ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆԻ ՄԸ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

 

Սրտի խոր կսկիծով բոլորս հրաժեշտ տուինք վեհանձն անձնաւորութեան մը՝ եղբ. Յարութ Մաւեանին, որ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի, մարզիկի, սկաուտի եւ նուիրեալ ծառայողի մը օրինակը կը պարզէ:

Եղբ. Յարութ Մաւեանը բոլորիս ծանօթ է իր նուիրուածութեամբ եւ օրինակելի վարքով: Ան ծնած է 1939-ին, Հալէպի Տաուտիէ հայաշէն աւանը: Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն Ազգային Վարդանեան վարժարանը: Հակառակ անբարենպաստ պայմաններուն, զինք շրջապատող հայաշունչ մթնոլորտը խթան հանդիսացած է ամրօրէն կառչելու ազգային արժէքներուն եւ իր հաւատացած գաղափարներուն: Ան վճռած է նետուիլ ազգային ծառայութեան դաշտ, այս նպատակով ալ անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական եւ մարզական շարքերուն եւ իր լաւագոյնը տուած է միութեան վերելքին եւ յառաջդիմութեան համար:

Եղբ. Յարութ անդամակցած է աթլէթի, վոլիպոլի եւ ֆութպոլի խումբերուն, ապա ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ: Երկար տարիներ ան մաս կազմած է միջ-մասնաճիւղային տողանցքներու կեդրոնական յանձնախումբին, իր փորձառութիւնը ի սպաս դնելով տողանցքներու յաջողութեան: Տարիներ շարունակ մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանեկան պարտէզի յանձնախումբին եւ ծաղկեցուցած է հարազատ միջավայր հանդիսացող միութենական այդ միջավայրը:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի յանձնախումբին մաս կազմելով, ան աշխատանքի լծուած է նախ իբրեւ անդամ, ապա տարիներ շարունակ իբրեւ յանձնախումբի ատենապետ:

Առ ի գնահատանք իր տարիներու վաստակին եւ անսակարկ ծառայութեան, միութեան 75-ամեակին՝ 1993-ին, ան պարգեւատրուած է «Ծառայութեան» շքանշանով:

Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղբ. Յարութին կեանքին մէջ ունէր իւրայատուկ տեղ: Ան կ’ապրէր ու կը շնչէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաղթանակներով, կը տառապէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմագրաւած դժուարութիւններով եւ անձնուիրաբար ծառայելով իր ներդրումը կը բերէր միութեան վերելքին: Իր զաւակներն ու թոռները միութեան շարքեր առաջնորդելով, ազգային դաստիարակութեամբ եւ միութենական գաղափարաբանութեամբ ան պատրաստեց զանոնք, իբրեւ շարունակութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիր սերունդի տեսլականին:

Մենք կորսնցուցինք հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերած է միութեան: Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն ներս մուտք գործած օրէն, միութենական սկզբունքները իր անձնական կեանքէն վեր դասելով՝ ան նուիրաբար ծառայեց, բարձրացաւ եւ իր հետ բարձրացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրեր եւ եղբայրներ: Եղբ. Յարութ կ’ապրէր ու կը շնչէր Հ.Մ.Ը.Մ.ով: Նոյնիսկ յառաջացած տարիքին, ան մօտէն կը հետաքրքրուէր միութեան նուաճումներով եւ քաջալեր կը հանդիսանար նոր սերունդի զաւակներուն:

Սիրելի՛ եղբ. Յարութ, ճիշդ է, որ անգութ մահը խլեց քեզ քու հարազատներէդ, ընտանիքէդ եւ միութենէդ, որոնցմէ յաւէտ բաժնուեցար, սակայն քու տիպար եւ օրինակելի վարքդ հալէպահայութեան յիշողութեան մէջ կը մնայ յաւերժ:

Մենք միայն քու մարմինիդ հրաժեշտ կու տանք, սակայն քու հայատրոփ հոգիդ եւ ազգային գաղափարներդ, իբրեւ ներշնչման աղբիւր, մեզի հետ պիտի մնան յաւէտ:

Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ: Յիշատակդ անթառամ մնայ մեր յիշողութեան մէջ:

Խունկ ու աղօթք հոգիիդ խաղաղութեան համար:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

Տարածենք