ԱԶՆՈՒՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ՝ ԵՂԲ. ԿԱՐՕ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Ինչքա՜ն արժէքաւոր եւ նուիրեալ եղբայրներ կորսնցուցինք վերջին տարիներուն։ Մէկ առ մէկ մեր գաղութէն հեռացան Օննիկ Շանկայեանը, Պերճ Գրիգորեանը, Յարութիւն Թագւորեանը, Թորոս Մաւուշեանը, Յարութիւն Ժամկոչեանը եւ դեռ քանի՜ անուններ…։
Տակաւին մեր ցաւը մեղմացած չըլլալով, ահա այս անգամ նոր, աւելի ուժգին հարուած մը կու գայ ճզմելու արդէն մեր ցաւոտ սիրտերը։
Ինչպէ՞ս հաշտուիլ եղբ. Կարօ Յովակիմեանի մահով։ Բոլորս գիտէինք, թէ ան իր կեանքին մեծ պայքարը կը տանէր վերջին տարիներուն, սակայն չէինք կրնար հաւատալ, որ այսօր մենք իր անշարժ մարմինին առջեւ պիտի կանգնինք ու սգանք անոր կորուստը։
Բառին իսկական բացատրութեամբ՝ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը եղաւ եղբ. Կարօ Յովակիմեան։
Ո՞վ չի յիշեր պարթեւահասակ մեր եղբայրը, որ իր երիտասարդ տարիքէն մտաւ մեր միութեան շարքերը, սիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր սեփական ընտանիքին նման, եղաւ Գոքինիոյ մասնաճիւղի անդամ եւ ատենապետ, ապա երկար տարիներ իրեն վստահուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետութիւնը, զոր վարեց ձեռնհասօրէն եւ արդար կեցուածքով։
Ո՞վ չի յիշեր երբ. Կարոյին ժպիտը, այն բարի ժպիտը, որով մուտք կը գործէր ակումբներէ ներս, բոլորին բարեւ մը տալու ազնուութեամբ, որ ցոյց կու տար իր հոգիին մաքրութիւնը, տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի կազմաւորումը, այն՝ որ միութեանս իւրաքանչիւր անդամ պարտի կրել, հաւատարիմ ըլլալով մեր հիմնադիրներու ոգիին։
Ո՞վ չի յիշեր եղբ. Կարոյին պատրաստակամութիւնը՝ լուծումներ գտնելու ամէն խնդիրի։ Գիտէր տարբեր միտքեր, երբեմն հակադիր մտածումներ կամ կեցուածքներ քով-քովի բերել, իրարու միացնել, որպէսզի անոնց մէջէն վեր հանէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոգին, այն՝ որ աւելի քան 100 տարիէ ի վեր ոտքի կը պահէ մեր սերունդները եւ անոնց առջեւ կը բանայ գաղութին մէջ ծառայութիւն մատուցելու ճամբան։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղաւ եղբ. Կարոյին պաշտած միութիւնը։ Անոր մէջ ան կազմաւորուեցաւ իբրեւ մարդ եւ իբրեւ ազգային անձնաւորութիւն։ Ազգայինը շատ ուժեղ մնաց իր մէջ։ Այդ էր, որ կը յատկանշէր իր ամբողջ կեանքը, մանաւա՛նդ միութենական ծառայութիւնը։
Մեծ խօսքեր կամ տպաւորիչ արտայայտութիւններ չունէր ան, բայց արդէն իր աչքերուն կամ սակաւաթիւ խօսքերուն մէջէն կը հասկնայիր, թէ ան խորապէս ըմբռնած է ազգին ծառայելու եւ մատուցելու իմաստը։
Նոյն իմաստն էր, որ շարժուն դպրոցի մը նման ան փոխանցեց նորահաս սերունդներուն, բոլորին համար լուռ՝ բայց ուժգին կերպով աղաղակող օրինակ դառնալով։
