանափոխեց վարժարանը իր կրթական մակարդակով, աշակերտութեան թիւով եւ տնտեսական վիճակով:

Սիրելի՛ եղբ. Ժագ, քանիցս աշխատանքովդ փաստեցիր «ճիշդ անձը ճիշդ գործին վրայ» սկզբունքը: Վարձքդ կատա՛ր:

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Տարածենք