ԳՐԻԳՈՐ ՄԵՐՃԱՆՈՖ
ԳՐԻԳՈՐ ՄԵՐՃԱՆՈՖ
Հայ մարմնակրթութեան վեթերան գործիչներէն մէկը։ Փոքր հասակէն Պուլկարիա գտնուելով եւ նախնական կրթութիւնը հոն ստանալով, Մերճանոֆի մարզական գործունէութիւնն ալ սկսած է Ֆիլիպէէն։ Հոն, պուլկարական «Թրաքիիսքի Եունաք» կազմակերպութեան անդամակցելով, եղած է կազմակերպութեան օգնական ուսուցիչը, ստանձնելով աւելի քան 600 տղոց մարզական դաստիարակութիւնը։
Այդ աշխատանքը արգելք եղած չէ սակայն, որ Մերճանոֆ Ֆիլիպէի մէջ կազմէ նաեւ հայ մարզական միութիւն մը, զայն եւս առնելով իր ղեկավարութեան տակ։ Այդ միութիւնը հետագային մեծապէս կը զօրանայ եւ ի վերջոյ կը միանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Ան դասաւանդած է Ֆիլիպէի Զօրեանց վարժարանին մէջ։
1904-ին, Մերճանոֆ «Թրաքիիսքի Եունաք»ի կողմէ մասնակցած է Փրակայի մարմնակրթական հանդէսին։
Մերճանոֆի մարզական ամէնէն եռանդուն շրջանը, սակայն, կը սկսի Օսմանեան սահմանադրութենէն ետք։ 1909-ին, Պոլսոյ արուարձաններէն Մաքրի գիւղին մէջ ան կը հիմնէ «Տիտան» խումբը, իսկ Սամաթիոյ մէջ՝ «Վահագն»ը։ Այս երկու խումբերը հաւաքական փորձեր կ'ունենան, եւ Մերճանոֆ կը դասախօսէ անոնց եւ Պոլսոյ այլ թաղերու խումբերուն։ 1912-ին, հայկական Բ. ողիմպիականին, Մերճանոֆի խումբերը ուշադրութիւն կը գրաւեն իրենց համաչափ (ռիթմիկ) մարզանքներով եւ բուրգերով։
Պատերազմի տեւողութեան ան կը մնայ Պուլկարիա։ Զինադադարին կը վերադառնայ Պոլիս։ Մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Լեւոն Յակոբեանի հետ կը ստանձնէ շուէտական մարզանքի ճիւղին ղեկավարութիւնը։ Ինքն է, որ այդ ձեւով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերու մարզանքներուն մէջ կը հաստատէ միօրինակութիւն ու կանոն, ընդհանրացնելով ռիթմիկ մարզանքները։ Կը գրէ մարզական բազմաթիւ յօդուածներ։
Իր մասնագիտութիւններն են գործնական ու չափական մարզանքները։ Այս ուղղութեամբ, պատերազմէն առաջ ան բաւական օգտակար եղած է Շաւարշ Քրիսեանին։
1919-ին, Մերճանոֆ կ'անցնի Հայաստան, իսկ 1923-էն ետք՝ Փարիզ, ուր կը մահանայ աւելի ուշ։