ԲԻՒԶԱՆԴ ԿԷՕԶԻՒՊԷՕՅԻՒՔԵԱՆ

ԲԻՒԶԱՆԴ ԿԷՕԶԻՒՊԷՕՅԻՒՔԵԱՆ

ԲԻՒԶԱՆԴ ԿԷՕԶԻՒՊԷՕՅԻՒՔԵԱՆ

Կէօզիւպէօյիւքեան եւս կը պատկանի Ռոպէրթ Քոլէճի խմբակին։ Հետեւաբար, ինք ալ մէկն է հայ մարզական շարժումի մղիչ դէմքերէն։ Դպրոցը աւարտելէն ետք, կը դառնայ ուսուցիչ, միաժամանակ աւանդելով մարմնամարզ։ Այս ձեւով, ան առիթը կ'ունենայ պատրաստելու մարզիկներ, որոնք յաջողութիւններ ձեռք կը ձգեն նախապատերազմեան ողիմպիականներուն։ Կէօզիւպէօյիւքեան եւս կը մասնակցի այդ մրցումներուն եւ կը շահի մրցանակներ։ Ան կը խլէ հայկական Բ. ողիմպիականին բարձրութիւն ցատկելու առաջնութիւնը եւ կը հաստատէ հայկական մրցանիշ մը (1.71 մ.), որ երկար տարիներ կը մնայ անխախտ։

Կէօզիւպէօյիւքեանի դերը մեծ կ'ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմութենէն ետք։ Ըլլալով խնամակալութեան ընդհանուր տնօրէն, ան մեծապէս կը սատարէ որբանոցներու մէջ սկաուտական շարժումին կազմակերպումին, դռները լայն բանալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիչներուն առջեւ։ Ասիկա փոքր նպաստ մը չէր, անշուշտ, ու կը բխէր Կէօզիւպէօյիւքեանի այն խոր համոզումէն, որ ո՛չ միայն մարմնակրթանքը, այլեւ՝ Հ.Մ Ը.Մ.ի, գաղափարախօսութիւնն ու ոգին հարկ էր ներմուծել պատանիներուն մէջ, որոնք այնքան խաթարուած ու անմշակ ձեւով բերուեր մէկտեղուեր էին որբանոցները, անապատներէն թէ թուրքերու տուներէն առնուելով։ Կէօզիւպէօյիւքեան ապագային դարձաւ կրօնաւոր (պատուելի) մը։ Վախճանեցաւ Եգիպտոսի մէջ։

Տարածենք