Ժողովներուն մէջ եղբ. Կարօ ուշադրութեամբ կը լսէր իւրաքանչիւր խօսողի։ Բոլորին աչքերուն մէջ նայելով կը փորձէր ըմբռնել անոնց միտքը, եւ ահա՝ նոյնիսկ անելի մատնուած պահերուն իսկ կու գար իր զուարթամիտ մէկ արտայայտութիւնը, նուրբ կատակ մը, որ անմիջապէս կը քակէր պրկուած ջիղերը, եւ լուծումի ճամբան կը բանար բոլոր խնդիրներուն առջեւ։
Եղբայր Կարօ ինչքա՜ն գուրգուրաց մեր միութեան սկաուտական շարժումին։ Ինչքա՜ն իր սիրտը կ’ուրախանար, երբ կը տեսնէր սկաուտական մեր շարքերուն աճը, մեր երիտասարդներուն կառչածութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան եւ սկզբունքներուն։ Ինչքա՜ն կը վազէր, որպէսզի ամէն տեսակ շարժումի՝ պարզ արշաւէն մինչեւ համագաղութային բանակումները, մեր տղոց ու աղջիկներուն մասնակցութիւնը ըլլայ արժանավայել եւ համազօր՝ միութեան կանոններուն։
Այո՛, եղբ. Կարօ Յովակիմեան կարգ ու կանոնի մարդ եղաւ, համաձայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարին։ Այդ կարգն ու կանոնը կու գար նախ իր անձէն, իր ժուժկալ կեցուածքէն, իր ընտանեկան սրբութիւններէն, իր գործի ասպարէզէն, երիտասարդութեան հանդէպ ունեցած գուրգուրանքէն։ Մեր բոլորին ան սորվեցուց փարիլ կարգ ու կանոնին, ո՛չ իբրեւ մոլի աւանդապաշտ, այլ՝ կազմակերպողի հմուտ ըմբռնումով, յառաջդիմութեան տեսլականով եւ համաձայն հայկական ոգիին։
Բոլոր դիրքերէ անցաւ եղբ. Կարօն։ Հպարտութեամբ ան տեսաւ «Զաւարեան» կեդրոնին իրականացումը, որուն համար անթիւ օրեր եւ գիշերներ զբաղեցաւ շինարարական յանձնախումբին մէջ։
Տակաւին, յունահայոց Ազգային Վարչութեան անդամակցելով, ան նուիրեց իր ամբողջ փորձառութիւնը։ Սակայն, ի՛նչ որ տուաւ, ո՛ւր որ ալ տուաւ, միշտ առաջնորդուեցաւ իր պաշտած Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանով։
* * *
Եղբա՛յր Կարօ, ամբողջ կեանքդ նուիրեցիր Հ.Մ.Ը.Մ.ին, մեր միութիւնն ալ իր կարգին կուրծքդ զարդարեց շքանշաններով եւ «Արժանեաց» բարձրագոյն պատիւով, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի պատուակալ նախագահի կոչումով։ Սակայն, բնաւ չտարուեցար այս պատիւներու շքեղանքէն։ Համեստօրէն ընդունեցիր զանոնք իբրեւ գնահատանք. միշտ մնացիր համեստ, ժպտուն, բարեսիրտ եւ ծառայող։ Իսկական եղբայր մը՝ բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան եւ բոլոր մասնաճիւղերուն կողմէ, անդամներուն, վարչականներուն եւ մարզիկներուն անունով, մեր սկաուտական շարքերուն կողմէ, խորին ցաւակցութիւններ եղբօր ընտանիքին՝ տիկնոջ, զաւակներուն, թոռներուն եւ հարազատներուն։
Երթաս բարով, եղբա՛յր Կարօ։ Կ’երթաս միանալու սկիզբը ըսուած անուններուն, անոնցմէ առաջ ալ անդարձ մեկնած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, որոնց հետ կեանք մը ամբողջ տքնեցար ու ծառայեցիր։
Արժանի ես, եղբայր Կարօ։ Բարի՛ ճանապարհ։