ՆՊԱՏԱԿ

Ընդհանուր բանակումներու նպատակն է՝

1) Ի մի հաւաքել Հ.Մ.Ը.Մ.ի զանազան շրջաններու արիները, արենոյշները, երէցներն ու պարմանուհիները։

2) Տալ ազգային եւ միութենական դաստիարակութիւն եւ առիթ ստեղծել փոխադարձ ծանօթացման։

3) Սատարել Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան միջազգային ծանօթացման։

 

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

ՅՕԴ. 1.- Ընդհանուր բանակումներուն կրնան մասնակցիլ հետեւեալ պայմանները ամբողջացնող արիները, արենոյշները, երէցներն ու պարմանուհիները`

ա) Ըլլան 14 տարեկան:

բ) Մասնակցած ըլլան տարեկան բանակումի:

գ) Ունենան Բ. կարգ (արիներ-արենոյշներ) եւ նախապատրաստական շրջանի կարգ (երէցներ-պարմանուհիներ):

դ) Ունենան քաջառողջ վիճակ:

Ծանօթ.- Վերոյիշեալ պայմանները հարկ է որ ամբողջացուցած ըլլան մինչեւ ընդհանուր բանակումին բացման օրը։

 

ՅՕԴ. 2.- Ընդհանուր բանակումին կարենալ մասնակցելու համար թեկնածուն կը ներկայացնէ դիմումնագիր, տրամադրուած Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ։ Դիմումնագիրին մէջ կþարձանագրուին ենթակային՝

ա) անունն ու մականունը,

բ) ծննդեան թուականը,

գ) հպատակութիւնը,

դ) անցագրի (passport) թիւը եւ թուականը,

ե) պատկանած շրջանին եւ մասնաճիւղին անունը,

զ) սկաուտական կարգը, աստիճանը եւ պաշտօնը,

է) մասնակցած բանակումներու թուականը եւ վայրը,

ը) հասցէն եւ հեռաձայնի թիւերը,

թ) բժշկական հաստատագիրը։

 

ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ

ՅՕԴ. 3.- Իւրաքանչիւր շրջանի պատուիրակութիւն կը բաժնուի խմբակներու/տասնեակներու եւ խումբերու/փաղանգներու։

ա) 5-7 արիներ/արենոյշներ կը կազմեն մէկ խմբակ։

բ) 8-10 երէցներ/պարմանուհիներ կը կազմեն մէկ տասնեակ։

գ) 2-4 խմբակներ կը կազմեն արիներու/արենոյշներու խումբ։

դ) 2-4 տասնեակներ կը կազմեն երէցներու/ պարմանուհիներու փաղանգ։

ե) Պատուիրակութիւններուն ընկերակցող պատասխանատու աստիճանաւորներուն թիւը կը ճշդէ Կեդրոնական Վարչութիւնը մասնակցողներու թիւին համեմատութեամբ։

զ) Պատուիրակութիւն մը կը մասնակցի նուազագոյնը մէկ խմբակով/տասնեակով։

է) Իւրաքանչիւր պատուիրակութիւն կþունենայ մէկ գլխաւոր պատասխանատու։

 

Ծանօթ՝ Ընդհանուր բանակումին կրնան մասնակցիլ Կեդրոնական Վարչութեան ճշդած թիւէն աւելի աստիճանաւորներ (Խմբապետ/ուհի, փոխ-խմբապետ/ուհի)։ Այդ աստիճանաւորները կը մնան բանակումի ընդհանուր խմբապետութեան տրամադրութեան տակ եւ կը ստանձնեն անոր ճշդած պարտականութիւնները։

 

ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

ՅՕԴ. 4.- Ընդհանուր բանակումը կþունենայ Գործադիր Մարմին մը՝ բաղկացած 5-9 անդամներէ, որոնք կը նշանակուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ։

Ծանօթ՝

ա.- Գործադիր Մարմինը կը բաղկանայ.

