ՄԱՐԴԱՍԷՐ ԲԺԻՇԿ, Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉ՝ ՏՈՔԹՈՐ ՏԻԳՐԱՆ ՉԱՓԱՆԵԱՆ
Համեստութեան դափնեպսակը կրող, մարդասէր բժիշկ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական ղեկավար, ազգային գործիչ, տոքթ. Տիգրան Չափանեանի մահուան տասնամեակն է այս տարի:
8 փետրուար 2014-ին, սուրիական տագնապի երրորդ տարին, երբ Հալէպ քաղաքը պաշարուած եւ աշխարհէն խզուած էր, անապահով դրութեան պատճառով, եկեղեցւոյ մէջ սակաւաթիւ յուղարկաւորներու ներկայութեան ու հայոց գերեզմանատունը անհասանելի վայր մը դարձած ըլլալով՝ անոր մարմինը տեղադրուեցաւ Թեր Սէնթ վարժարանի պարտէզներուն մէջ, իբրեւ ժամանակաւոր դամբան:
Հալէպահայութեան հանրածանօթ բժիշկ Տիգրան Չափանեան հողին կը յանձնուէր իր որդւոյն՝ տէր Գառնիկի աղօթքներով:
Առաքինի, ազնիւ, իմաստուն, անշահախնդիր ծառայող, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի դատին հաւատարիմ պատուական հայորդի մը:
Երբ թղթատենք քսաներորդ դարու առաջին կիսուն Սուրիոյ եւ Լիբանանի մամուլը, այսօրուան մտայնութեամբ «յոռի» ծանուցումներու պիտի հանդիպինք: Հայ բժիշկներ, որոնք կը հրապարակեն իրենց դարմանատուներուն եւ մասնագիտութիւններուն մասին, ուր շաբաթական օր մըն ալ յայտարարած են՝ ՁՐԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ:
Հալէպի մէջ այդ բժիշկներուն նահապետն էր տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեանը, իբրեւ մարդասիրութեան անզուգական օրինակ: Մերձակայ Մումպուճ աւանին մէջ գործած է տոքթ. Գարեգին Երէցեանը: Երկուքն ալ Ցեղասպանութենէն վերապրած, գրական ժառանգութիւն ալ ձգած են:
Նոր ժամանակներուն, Հալէպի փառքի օրերուն, թէեւ աղքատ հասկացողութիւնը գրեթէ անհետացած էր, սակայն կարիքաւորներու ծառայութեան կոչուած բժշկական եւ ընկերային հաստատութիւններ կը գործէին:
Այդ հաստատութիւններէն Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը, Նոր Գիւղ աւանին մէջ, նախքան այժմու ընկերաբժշկական կեդրոնին կառուցումը, տեղւոյն մասնաճիւղին տնօրինումով, նոյն հողին վրայ ունէր համեստ դարմանատուն մը, որուն այցելու բժիշկն էր Տիգրան Չափանեան:
Այլ հայաշատ շրջանի մը՝ Պոսթան փաշայի պողոտային վրայ, արդէն հարիւրամեակ մը առաջ հիմնուած էր միջ-յարանուանական հաստատութիւն մը՝ ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑ-ը, ուր շուրջ հարիւր եւ երեսուն մամիկներ ու պապիկներ կ’ապրէին: Զանոնք խնամող բժիշկներէն էր Տիգրան Չափանեան:
Հալէպի ազգային վարժարաններու աշակերտներու քննութեան կոչուած նուիրեալ բժիշկներու շարքին կը հանդիպէինք Տիգրան Չափանեանին:
Վերոնշեալ կառոյցներու իր մարդասիրական ծառայութիւնը կը կատարէր ան՝ նիւթական համեստ վարձատրութեամբ, որովհետեւ ամէն բանէ առաջ իր կոչումին յանձնառու էր:
Տիգրան Չափանեան ծնած էր Հալէպ, 1929-ին, ան կրտսեր զաւակն էր Ուրֆայէն տարագրուած Ներսէս եւ Մարի ամոլին:
Նախակրթութիւնը Ազգ. Սահակեան վարժարանի մէջ ստանալէ ետք կը յաճախէ Ամերիկեան քոլէճ, ուրկէ 1952-ին կը ստանայ Sophomore Science-ի վկայականը:
Տարի մը Ազգ. Հայկազեան վարժարանին մէջ դասաւանդելէ ետք, իբրեւ հաշուապահ, չորս տարի կը պաշտօնավարէ հաստատութեան մը մէջ:
Ուսման տենչը զինք կը հասցնէ Իտալիա՝ Փատովա, ուր 1956-1963 տարիներուն կը հետեւի բժշկութեան:
Վենետիկի մէջ կը մասնակցի Հայ Ուսանողներու Միութեան հիմնումին, հոն զանազան գաղութներէ եկած ուսանողներ կը համախմբուէին, իւրաքանչիւրը իր գաղութի մասին կը դասախօսէր:
Ծննդավայր վերադառնալով՝ սպայի աստիճանով կը կատարէ իր բանակային, ապա գիւղական ծառայութիւնը:
