ՀԱՅԿ ՃԻԶՄԷՃԵԱՆ

ՀԱՅԿ ՃԻԶՄԷՃԵԱՆ

ՀԱՅԿ ՃԻԶՄԷՃԵԱՆ

Ճիզմէճեանի անունը մարզական կեանքին կապուած է 1918-էն ետք։ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ անդամ էր Սկիւտարի «Րաֆֆի Յառաջդիմական»ին եւ կազմակերպողներէն էր անոր արշաւներուն. կ'անդամակցէր գործադիր մարմնին, իսկ 1913-ին մաս կը կազմէր Սկիւտարի Հայ Սկաուտներու տեղական ժողովին։

Իր այս կապը բաւական կ'ըլլայ, որ Զինադադարի առաջին օրերուն, ինք եւս մասնակցի այն ժողովին, որ հիմը պիտի դնէր Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Ճիզմէճեան կ'ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն մէկը։ Ան մեծ եռանդով կը փարի նորաստեղծ շարժումին։ Եւ խորապէս գիտակցելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերապահուած ազգային վսեմ գործին, արտակարգ աշխուժութեամբ մը կը նուիրուի տղոց հոգեկան ու բարոյական զարգացման։ Մարզական ոչ մէկ բաժին կը ստանձնէ, բայց կ'ըլլայ ամէնուն հետ, ամէն տեղ ու ամէն ատեն, նոյնիսկ իր վաճառատունը ձեւով մը Հ.Մ.Ը.Մ.ի գրասենեակը դարձնելով։ Անշուշտ, այս բոլորին մէջ զգալի դեր կը կատարեն ո՛չ թէ մարզական կամ սկաուտական նիւթերու իր ծանօթութիւնը, այլ՝ իր ոգին, նկարագիրը, խառնուածքին ջերմութիւնը եւ ընկերական ու ջանադիր տրամադրութիւնները, ինչպէս նաեւ իր ներքին ջերմ հաւատքը՝ գործին վսեմութեան հանդէպ։

Հայկ Ճիզմէճեան անտիտղոս տիտղոսաւոր մը կ'ըլլայ, ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ բոլորը իր իրաւասութիւններուն սահմանները չեն փնտռեր, բայց թեքնիք եւ փորձառու ղեկավարներու կողքին նաեւ այս վերջինները միշտ կը փնտռեն զինք, որ իր կարգին, աշխատանքներ չ'ընտրեր, ու գրեթէ ամէն գործի կը բերէ իր անվերապահ աջակցութիւնը։

Ճիզմէճեան, որ խօսելու շնորհ ունէր, յաճախ կ'այցելէ թաղէ թաղ։ Կը բանախօսէ ու կը դասախօսէ, ու շուտով իր անունը կը նոյնանայ մարզական կեանքի աչքառու անուններուն հետ։

1922-ի վերջաւորութեան ան կ'անցնի Եգիպտոս։ Ոգին ու համոզումները կը մնան անփոփոխ, բայց իր գործունէութիւնը անհամեմատօրէն կը նուազի, թէեւ իր գրութիւններով ան նոյն խանդն ու հաւատքը կը ցուցաբերէ մինչեւ մահ։

Տարածենք