ՄԿՐՏԻՉ ՄԱԼՈՒՄԵԱՆ

ՄԿՐՏԻՉ ՄԱԼՈՒՄԵԱՆ

ՄԿՐՏԻՉ ՄԱԼՈՒՄԵԱՆ

«Տորք»ի նախկին մարզիկներէն։ Զինադադարէն ետք սկաուտ խմբապետ է նախ Խասգիւղի մասնաճիւղին, ապա՝ Բերայի եւ Գատըգիւղի որբանոցներուն։ Միաժամանակ ան կը պաշտօնավարէ Պոլսոյ որբանոցներուն եւ կարգ մը վարժարաններուն մէջ, իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ։ 1923-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ կը գործուղուի Յունաստան եւ հոն պաշտօնի կը կոչուի Ամերիկեան Նպաստամատոյց ընկերութեան կողմէ։ 1924-ին կ'անցնի Ֆրանսա եւ կը կազմակերպէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մարսէյի մասնաճիւղը։ Կը կազմակերպէ նաեւ միջազգային ախոյեանական մրցումներ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ական իր մարզիկները կը խլեն առաջնութիւններ։ 1921-ին կը հաստատուի Փարիզ։ Կ'ըլլայ ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական իրաւարար, կ'անդամակցի նաեւ Congres International de l՚education

physique et sport-ի։ Ֆրանսական կառավարութեան կողմէ կ'արժանանայ offcier d՚Academie եւ Education physique-ի մետալներուն։

Տարածենք