Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԴԱԴՐԵՑՈՒՄԸ (11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1918-16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1922)

16 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1918.- Գրիգոր Յակոբեանի հրաւէրով խորհրդակցութիւն մը տեղի կþունենայ Պոլիս, Խորասանճեան Խան, Յակոբեան եղբայրներու գրասենեակին մէջ, հիմը դնելու համար մարզական կազմակերպութեան մը։ Ներկայ են Գրիգոր եւ Լեւոն Յակոբեաններ, Տիգրան Խոյեան, Հայկ Ճիզմէճեան, Գարլօ Շահինեան եւ Սիրունի։ Այս խորհրդակցութեան մէջ կազմուած կը հռչակուի Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Մ.Ը.Մ.), եւ անմիջապէս գործի լծուելու համար կը ստեղծուի առժամեայ Կեդրոնական Վարչութիւն՝ մեծ մասամբ ներկաներէն եւ անոնց վրայ աւելցուելով նաեւ Ժիրայր Խորասանճեան, Յովհաննէս Հինդլեան, Գրիգոր Մերճանոֆ եւ Վահրամ Փափազեան։

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1918.- Պոլսոյ բոլոր թաղերուն մէջ արձագանգ կը գտնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կոչը։ Ամէնուրեք հայ երիտասարդութիւնը եւ պատանեկութիւնը կը փութայ համախմբուիլ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին տակ։ Ամէն թաղի մէջ մարզական հին ակումբներու մնացորդ տարրերն են որ առաջին կորիզը կþըլլան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերուն։ Կը կազմուին սկաուտական խումբեր, գլխաւորաբար հայ դպրոցներու աշակերտներէն։

ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1918.- Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովը կը վաւերացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ծրագիրը։ Հանրային գուրգուրանքի առարկայ կը սկսի դառնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ - ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1919.- Գաղթականները կը սկսին Պոլիս լեցուիլ իրենց քառամեայ տարագրութենէն դառնալով։ Ամէն մարմին ու անհատ գործի լծուած է ապաստան, սնունդ, սփոփանք հայթայթելու անոնց։ Ասպարէզ կþիջնէ նորակազմ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ շրջափակին ու Սկիւտարի մէջ կը հիմնէ առաջին ձրի դեղարանը եւ շարժուն հիւանդանոցը, սկաուտներ կը յատկանցնէ այդ գործին համար, եւ ամբողջ երկու ամսուան ընթացքին կը խնամէ 1500-ի մօտ գաղթական ու կարօտեալ հիւանդներ, որոնցմէ երկուքը միայն զոհ կու տայ՝ պարզ այն պատճառով, որ հիւանդները իր ձեռքը կը հասնին մահամերձ վիճակի մէջ։ Հ.Կ. Խաչի կազմութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ը աւարտած կը նկատէ այս դերը։

ՁՄԵՌ 1919.- Հ.Մ.Ը.Մ.ը թէեւ դեռ նոր կազմուած, չի զլանար իր ուժերը տրամադրել հանրային կարիքներու։ Սկիւտարի մէջ սկաուտները կալուածատիրոջ թոյլտուութեամբ չորցած ծառեր կը կտրեն ու կը բերեն տարագրեալներու կայանին իբր վառելիք, կþօգնեն որբերու հաւաքման ու տեղաւորման։ Գուրուչէշմէի եւ այլ տեղերու հրդեհները մարելու կþօգնեն, հանրային հանդէսներու ատեն կը հսկեն կարգապահութեան եւ այլն։

