ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Մարզական շարժումը հայ պատանեկութեան մէջ տարածող առաջին դէմքերէն։ Ծնած է 1890-ին, Գում Գափու։ 1907-ին ան կը մտնէ Ռոպէրթ Քոլէճ։ Նիւթական միջոցներ չունի։ Փոխառութեամբ հեծանիւ մը կը գնէ։ Պապը Ալիէն Վերին Վոսփոր ամէն առտու թերթ պիտի բերէ։ Ու յաճախ ստիպուած կ'ըլլայ հեւասպառ վազել՝ թերթը հասցնելու համար։ Այդ ձեւով, ան հետզհետէ կը վարժուի արագ ու երկար վազելու։ Կը շահի կէս մղոնի մրցանակ մը։ Միջին Վոսփորի մէջ, 1912-ին, կը հիմնէ «Արտաւազդ»ը, երբ մարզական կեանքը թափ ստացած էր Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք։ Մկրտիչ Մկրեանի հետ ան կը ղրկուի Սթոքհոլմ՝ Թուրքիան ներկայացնելու միջազգային 6-րդ ողիմպիականին, ուր կը մասնակցի կէս մղոնի վազքի մրցումին։ Կը գլէ իր մրցակիցները, բայց 100 մեթր մնացած՝ ուշակորոյս կ'իյնայ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն է։

1915-էն առաջ եղած է ուսուցիչ։ Աշխատակցած է «Մարմնամարզ»ին, ինչպէս նաեւ՝ «Ազդարար»ին եւ «Հայ Սկաուտ»ին։ 1915-էն ետք, Ժիրայր Եաղմուրեանի հետ կը հրատարակէ «Մարզաշխարհ»ը։ Լաւ լուղորդ էր ու միշտ առաջնութիւն կը շահէր։

1922-ի Պոլսոյ աղէտէն ետք կ'անցնի Յունաստան։ Շրջան մը կը մնայ Լիբանան, ապա կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներ, ուր նաեւ կը մահանայ։

Տարածենք