ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶ

ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶ

ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶ

Հայ մարմնակրթական շարժումի ամէնէն եռանդուն եւ նուիրեալ գործիչներէն մէկը։ Անձ մը, որուն մէջ հոգիի ու մարմնի չարքաշութիւնը այնքան ներդաշնակ կերպով զօդուած էին իրարու։ Մարզիկի իսկական տիպարն էր Վահան Չերազ։ Ունէր մարտական ոգի եւ տիպար հայու նկարագիր։

Աշակերտ՝ Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանին, ինքն է որ նոյն վարժարանի տղոց կը սորվեցնէ ֆութպոլը, գնդակ մը բերած ըլլալով Անգլիայէն, ու կը կազմէ «Սանթրալ» ֆութպոլի խումբը, որ ժամանակագրական կարգով, հայկական ֆութպոլի երկրորդ խումբը կը հանդիսանայ։ Չերազ այդ խումբով չի բաւարարուիր, սակայն, կը հիմնէ նաեւ Փրոթի կղզիի համանուն խումբը, ու հոգին կ'ըլլայ «Տորք»ին։

Պալքանեան պատերազմին կ'անցնի Փարիզ, ուր կը մնայ երկու տարի։ Երբ Ա. Աշխարհամարտը կը ծագի, կ'անցնի Կովկաս՝ իբրեւ կամաւոր։ Հոն կ'արձանագրուի Անդրանիկի հարիւրեակին։

1920-ին, Տիգրան Խոյեանի եւ Օննիկ Եազմաճեանի հետ ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եռանդամ այն մարմնին, որ Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով կ'երթայ հայրենիք՝ կազմակերպելու համար սկաուտական եւ մարզական շարժումներ։

Հայաստանի մէջ, Չերազ աշխատանքի կեդրոն կ'ընտրէ Ալեքսանդրապոլը (Կիւմրին), ուր ան կը զբաղի ամերիկեան որբանոցներու որբախնամի աշխատանքներով։ Որբերէն կը պատրաստէ սկաուտներ։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Չերազ իր աշխատանքները կը շարունակէ, իբրեւ ուսուցիչ ամերիկեան որբանոցներու։ Capt. Brown-ի օժանդակութեամբ կը կազմէ սկաուտական խումբեր եւ կը մարզէ որբեր։ Կը գործէ դժուարին եւ նոյնիսկ անկարելի պայմաններումէջ։ Իր աշխատանքին բերումով, օր մը վէճ կ'ունենայ չեկիստի մը հետ, ու այդ դէպքը ճակատագրական կ'ըլլայ իրեն համար։ 21 Դեկտեմբեր 1927-ին Թիֆլիսի մէջ ան կը գնդակահարուի չեկիստներու կողմէ։

Տարածենք