ՏԻՊԱՐ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆԻ ՄԸ ԿՈՐՈՒՍՏԸ (ԵՂԲ. ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Եղբ. Ժիրայր Սարգիսեանի մահուան անհաւատալի գոյժը ստանալէ ետք, բազմիցս փորձեցի նստիլ համակարգիչիս առաջ, գրելու երախտանքի քանի մը խօսք մեր շատ սիրելի եղբօր մասին, սակայն յուզմունքս միշտ արգելք հանդիսացաւ ինծի։ Չէի հաւատար, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տիտաններէն մէկը ոչ եւս է։ Այո՛, չէի հաւատար, որովհետեւ դեռ 22 Յուլիս 2022-ին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու բացման հանդիսութեան աւարտին գրկախառնուեցանք, իրարու որպիսութիւն հարցուցինք, քիչ մը զրուցեցինք եւ դարձալ տեսնուելու խոստումով բաժնուեցանք։ Այդ եղաւ մեր վերջին հանդիպումը եւ ահա լսեցինք անհաւատալին։

Եղբ. Ժիրայր Սարգիսեանը Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջոցով շատոնց ճանչցած եմ։ Յարգանք բուրող անձնաւորութիւն մը, որ իր համեստութեամբ, համբերատարութեամբ, ժպիտով ու մանաւանդ քաջալերական մօտեցումով յարգանքը վայելած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտաիքին, յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանին եւ իր լայն շրջապատին։ Ուրախ եմ, որ բազմաթիւ առիթներով արժանացած եմ եղբօր խրախուսական խօսքերուն, որոնք մեծապէս ոգեւորած եւ աշխուժացուցած են միութենական գործունէութիւնս։

Եղբ. Ժիրայրը իսկական տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական մըն էր, որ իր ջանասիրութեամբ, արդար մօտեցումով եւ ժրաջան աշխատանքով արժանացած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր շքանշաններուն, իսկ իր գիտելիքներով եւ լաւ ղեկավարի յատկութիւններով, յաջորդաբար իրեն վստահուած էին սկուատ խմբապետէն մինչեւ Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետի դժուարին պարտականութիւնները, զորս կատարած էր ամենայն բծախնդրութեամբ եւ յաջողութեամբ։ Դեռ չեմ խօսիր իր մարզական կարողութիւններուն մասին, յատկապէս պասքեթպոլի մարզաճիւղէն ներս։

Եղբ. Ժիրայր միութենականէն անկախ յաջողած էր նաեւ իր կեանքի ասպարէզին մէջ եւ իր յաջողութիւններուն բաժնեկից դարձուցած էր անձնական եւ միութենական լայն շրջապատը։ Ան իր հայրենասիրութեամբ բարի օրինակ էր բոլորիս։ Սիրող ամուսին եւ գուրգուրացող հայր էր իր ընտանիքին համար, իսկ իր մօտիկներուն՝ հարազատ բարեկամ։ Ան նաեւ Դաշնակցականի օրինակելի տիպար էր։

Եղբ. Ժիրայրի մահով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը եւ յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը կորսնցուց նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը, իսկական ղեկավար մը եւ ազգանուէր հայորդի մը։ Եղբ. Ժիրայրը հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին, ոչ միայն լիուլի կատարելով իր ազգային պարտականութիւնները, այլեւ՝ իր ետին ձգելով արժանավայել գործունէութեան հսկայ ժառանգ մը, որ լաւ օրինակ պիտի ծառայէ ապագայ սերունդներուն համար։

Հողը թեթեւ գայ յոգնած աճիւններուդ վրայ, սիրելի՛ եղբայր։ Դուն բառին բուն իմաստով ազգային թաղումի արժանի էիր։

 

Մարօ Քէշիշեան

Տարածենք