ՕՆՆԻԿ ԵԱԶՄԱՃԵԱՆ

ՕՆՆԻԿ ԵԱԶՄԱՃԵԱՆ

ՕՆՆԻԿ ԵԱԶՄԱՃԵԱՆ

Ետի Գուլէի որբանոցի սկաուտ խմբապետ։ 1920-ին, Չերազի եւ Խոյեանի հետ ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եռանդամ այն մարմնին, որ Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով կ'երթայ հայրենիք՝ կազմակերպելու համար սկաուտական եւ մարզական շարժումներ։

Հայաստանի մէջ, Եազմաճեան աշխատանքի կեդրոն կ'ընտրէ Երեւանը, ուր ան կը զբաղի որբախնամի աշխատանքներով։ Որբերէն կը պատրաստէ սկաուտներ։ 1924-ին կ'անցնի Ֆրանսա։ Տարի մը ետք կը նշանակուի Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութեան մարզանքի ուսուցիչ։ Անկէ կրկին կ'անցնի Ֆրանսա։ Եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբի անդամ։ 1934-ին մեկնած է Սթոքհոլմ՝ հետեւելով մարզանքի ուսուցչութեան վարժարանին եւ հոնկէ անցած է Պարսկաստան, իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ։

Տարածենք