ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ

ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ

ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ

Շաւարշ Քրիսեան ծնած է Պէշիկթաշ, 22 Յուլիս 1886-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է նոյն թաղի Մաքրուհեան երկսեռ վարժարանը։ 1897 Սեպտեմբեր 6-ին, եղբայրը զինք կ'ուղարկէ Պարտիզակ՝ Ամերիկեան Բարձրագոյն Վարժարան, իբրեւ գիշերօթիկ։ Հոնկէ կը փոխադրուի Ռոպէրթ Քոլէճ (Պոլիս), ուր իր մէջ կը ծնի մարզանքի հանդէպ բուռն սէր մը։ Այնտեղ կը գտնէ նաեւ Գրիգոր Յակոբեանը, ապագայ յայտնի մարզիկը եւ ուրիշներ, որոնք ոչ միայն կը քաջալերեն զինք, այլեւ՝ կը թելադրեն մարմնակրթական ասպարէզին նուիրուիլ ամբողջովին։ Քրիսեան Յակոբեանի միջոցով յարաբերութեան մէջ կը մտնէ Փարիզի լիսէ Ժանսոնի անուանի վարիչ փրոֆ. Տեպոնէի հետ, թղթակցութեամբ հետեւելով մարմնակրթանքի անոր դասերուն։ 1906-ԻՆ կը մեկնի Փարիզ, ուր յիշեալ ուսուցիչին դասընթացքներուն կը հետեւի վեց ամիս։ Ապա, ընկերներուն օժանդակութեամբ կ'անցնի Լոնտոն, ուր կը մնայ երկուքուկէս տարի, իր ազատ ժամերուն հետեւելով մարզանքի։ 1909-ին կը վերադառնայ Պոլիս։

Քրիսեան զանազան վարժարաններու մէջ կը ստանձնէ մարզանքի ուսուցչութեան պաշտօններ, միաժամանակ աշխատելով որ թաղերու մէջ բացուին մարզարաններ։ Ան կը ջանայ մարմնակրթութեան ճաշակը եւ սէրը տարածել հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն եւ դասակարգերուն մէջ, իրեն խորհրդատու եւ գործակից ունենալով մարմնակրթանքի նուիրուած անձեր։ Անոնց շնորհիւ է, որ Քրիսեան կը ձեռնարկէ «Մարմնամարզ»ի հրատարակութեան։

Թերթը կորիզ մըն էր։ Ան կ'ըլլայ այդ կորիզին ամէնէն տենդոտ աշխատողներէն մէկը։ Շարժումը սկսած էր, պէտք էր կազմակերպել եւ կանոնաւորել զայն։ Քրիսեան կը շարունակէ ընթանալ որդեգրուած ճամբէն, առանց ընկրկելու։

Քրիսեան գործի կը ձեռնարկէ այնպիսի ժամանակի մը, երբ իր շուրջ չէին պակսեր բազուկի մարդեր։ Գաղափարը կար, ինչպէս եւ գործը, սակայն, կղզիացած ձեւով։ Իւրաքանչիւր մարզական խումբ, ինքն իր մէջ, իր խումբին համար էր։ Ան կը յաջողի օգտուիլ գոյութիւն ունեցող ատաղձէն եւ մէկ տեղ հաւաքելով տարբեր ուղղութիւններով ուժերը, կը բերէ եւ իր «Մարմնամարզ» թերթին շուրջ կը համախմբէ զանոնք։ Քրիսեան, 1911-ին, պարբերականին միջոցով կը քարոզէ հայ իգական սեռը եւս մարզել, եւ դպրոցներէ ներս մարզանքը պարտադիր դարձնել։ Ան կ'առաջադրէ նաեւ մինչ այդ գոյութիւն ունեցող հայ մարզական միութիւններն ու ֆութպոլի խումբերը համադաշնակցութեան մը շուրջ հաւաքել։

1914-ին, Ա. Աշխարհամարտի աղէտալի օրերուն, Շաւարշ Քրիսեան կը դիմէ ֆրանսական հիւպատոսարան, ֆրանսական բանակին կամաւոր արձանագրուելու. կ'ընդունուի։ Բայց հիւանդութեան մը պատճառով, Պոլիսէն մեկնումը կ'ունենայ յապաղում մը, որ այնքա՜ն ճակատագրական հետեւանք կ'ունենայ։ Բազմաթիւ մտաւորականներու հետ ան եւս կ'աքսորուի եւ Այաշի մէջ կը նահատակուի, հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն մը ստեղծելու իր երազը առանց իրականացնելու։

Տարածենք