Կամաւորներու սերունդներ անվախ,
Մեսրոպեան ուխտի հսկիչներ խիզախ։
Յետնորդ Հայկի եւ չարքաշ որդիք,
Դարեկան, մատղաշ Հ.Մ.Ը.Մ.ի։
Կրկն. Հ.Մ.Ը.Մ., օ՛ն, յառա՜ջ,
Կը մնաս միշտ պատրաստ։
«Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»,
Պատգամդ է ամէնուր։
Սկաուտներ ինչպէս հայ բանակ,
Հողմերու նման բնութեան զաւակ։
Մարզական խումբեր փառքով պանծալի,
Միշտ արագ, հեռու, բարձր իտէալի։
Կրկն. Հ.Մ.Ը.Մ., օ՛ն, յառա՜ջ,
Կը մնաս միշտ պատրաստ։
«Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր»,
Պատգամդ է ամէնուր։
Խօսք՝ Ներսեհ Լիպարեանի,
Երաժշտ. Վահրամ Էմմիեանի,
Կատարում՝ Գառնիկ Սարգիսեանի։----