14 ՅՈՒԼԻՍ 1919.- Ֆրանսայի ազգային տօնի հանդիսութեանց մասնակցելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ը ջահագնացութիւն մը կը կազմակերպէ 200-ի մօտ հայ սկաուտներով, ընկերակցութեամբ «Քնար» շեփորախումբին։ Շքերթը, զոր կþառաջնորդեն Գրիգոր Յակոբեան եւ Հայկ Ճիզմէճեան, երեկոյեան ժամը իննուկէսին Բերայի մարզարանէն ճամբայ կþելլէ՝ բազմազգ բազմութեան մը խանդավառ արտայայտութիւններուն մէջ։ Թափօրը Բերայի ճամբէն անցնելով կը հասնի ֆրանսական դեսպանատուն եւ բարձր քոմիսէրին կը ներկայացնէ ծաղկեփունջ մը՝ շնորհաւորական վերտառութիւն մը կցուած։ Թափօրը ուշ ատեն կը վերադառնայ մարզարան, ուր կը գիշերէ նախապէս պատրաստուած վրաններու տակ։ Սկաուտներու այս փառաշուք գնացքին առթած խանդավառութեան տակ, զանազան ազգայիններու կողմէ բազմաթիւ նուիրատուութիւններ կþըլլան Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

28 ՅՈՒԼԻՍ 1919.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը օրհնութեան գիր մը կը ստանայ Զաւէն Պատրիարքէն, որ կþըսէ. «Կազմակերպուեցէք, ազնուացէք, բարձրացէք որքան կրնաք, լեցուցէք ձեր սիրտն ու միտքը, վասնզի դուք պիտի ըլլաք վաղուան սրբազան հայրենիքին հրաշակերտ տաճարին սիւները»։

31 ՕԳՈՍՏՈՍ 1919.- Տեղի կþունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպած առաջին ողիմպիականը՝ Գատը գիւղ, Իւնիոն Քլիւպի մարզադաշտին վրայ, Զաւէն Պատրիարքի նախագահութեամբ։ Ներկայ է անգլիական զօրքերու նորընտիր հրամանատար զօր. Քրոքըր։ Կը մասնակցի «Քնար» շեփորախումբը։ Օրուան ախոյեան՝ Ա. Աբէլեան (Գատը գիւղ), որ շահած է երեք առաջին մրցանակ։ Ախոյեան մասնաճիւղ՝ Բերա, որուն պատկանող մարզիկները շահած են 9 առաջին, 5 երկրորդ եւ 1 երրորդ մրցանակ։

14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1919.- Հ.Մ.Ը.Մ.ը հող կը գտնէ մօտաւոր գաւառներու մէջ ալ, ինչպէս՝ Ատափազար, Ռոտոսթօ, Պրուսա, Պարտիզակ, Իզմիթ եւ այլն։ Ատափազարի մասնաճիւղը նոյնիսկ կը կազմակերպէ իր անդրանիկ մրցահանդէսը՝ տեղական ուժերով։

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1919.- Հ.Մ.Ը.Մ.ը Պոլսոյ գրեթէ բոլոր թաղերուն եւ շրջակայ մէկ քանի գաւառներուն մէջ ունի 25 մասնաճիւղեր, որոնցմէ 10-ն արդէն ունին իրենց սեփական մարզարանները։

7 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1919.- Բերա, սկաուտներու կեդրոնական կայանին մէջ տեղի կþունենայ սկաուտական միջազգային ժողով մը՝ անգլիացի, ամերիկացի, ֆրանսացի, ռուս, յոյն եւ հայ ներկայացուցիչներով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը ներկայացնեն Արտ. Գաւանոզեան, Ժիրայր Խորասանճեան եւ Գրիգոր Յակոբեան։ Ժողովին նպատակն է ներդաշնակ եւ համախոհ գործելու մասին միջոցներ տնօրինել։

25 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1919.- Լոյս կը տեսնէ «Հայ Սկաուտ», իբր կիսամեայ օրկան Հ.Մ.Ը.Մ.ի, խմբագրութեամբ Կարօ Ուշագլեանի եւ սկաուտական ու մարզական բաժիններով։ «Հայ Սկաուտ» կը տեւէ մինչեւ 1922-ի ամառը։

9 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1919.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի 10-րդ մասնաճիւղը (Պալթալիման, Վոսփոր) հայ սկաուտներու երդման անդրանիկ արարողութիւն կը կատարէ։