- Ընդհանուր Խմբապետ/Խմբապետուհիէ

- Փոխ Խմբապետէ

- Փոխ Խմբապետուհիէ

- Կազմակերպչական-դաստիարակչական Խմբապետ/Խմբապետուհիէ

- Յարաբերական Խմբապետ/Խմբապետուհիէ

բ.- Ի պահանջեալ հարկին, կարելի է ճշդել յաւելեալ պաշտօններ։

գ.- Գործադիր Մարմինի անդամներուն պարտականութիւնները, պարտաւորութիւնները եւ իրաւասութիւնները գրաւոր ձեւով կը ճշդուին Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ։

 

ՅՕԴ. 5.- Գործադիր Մարմինը կը հսկէ ընդհանուր բանակումի աշխատանքներու գործադրութեան։

 

ՅՕԴ. 6.- Գործադիր Մարմինին կþօժանդակեն բանակումին մասնակցող պատուիրակութիւնները գլխաւորող Խմբապետներն ու Խմբապետուհիները, որոնց կը տրուի պաշտօն, ըստ բանակավայրի կարիքներուն, ճշդուած Ընդհանուր Խմբապետին կողմէ։

 

ՅՕԴ. 7.- Ընդհանուր բանակումը կþունենայ օրուան հերթապահ մը, որ կը գործադրէ օրուան յայտագիրը։ Օրուան հերթապահը կը ճշդուի ընդհանուր բանակումի եռանդամ խմբապետական կազմին կողմէ։

 

ՅՕԴ. 8.- Ընդհանուր բանակումը կը կազմակերպուի չորս տարին անգամ մը։ Կը տեւէ 10-էն 15 օր։ Բանակումի պաշտօնական բաժինը կը տեւէ 8-էն 10 օր։

 

ՅՕԴ. 9.- Գործադիր Մարմինը կը պատրաստէ ընդհանուր բանակումի թեման եւ աշխատանքները, որոնք Կեդրոնական Վարչութեան վաւերացումէն ետք, վերջնականացած յայտագիրը կը յղուի շրջաններուն նախընտրաբար բանակումի թուականէն մէկ տարի կամ ամէնէն ուշը վեց ամիս առաջ։

 

ՅՕԴ 10.- Բանակումը կþունենայ խորհրդանիշ, քայլերգ եւ դրօշակ, պատրաստուած Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ։

 

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐ

ՅՕԴ 11.- Ընդհանուր բանակումին մասնակցող արիները, արենոյշները, երէցները եւ պարմանուհիները նախընտրաբար կը համախմբուին իրարմէ անջատ 4 բանակատեղիներու մէջ։ Կþունենան ներքին աշխատանքներու յայտագիր, որ պէտք չէ խանգարէ Գործադիր Մարմինի ճշդած ընդհանուր աշխատանքները։

 

ՅՕԴ. 12.- Իւրաքանչիւր բանակատեղի կþունենայ իր խմբապետական կազմը, որուն իրաւասութիւնները եւ պարտաւորութիւնները կը ճշդէ բանակումի Գործադիր Մարմինը։

 

ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐ

 

ՅՕԴ. 13.- Ընդհանուր բանակումի բանակավայրը կը ճշդէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը։

Բանակումի թուականէն մէկ տարի առաջ որոշուած վայրը (շրջան-երկիր) կը փոխանցուի շրջաններուն։

 

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

ՅՕԴ. 245.- Կեդրոնական Վարչութիւնը մօտէն կը հետեւի բանակումի բոլոր աշխատանքներուն։ Բանակումէն ետք կը կազմէ թղթածրար, ուր ամփոփուած կþըլլան բանակումին հետ կապուած բոլոր տեղեկութիւնները (ծրագիր, նախահաշիւ, տեղեկագիր, նիւթական հաշուեկշիռ, նկարագրականներ, վաւերաթուղթեր, եւ այլն)։

 

Տարածենք