ՄԿՐՏԻՉ ԵԱՆԸԳԵԱՆ

ՄԿՐՏԻՉ ԵԱՆԸԳԵԱՆ

ՄԿՐՏԻՉ ԵԱՆԸԳԵԱՆ

Այտընի նահանգին հայ սկաուտներու պետն էր Մկրտիչ Եանըգեան։ Մասնագէտ ֆութպոլիստ մը եղած է ան։ Ունի ձեռագիր ուսումնասիրութիւն մը՝ ֆութպոլի մասին։

Եանըգեան եղած է Իզմիրի հայ մարզական կեանքին ամէնէն աչքառու դէմքը։ Կապ հաստատած է Անգլիոյ սկաուտապետերուն հետ։ 1911-ին գացած է Պոլիս՝ հայկական Ա. ողիմպիականին, իբրեւ ներկայացուցիչ «Որսորդաց» ակումբին։ Հոն շփում ունեցած է «Մարմնամարզ»ի շրջանակին հետ ու այնուհետեւ միշտ կապ պահած է։ Ան կ'աշխատակցէր «Հայ Սկաուտ»ին։ 1922-ին միացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ 1922-ի աղէտէն ետք անցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր դասախօսութիւններ տուաւ սկաուտութեան եւ ֆութպոլի մասին։ Ընտրուեցաւ Նիւ Եորքի ֆութպոլի ֆետերասիոնի իրաւարար։ 1936-ին հրատարակեց ֆութպոլի օրէնքներու մասին հայերէն գիրք մը։

Տարածենք