ԳՐԻԳՈՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ԳՐԻԳՈՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ԳՐԻԳՈՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Այս անունին կապուած է մասնաւորապէս հայ սկաուտական շարժումը։ Յակոբեան եղած է անոնցմէ, որոնք Ա. Աշխարհամարտէն առաջ ուղղութիւն եւ քաջալերանք ցոյց տուած են Շաւարշ Քրիսեանին՝ մինչեւ որ ան մարմնակրթանքը դարձուցած է ասպարէզ ու ամբողջովին նուիրուած է անոր։

Ռոպէրթ Քոլէճի աշակերտ, պատանեկութենէն սէր ունեցած է մարմնակրթանքի հանդէպ։ Այնքան, որ կապ կը հաստատէ փրոֆ. Տեպոնէի հետ՝ Փարիզ, եւ թղթակցութեամբ մարզական դասեր կ'առնէ անկէ։ Միաժամանակ կը զարգացնէ իր մարմինը։ Յակոբեան օրըստօրէ խանդավառուելով՝ կը ջանայ Ռոպէրթ Քոլէճէն դուրս եւս զբաղիլ ֆիզիքական դաստիարակութեան գործով։ Պոյաճը գիւղին մէջ ան կը կազմէ «Պալթա-Լիման» անունով ֆութպոլի խումբը, որ առաջին հայկական խումբը կ'ըլլայ Պոլսոյ մէջ եւ անուանի կը դառնայ։

Սահմանադրութեան շրջանին, ուրիշ վեթերաններու հետ, Շաւարշ Քրիսեանին կը թելադրէ հրատարակել թերթ մը, ինք եւս յանձն առնելով նիւթական զոհողութիւններ։

Սկիւտարի մէջ, ան կը կազմէ սկաուտական խումբ մը, ու վարիչը կ'ըլլայ Սկիւտարի Հայ Մարզարանին, երբ Մկրտիչ Մկրեան Եւրոպա կը մեկնի։ Զինադադարին, երբ Գրիգոր Յակոբեանի հրաւէրով Պոլսոյ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչները հիմը կը դնեն Հ.Մ.Ը.Մ.ին, ան կը դառնայ հայ սկաուտներու պետը, ներկայացնելով դասախօսութիւններ եւ ղեկավարելով մարզական վարժութիւններ։ Յակոբեան կը մահանայ 1938-ին, Փարիզ։

Տարածենք