16 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1919.- Տեղի կþունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տարեկան առաջին ընդհանուր ժողովը։ Կþորոշուի նոր նիստ մը գումարել առաւելագոյնը մէկուկէս ամիսէն՝ մասնաճիւղերու վարչութիւններէն ընտրուած երկու խմբապետներու եւ մասնաճիւղային ընդհանուր ժողովներէն ընտրուած երկու պատգամաւորներու մասնակցութեամբ։

11 ԱՊՐԻԼ 1920.- Պոլսոյ բոլոր թաղերուն մէջ տեղի կþունենայ որբերու սկաուտական հանդերձանքին ի նպաստ քոքարտի բաշխում՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողմէ կազմակերպուած։ Կը գոյանայ մօտ 4000 թրք. ոսկի։

9 ՄԱՅԻՍ 1920.- Եսայեան վարժարանին մէջ տեղի կþունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Ժողովը։ Ներկայ են Պոլսոյ գրեթէ բոլոր մասնաճիւղերու պատուիրակները։ Նոր Կեդրոնական Վարչութեան անդամ կþընտրուին Արշակ Յակոբեան, Գրիգոր Մերճանոֆ, Գրիգոր Յակոբեան, Ժիրայր Խորասանճեան, տոքթ. Կ. Մութաֆեան, Յովհաննէս Թ. Հինդլեան եւ Պօղոս Շապոյեան։

11 ՅՈՒՆԻՍ 1920.- Քեաղըտհանէի մէջ «պաշարողական գործողութեան» փորձ մը կը կատարեն Բերայի, Պէշիկթաշի եւ Խասգիւղի սկաուտները՝ Արտ. Ալահվերտիի ղեկավարութեամբ։

20 ՅՈՒՆԻՍ 1920.- Տեղի կþունենայ միջազգային սկաուտական ընդհանուր տողանցք մը, որուն կը մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները, ի ներկայութեան զօր. Ուիլսընի եւ սկաուտական միջազգային կազմակերպութեան նախագահ գնդ. Մաքսուէլի։ Հայ սկաուտները իրենց կարգապահութեամբ, կարգ ու սարքով եւ ճկունութեամբ կþարժանանան բացառիկ գնահատանքի։

26 ՅՈՒԼԻՍ 1920.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ Վահան Չերազ, Օննիկ Եազմաճեան եւ Տիրան Խոյեան Հայաստան կը մեկնին՝ հայրենիքին մէջ կազմակերպելու համար մարմնակրթական եւ սկաուտական շարժումը։

5 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1920.- Տեղի կþունենայ հայկական ընդհանուր ողիմպիական, Գատըգիւղ, Իւնիոն Քլիւպի մէջ, Զաւէն Պատրիարքին նախագահութեամբ։ Օրուան ախոյեան կը հռչակուի Նուպար Ճելալեան (Սկիւտարի հայ մարմնամարզարանէն)։

3 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1920.- Արծաթ բաժակի միջազգային մրցումներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի խառն խումբը կը շահի բաժակը՝ 1-0 արդիւնքով յաղթելով իրլանտական զինուորական խումբին։

1-25 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1920.- Այս քսանչորս օրերը հռչակուած ըլլալով «Սկաուտը հայրենիքին համար» օրեր, Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր մասնաճիւղերը տուներէն դրամ եւ հագուստ կը հաւաքեն Հայաստանի սկաուտներուն համար։

20 ՄԱՐՏ 1921.- Շիշլիի Գարակէօզեան որբանոցին մէջ տեղի կþունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողով, 16 մասնաճիւղերէ ղրկուած 46 պատգամաւորներով։ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ կþընտրուին Ժիրայր Խորասանճեան, Հայկ Ճիզմէճեան, Պօղոս Շապոյեան, Գրիգոր Յակոբեան, Գարլօ Շահինեան, Վահրամ Փափազեան։ Հրաժարող Գրիգոր Յակոբեանի եւ Հայկ Ճիզմէճեանի տեղ կþընտրուին Արարատ Քրիսեան եւ Հրաչեայ Տէր Ներսէսեան։

ՄԱՐՏ 1921.- Սկաուտները բոլոր թաղերու մէջ Հայաստանի սկաուտներուն համար կը հաւաքեն 24 հակ հագուստ եւ մօտ 2500 ոսկի։