Վաթսունական թուականներուն Սուրիան ապրեցաւ իրերայաջորդ վարչակարգերու փոփոխութիւններու եւ քաղաքական վերիվայրումներու շրջան մը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ գաղութի ղեկավար դէմքեր արտասահման գաղթեցին, իսկ տոքթոր Տիգրան Չափանեան այդ բացը գոցելու կոչուած կամաւոր եւ զարգացած անձնաւորութիւններէն մէկը հանդիսացաւ:
1967-ին Ազիզիէ շրջանին մէջ ան կը հաստատէ իր սեփական դարմանատունը:
1968-ին ընտանիք կը կազմէ՝ կեանքի ընկերուհին ընտրելով Տալիտա Պայրամեանը: Անոնք կը բախտաւորուին երեք շնորհալի մանչերով, որոնք իրենց հօր օրինակին հետեւելով՝ կը ծառայեն գաղութահայ կեանքին մէջ: Տէր Գառնիկ Քհնյ. (Ներսէս) Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ հովիւն է: Րաֆֆին՝ բժիշկ, Վանքուվըրի մէջ կը վարէ Համազգայինի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: Յովիկը՝ քիմիագէտ, Ֆիլատելֆիոյ մէջ կը ծառայէ իբրեւ սարկաւագ:
Հալէպահայ հասարակական կեանքի ծառայութեան անսահման դաշտ մուտքս 1976 թուականին էր, երբ երիտասարդութեան սեմին՝ մաս կազմեցի տոքթորին գլխաւորած Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութեան: Կողքին նստած՝ ատենադպիրն էի, հանդարտաբարոյ, խոհուն անձնաւորութիւն մը` լրջութեան պիտակը ճակատին: Իր կողմնացոյցին սլաքը պարկեշտութեան, ուղղամտութեան, անշահախնդրութեան եւ աշխատասիրութեան կ’առաջնորդէին մեզ:
Աւելի քան վաթսուն տարիներ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղաւ իր ծառայութեան առաջին բնագաւառը, արդէն 1942-ին սկաուտական շարքերուն մէջ էր, մինչեւ արտասահման մեկնումը հասած էր վարիչի պաշտօնին: Քոլէճի ուսանողութեան տարիներուն սկաուտական խումբերուն կը դասախօսէր անգլերէնէ թարգմանած Sir Baden Powel կեանքէն: Մասնակցած էր Էհտէնի (Լիբանան) համաարաբական սկաուտական բանակումին:
1968 թուականէն սկսեալ, աւելի քան երեսուն տարիներ եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղական եւ շրջանային վարչութիւններու անդամ եւ ատենապետ: Ներկայ եղած է Ընդհանուր Ժողովներու, յատկապէս՝ առաջին ժողովին, 1974-ին, Պէյրութի մէջ, լուսահոգի եղբայրներ Պարգեւ Միսիրեանի եւ Սուրէն Նազարեանի հետ։ Անդրանիկ այդ ժողովին հիմը դրուեցաւ միութեան համագաղութային կառոյցին, եւ ընտրուեցաւ առաջին Կեդրոնական Վարչութիւնը:
Սկաուտական բանակումներու մեկնողներուն բժշկական քննութիւնը իր խղճի պարտքն էր. տոքթորին դարմանատան դուռը բաց էր Հ.Մ.Ը.Մ.ական բոլոր մարզիկներուն առջեւ: Ան անվճար կը կատարէր այս պարտականութիւնը, նաեւ ժողովներու ընթացքին կը քննէր մասնագէտ բժիշկներու դեղագիրները՝ նախքան անոնց վաւերացումն ու վճարումը:
Այսքան հանդարտ եւ խոհուն մարդուն գրիչը, որով կը ստորագրէր դեղագիրները, օր մը յանկարծ թռիչք առաւ, դեղագիրի մը սերտողութեան պահուն, անպարկեշտ երեւոյթի մը պատճառով:
Ս.Օ.Խաչի Ազգային պատսպարանի փոքրիկները անմասն չէին անոր խնամքէն:
Ժողովական կեանքին մէջ Թիլէլի ակումբի երեկոյեան բնակիչներէն էր, նարտի սեղանին դիմաց՝ ան խաղընկերն էր համեստ արհեստաւորներուն:
Իր յաճախած նախակրթարանին՝ Ազգային Սահակեան վարժարանին հոգաբարձութեան մաս կազմած էր ան տասնվեց տարիներ անընդհատ, իբրեւ ատենադպիր եւ ատենապետ:
Բերիոյ թեմի Ազգային գաւառական ժողովի երեսփոխան ընտրուած էր երկու շրջան` 1968-1988 տարիներուն, մաս կազմելով դիւանին՝ ատենադպիրի պաշտօնով:
Ազգ. Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամ եղած էր հինգ անգամ` ատենադպիրի եւ ատենապետի պաշտօններով:
Իբրեւ Բերիոյ թեմի պատգամաւոր, երկու առիթով ներկայ եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովներուն, Անթիլիասի մէջ:
