ԿԱՐՕ ՂԱԶԱՐՈՍԵԱՆ (Կ. ՄԵՀԵԱՆ)
ԿԱՐՕ ՂԱԶԱՐՈՍԵԱՆ (Կ. ՄԵՀԵԱՆ)
Նախապատերազմեան շրջանի մարզիկներէն։ Զինադադարէն ետք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մաքրի գիւղի վարչութեան անդամ։ 1923-ին կ'անցնի Պուլկարիա, ուր կը դառնայ Շրջանային Վարչութեան անդամ։ 1925-ին կը հրատարակէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ շրջանին պաշտօնաթերթը։ 1927-ին կը հրատարակէ «Մարզիկ»ը, նոյնպէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ շրջանի պաշտօնաթերթը։ 1938-ին կ'անցնի Ֆրանսա. հոն աշխատանքի մեծ բաժին մը կ'ունենայ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի քսանամեայ յուշարձան»ի խմբագրութեան գործին մէջ։ Ապա կ'անցնի Պուլկարիա, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործիչ։ 1944-ի Հոկտեմբերին, երբ ռուս համայնավարները կը գրաւեն Պուլկարիան, ան ալ ուրիշ ազգայիններու հետ (Ընդհանրապէս դաշնակցական գործիչներ ու վարիչներ) ձերբակալուելով կ'աքսորուի Սիպերիա։
Երկար տարիներ աքսորավայրին մէջ տաժանելի կեանք մը ապրելէ ետք, Ստալինի մահէն ետք, խումբ մը ընկերներու հետ ան ազատ կ'արձակուի եւ ձեւ մը գտնելով կ'ապաստանի Ֆրանսա, ուր կը մահանայ 1984-ին։