ՔԱՋՈՒՆԻ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ

ՔԱՋՈՒՆԻ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ

ՔԱՋՈՒՆԻ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ

Եզնիկ եւ Եղիշէ Քաջունի եղբայրներ, որոնք մինչեւ վերջ հոգիով ու գործով կապուած մնացին Հ.Մ.Ը.Մ.ին, ծնած են Արաբկիր։

Երէցը՝ Եզնիկ (1897-ի ծնունդ) մաս կը կազմէր «Տորք»ի շարքերուն։ Աշխոյժ ու վարակող, ան կիրակնօրեայ արշաւներու ոգին էր։ «Մարմնամարզ»ի հրատարակութիւնը երբ կը սկսի, Եզնիկ կը դառնայ Շաւարշ Քրիսեանի գործակիցներէն։ Իր կարգին, ան դասախօսութիւններ կը ներկայացնէ առողջապահական նիւթերու շուրջ։

Ա. Աշխարհամարտէն վերջ Երեւան է։ Հոն կը մնայ՝ իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ ամերիկեան որբանոցներու, եւ կը նուիրուի երկրի մարզական-սկաուտական շարժումին։ Իրեն յանձնուած էին Աղեքսանդրեան եւ Գալֆայեան գիմնազիոններու մարզանքի դասերը։

Եղիշէ Քաջունի (1899-ի ծնունդ) Կեդրոնականի աշակերտ էր։ Հայ առաջին ֆութպոլիստներէն, նախ՝ «Սանթրալի»ի եւ ապա՝ «Տորք»ի մէջ, որուն հիմնադիրներէն կ'ըլլայ։ Պոլսոյ մէջ կ'ուսանի իրաւաբանութիւն։ Յետոյ կ'անցնի Վան՝ իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ։ Հոն կը հիմնէ «Վասպուրական» ֆութպոլի խումբը։ Ա. Աշխարհամարտին կը մասնակցի Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն։ Յետոյ կը դառնայ Զօր. Անդրանիկի քարտուղարը. անոր հետ Կովկասէն կ'անցնի Փարիզ, Լոնտոն, Մանչեսթըր։ Նոյն այդ գաղութներուն կողմէ կը վերադառնայ Հայաստան, իբրեւ օժանդակութիւն հագուստեղէն բաժնելու համար։ Այդ առիթով, Պոլսոյ մէջ ան շփում կ'ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնին հետ, կը խոստանայ սատարել երկրին սկաուտական շարժումին եւ իր հետ Հայաստան կը տանի մարզական գոյքեր։

Տարածենք