ԵՂԲ. ՊԵՐՃ ԹԱՇՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 

Անցնող ամիսներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մելպուռնի մասնաճիւղը կորսնցուց իր վաստակաշատ, հաւատաւոր եղբայրներէն Պերճ Թաշճեանը, որուն կեանքին 85 տարիներէն աւելի քան 60-ը անցաւ հայութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծառայութեան մէջ։

Եղբ. Պերճ Թաշճեան ծնած էր Արաբունար, Սուրիա, 1936-ին։ 23 տարեկանին, 1959-ին, ան տեղափոխուած է Աւստրալիա, Մելպուռն, իսկ կարճ ժամանակ մը ետք՝ Ատլէյտ, ուր ան ընտանիք կազմած է Յասմիկ Քէշիշեանի հետ եւ բախտաւորուած է երեք զաւակով։ Այնուհետեւ, ան վերադարձած է Մելպուռն, ուր կայք հաստատած է վերջնականապէս։

Եղբ. Պերճ երիտասարդ տարիքէն լծուած է ազգային աշխատանքներու։ Ան եղած է Հալէպի 800 հոգինոց Պատանեկան Միութեան վարչական անդամներէն։ 1970-ին, Մելպուռնի մէջ, ան կարգ մը ազգայիններու հետ կը հիմնէ հայկական միօրեայ վարժարանը։ 1973-1983 կը վարէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արաքս» մասնաճիւղի ատենապետութեան պաշտօնը։ Իր օրով, 1974-ին, մասնաճիւղը կ’օժտուի սկաուտական շարքերով։ Ան իր գործօն մասնակցութիւնը կ’ունենայ Մելպուռնի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ աշխատանքներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը յատուկ տեղ ունէր եղբ. Պերճի սրտին մէջ։ Ան միշտ կը խրատէր, որ Հ.Մ.Ը.Մ.կաններ քոյր-եղբայրով խօսին իրարու հետ։ Նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը ըլլալու կողքին, եղբ. Պերճ հաւատաւոր եւ պարտաճանաչ Դաշնակցական էր, գիտակից իր պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն։ Վերջին շրջանին, առողջական պատճառներով ան չէր կրնար կանոնաւոր կերպով հետեւիլ աշխատանքներու, սակայն նիւթական իր պարտաւորութիւնները կը կատարէր լիուլի։ Ճիգ չէր խնայեր ձեռնարկներու ներկայ գտնուելու եւ անձկութեամբ կը սպասէր յայտագիրներու վերջաւորութեան ներկայացուելիք ազգային-յեղափոխական երգերու շարանը։

Եղբ. Պերճ մարդ չէր նեղացներ։ Անձնական եւ հաւաքական մեր կեանքին մէջ ան կը վայելէր բոլորին յարգանքը։ Զօրավիգ էր հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն։ Ան մեծապէս ազդուած էր Արցախի եւ Հայաստանի վերջին շրջանի իրադարձութիւններէն եւ ցաւով կ’արտայայտուէր կատարուածներուն մասին։

Եղբ. Պերճ անսխալական չէր, բայց յանդգնութիւնը եւ հեզութիւնը ունէր ընդունելու իր սխալները։ Իր մասին կարելի է երկար խօսիլ։ Ան ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ մեզմէ, բայց յիշատակը պիտի մնայ յաւէտ։ Իր շունչով հասակ առած սերունդները միշտ երախտապարտ պիտի մնան իրեն։

Հանգի՜ստ ննջէ, հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ եղբայր։

 

ՆՇԱՆ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ 

Տարածենք