«Կամաւոր»ը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային սկաուտական ելեկտրոնային պաշտօնաթերթն է, որ կը հրապարակուի երկլեզու (հայերէն, սպաներէն), 9 էջով։

«Կամաւոր»ը կը հրապարակուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի մասնաճիւղերու խմբապետներու ընդհանուր ժողովին որոշումով (Փետրուար 2016), Հարաւային Ամերկայի շրջանի սկաուտութեան ձայնը տարածելու նպատակով։ Թերթը կ’առաջադրէ շրջանային եւ մասնաճիւղային մակարդակի կատարուող սկաուտական աշխատանքներու մասին լուրեր փոխանցել եւ ժողովուրդին ծանօթացնել։

«Կամաւոր»ի առաջին թիւով ներկայացուած են՝
   - Հարաւային Ամերիկայի մասնաճիւղերու խմբապետական երկրորդ ժողովը։
   - Հարաւային Ամերիկայի շրջանային խմբապետական սեմինարը։
   - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոնթէվիտէոյի «Կամք» սկաուտական միութեան, Գորտոպայի «Արագած» եւ Պուէնոս Այրէսի «Արարատ» սկաուտական խումբերուն նոր տարեշրջանի գործունէութեան բացման հանդիսութիւնները։
   - «Արարատ» սկաուտական խումբի 60-ամեակի հանդիսութիւնը։

«Կամաւոր»ի մէջ տեղ գտած է նաեւ Արժանթինի ազգային սկաուտութեան խմբապետ Խերարտօ Մ. Մադէի «Ապրիլ» խորագրեալ ուղերձը՝ Եղեռնի 101-ամեակին առիթով, ուղղուած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն։

«Կամաւոր»ի իւրաքանչիւր նիւթ տրուած է հայերէն եւ սպաներէն, կողք-կողքի, նոյն էջով եւ համապատասխան նկարով։

Տարածենք