Ան հալէպահայութեան ներկայացուցիչներէն էր նահանգային կառավարման խորհուրդին մէջ, որուն անդամ ընտրուեցաւ 1976-ին եւ գործեց եօթը տարիներ:
1993-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով, Շրջանային Վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ միութեան «Ծառայութեան» շքանշանով: Ապա 1998-ին ստացաւ Կեդրոնական Վարչութեան գնահատագիրը:
Հայ Ծերանոցի պատսպարեալներուն շուրջ քսան տարի ծառայութեան համար 1994-ին խնամակալութեան կողմէ ստացաւ «Գնահատանք Հալէպի Հայ Ծերանոցի ծառայութեան» շքանշանը:
5 սեպտեմբեր 1996-ին, «Արաբ բժիշկի օր»ուան տօնակատարութեան առիթով, Հալէպի բժշկական սենտիքային կողմէ կը ստանայ վահան ու վկայագիր, ուր գրուած է՝ «Մնայուն առողջ հաւաքականութեան մը կերտումին ձեր ճիգերն ու ծառայութիւնները մեծապէս գնահատելով՝ կը տրուի այս վկայագիրը»:
Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը 30 Մարտ 2007-ին զինք կը պատուէ «Ծառայող բժիշկ» գնահատագիրով:
Ազգ. Սահակեան վարժարանի հիմնադրութեան ութսունամեակի տօնակատարութեան ընթացքին, 1 Դեկտեմբեր 2007-ին, գնահատագիր կը ստանայ վարժարանին մէջ երկարամեայ վաստակաշատ ծառայութեան համար:
1982-ին, Բերիոյ թեմի Ազգային իշխանութեան կողմէ կը ստանայ «Գիր օրհնութեան եւ գնահատանքի»: Իր անդրանիկ այցելութեան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը զինք կը պարգեւատրէ «Կիլիկեան ասպետ»ի շքանշանով, 10 Ապրիլ 1996-ին:
Սփիւռքահայ կեանքին մէջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երդուեալ շարքայիններու կողքին, կը գործէ համակիրներու հաւատաւոր բանակ մը՝ ազգային կեանքի եւ յարակից միութիւններուն մէջ։
Տոքթոր Տիգրան Չափանեան այդ բանակի գաղափարապաշտ զինուորը մնաց մինչեւ վերջին շունչ:
Տոքթորը մեր ընտանիքին բարեկամն էր, հաճելի էին հօրս սրտակիցներուն հաւաքները, այլ ազգայիններու՝ դոկտ. Վազգէն Սելեանի, գնդապետ Ժոզէֆ Պայրամեանի եւ իրենց կիներուն ներկայութեան, պլոթի սեղանին շուրջ, ուր ան աշխոյժ եւ զուարթախօս անձնաւորութիւն մըն էր:
Իբրեւ բժիշկ, Հալէպի մտայնութեան խորթ, ժամանակէն առաջ հասած էր: Ախտաճանաչումի ընթացքին որոշում կայացնելու համար յաճախ կը դիմէր իր գրադարանին, երեւոյթ մը, որ այսօրուան արդի ժամանակներուն բժիշկները կը կատարեն իրենց դիմաց բաց համակարգիչի ճամբով՝ հասնելու բժշկական աշխարհի ծալքերուն:
Ան դեղեր պատուիրելու հարցով ժլատ էր, բան մը, որ կը խնայէ հիւանդին նիւթականը, եւ դարմանումը բնական ուղղութեան մէջ կը դնէ` բարդութիւններու առաջքը առնելով:
Թերեւս տոքթորին մահուան օրերուն էր, տասնամեակ մը առաջ, երբ Ժընեւի բժիշկիս կը տեղեկացնէի անոր միջամտութեան մասին: Զգայնութիւն ունենալով գետնապիստակին հանդէպ, հակազդեցութիւնը եղաւ կոկորդիս սեղմումը եւ շնչահեղձ վիճակ մը, տոքթորը շտապ օգնութեան ինքնաշարժի արագութեամբ հասաւ եւ սրսկում մը ընելով՝ շնչառութիւնս վերականգնեց:
Ժընեւի բժիշկս հաստատեց, որ տոքթոր Տիգրանը կեանքս փրկած էր:
Սուրիահայ գաղութի պատմագիրը իր աշխատասիրութեան ընթացքին պիտի հանդիպի Տիգրան Չափանեան բոլորանուէր հայ մարդուն, որ յարգուած էր գաղութահայ հոսանքներուն կողմէ անխտիր: Անոր գործունէութիւնը դաստիարակիչ ու ներշնչման օրինակ պիտի հանդիսանայ գալիք սերունդներուն:
Իր մահուան տասնամեակին առիթով, անոր յիշատակին վերականգնումը երախտագիտական պարտաւորութեան մը գիտակցութեամբ, կ’արտագրեմ իր ինքնակենսագրութեան վերջաբանը. «Հպարտութեամբ կը կրեմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պէճը կուրծքիս վրայ, Հ.Մ.Ը.Մ.ով բարձրացած ըլլալու երջանկութիւնը ունիմ սրտիս մէջ: Աշխատած եմ իմ լաւագոյնս տալ միութեանս»:
Ժընեւ
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