1 ՄԱՅԻՍ 1921.- Քոքարտաբաշխում սկաուտներու հագուստի եւ գոյքի համար։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով կը գոյանայ 2525 ոսկի։

12 ՄԱՅԻՍ 1921.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը դիմում կը կատարէ բոլոր կուսակցութիւններուն՝ խնդրելով որ 18 տարեկանէն վար պատանիներ չարձանագրեն իրենց կուսակցական շարքերուն մէջ։

13 ՄԱՅԻՍ 1921.- Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կ. Պոլսոյ շրջանի գործադիր մարմինը նպաստաւոր պատասխան կու տայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնի դիմումին։

18 ՄԱՅԻՍ 1921.- Նպաստաւոր պատասխան կը ղրկէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէն եւս։

24 ՄԱՅԻՍ 1921.- Նոյնիմաստ պատասխան Ազատական Կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային վարչութենէն։

29 ՄԱՅԻՍ 1921.- Նպաստաւոր պատասխան կը ստացուի նաեւ Հայ Ռամկավար Կուսակցութեան Պոլսոյ Շրջանային Վարչութենէն։

8 ՅՈՒՆԻՍ 1921.- Սկաուտութեան հիմնադիր եւ գերագոյն պետ. զօր. Պէյտըն Փաուըլ հետեւեալ նամակը կþուղղէ Հ.Մ.Ը.Մ.ին

Պոյ սկաուտներու Ընկերակցութիւն 25 Պաքինկհամ Փէլէյս Ռոտ Լոնտոն, 8 Յունիս

Սիրելի Պ. Խորասանճեան, Քէփթըն Թէսիկըր ձեր սկաուտներուն տուած մէկ այցելութեան մասին ինծի տեղեկագիր մը ղրկած է եւ այնչափ նպաստաւոր կերպով կը գրէ, որ պարտաւորուած կը զգամ շնորհաւորութիւններս յայտնել Ձեր տղոց կրթութեան մէջ սկաուտական գաղափարներուն այսչափ յաջող կիրարկման համար։ Մասնաւորաբար ինծի հաճոյք պատճառեց լսելը թէ ձեր սկաուտները լաւ զգացումներ կը տածեն իրենց անգլիացի եղբայրներուն եւ իմ անձիս հանդէպ եւ կը յուսամ որ յանձն պիտի առնէք իրենց տեղեկացնելու, թէ որքան կը հետաքրքրուիմ անոնց յառաջդիմութիւններովը եւ թէ որքան ուրախ եմ լսելով որ բաղդատաբար կարճ ժամանակուան մէջ այնքան լաւ գործ կատարած են։ Վերջերս Պաղեստինէն, Եգիպտոսէն եւ Հնդկաստանէն վերադարձայ եւ շատ կը փափաքէի որ ժամանակ ունենայի Պոլիսն ալ այցելել։ Պաղեստինի մէջ իբր «լրատար» հայ սկաուտ մը ունենալու բախտաւորութիւնը ունեցայ եւ եթէ ան ձեր տղոց տիպարը կը ներկայացնէր, այն ատեն ձեր տղաքը շատ բարձր կարգի սկաուտներ ըլլալու են - եւ նոյն ատեն զուարթերես - որովհետեւ այդ տղան միշտ եռանդով կþաշխատէր եւ միշտ կը ժպտէր ու աւելին ընելու պատրաստ էր, հակառակ որ պատերազմի միջոցին իր պարագաներուն կորուստը զինք բաւական տառապեցուցած էր եւ ինքն ալ իր հարեւաններու խումբի մը կողմէ հրացանազարկ ըլլալու սարսափէն հազիւ ազատած էր, բայց բարեբախտաբար վիրաւորուելէ վերջ մեռած կարծուած։ Հաճեցէք ձեր սկաուտներուն հաղորդել կաթոգին իղձերս։

Մնամ Ձերդ՝ ՊԷՅՏԸՆ ՓԱՈՒԸԼ