ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ
ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ
Եղերաբախտ բանաստեղծ-մարզիկը ծնած է 1894 Յունուար 17-ին, Պոլսոյ Կէտիկ Փաշա թաղը։ Թափառած է դպրոցէ դպրոց.- Պէրպէրեան, Պարտիզակի Ամերիկեան Բարձրագոյն Վարժարան, Ռոպէրթ Քոլէճ, յետոյ կրկին Պէրպէրեան, զոր աւարտած է 1913-ին։ Կը մեկնի Ատանա, իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ։ Հոնկէ Լիբանան կ'անցնի՝ դարմանելու վտանգուած իր առողջութիւնը։ Պոլիս դարձին՝ ուսուցիչ է Պէրպէրեանի մէջ։ 1921-ին այլեւս չի կրնար շարունակել դպրոցը ու Մեծ Կղզի կ'առանձնանայ՝ դարմանելու իր հիւծած մարմինը։ Մահը զինք հոն կը գտնէ 1924-ին։ Զարիֆեան առաջին օրէն սիրահար էր մարմնամարզի։ 1912-ի հայկական Բ. ողիմպիականին ան առաջին կը հանդիսանայ երեք քայլ ոստումի, երկրորդ՝ գունդ նետելու եւ երրորդ՝ սկաւառակ եւ նիզակ նետելու մրցումներուն։ 1911 Օգոստոս 28-ին, ախոյեան կը հանդիսանայ «Րաֆֆի»ի տարեկան մրցաշարքին։