ՄԵՐ ԺԻՐԱՅՐՆ ԱԼ ԱՆԴԱՐՁ ԳՆԱՑ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի նախկին Կեդրոնական Վարչութիւններու ամէնէն պատկառելի դէմքերէն մէկն ալ հեռացաւ մեզմէ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան յիշարժան դէմքերէն մէկն ալ ֆիզիքապէս շիջեցաւ:
Հաւանաբար ձեզմէ շատերը առիթը ունեցած են ճանչնալու եղբայր Ժիրայրը:
Հաւանաբար ձեզմէ շատերը, յատկապէս Արեւմտեան Մ. Նահանգներ, անպայման տեղ մը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերաբերող ձեռնարկի մը, բարեսիրական ճաշկերոյթի մը, համազգային հաւաքի մը, անմիջական ձեր կողքին զգացած էք այս մեծ մարդուն ներկայութիւնը:
Իսկ եթէ ոչ իր, անպայման իր եղբայրներուն, որոնցմէ ամէն մէկը, եթէ ոչ Ժիրայրէն տարբեր, ընտիր հայորդի մըն էր իր տեղին:
Ես եղբայր Ժիրայրը ճանչնալու առիթը ունեցայ քանի մը առիթով, նոյնիսկ անգամ մըն ալ Երուսաղէմի մէջ, ուր չեմ գիտեր ի՞նչ առիթով եկած էր, բայց անպայման զիս փնտռած ու գտած էր, ըսելով թէ՝ «կարելին չէ Երուսաղէմ այցելել եւ առանց եղբայր Սերոբը տեսնելու վերադառնալ»:
Գեղեցիկ հանդիպում մըն էր, զոր ունեցանք Սուրբ հողի վրայ, իր երկու եղբայրներուն հետ միասին:
Այնուհետեւ, իմ հոգիիս մէջ տեղ գտած եղբայր Ժիրայրը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական ժողովներու եղբայր Ժիրայրն էր:
Այն ազնուական մարդը, որմէ աչքդ չէիր կրնար հեռացնել:
Այդ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականի եղբայր եղբօր եղբայրութեան մարմնացումը:
Այդ հպարտ, բայց տեղին խոհեմութեան տիպար հայորդին:
Մէկ խօսքով թէեւ քիչ մը յոգնած, այնուհետեւ ժիր այրը:
Ժիրայր, որ կարծես երիտասարդներու երիտասարդն էր, երբ ժողովի սեղանին վրայ էր Հ.Մ.Ը.Մ ի յառաջընթացը:
Ան բոլորէն աւելի կենսայորդ էր, երբ սեղանի վրայ էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի տագնապներու բալասանին փնտռտուքը։
Ան այն Հ.Մ.Ը.Մ.ականն էր, որ տառացի սեփականութիւնն էր Հ.Մ.Ը.Մ.ին, ֆիզիքապէս, բարոյապէս եւ բոլոր կարողականութեամբ:
Ու պատահական չէր, որ հանգուցեալ եղբայր Գառնիկին նայուածքները պահ մը կը կեդրոնանային եղբայր Ժիրայրին վրայ, երբ հարցերը կը հասնէին ամէնէն թէժ օրակարգին՝ «ՄԻՇՏ ՆԵՂ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆԻՆ»:
Ժիրայրին թէ մատի վրայ հաշուող Ժիրայրներուն մօտ մերժում կամ տատամսում չկար նման հարցերու պարագային։
ՊԱՐԶԱՊԷՍ ԺՈՂՈՎԷՆ ՈՐՈՇՈՒՄ ՎԵՐՑՈՒՐ, ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ՏԵՂԻՆ:
Վերջապէս, եղբայր Ժիրայրն էր, որ շատ տեղեր անաղմուկ ստանձնած էր պատուոյ նախագահութիւններ, մինչեւ Նաւասարդեանի, ուր իշխանավայել պարտքը կատարելով, բարձրացած ու բարձրացուցած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ը ըստ պատշաճի:
Շատ կայ խօսելիք, բայց շատ պիտի չխօսիմ եղբայր Ժիրայրի մասին:
Հաւանաբար շատեր շատ ըսելիքներ պիտի ունենան ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ անունով Հ.Մ.Ը.Մ.ի այս մեծ կորուստին մասին:
Պարզապէս ըսեմ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը Ժիրայրներով հարուստ է եւ առաւել հարստացած:
Ու եղբայր Ժիրայրի նմաններուն ձգած աւանդին ոգեշնչումով թէ ոգեկոչումով է, որ Հ.Մ.Ը.Մ ը պիտի նուաճէ նորանոր բարձունքներ։
Եղբայր Ժիրայր, հողը թեթեւ գայ վրադ:
Բարեւներս չմոռնաս Գառնիկին, Միհրանին, Պատրիկին, Արմանտոյին, միւսին, միւսին:
ՑՏԵՍՈՒԹԻՒՆ:
Սերոբ Սահակեան